Պատգամներ, պատգամներ...

Հա­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան 109-ամեակի առ­­­թիւ Գուզկունճուք թա­­­ղի Սուրբ Գրի­­­գոր Լու­­­սա­­­­­­­ւորիչ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ կա­­­յացաւ հո­­­գեհանգստեան Ս. Պա­­­տարագ, ի յի­­­շատակ սրբա­­­դասո­­­ւած զո­­­հերու հո­­­գինե­­­րու խա­­­ղաղու­­­թեան։

Այս առ­­­թիւ ըն­­­թերցո­­­ւեցաւ Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Նա­­­խագահ Ռե­­­ճեփ Թայ­­­յիպ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի սրբա­­­զան Պատ­­­րիարք Հօր մի­­­ջոցաւ երկրի հա­­­մայն հա­­­յու­­­թեան ուղղեալ պատ­­­գա­­­­­­­մը։

Ինչպէս նա­­­խորդ տա­­­րինե­­­րուն, Նա­­­խագա­­­հը այս տա­­­րի ալ օրո­­­ւան իմաս­­­տը ընդլայ­­­նած է հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին Ա. պա­­­տերազ­­­մի բո­­­լոր զո­­­հերուն ցա­­­ւակ­­­ցե­­­­­­­լով։

Օրո­­­ւայ առ­­­թիւ զա­­­նազան­­­նե­­­­­­­րու կար­­­գին պատ­­­գամներ հրա­­­պարա­­­կեցին նաեւ ԱՄՆ Նա­­­խագահ Պայ­­­տըն եւ ՀՀ Վար­­­չա­­­­­­­պետ Փա­­­շինեան։

Պա­­­տարա­­­գի ըն­­­թացքին ըն­­­թերցո­­­ւած է նաեւ Պատ­­­րիարք Սրբա­­­զանի պատ­­­գա­­­­­­­մը, որ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք ներ­­­քեւ, որոշ յա­­­պաւումնե­­­րով։

*

Այ­­­սօր 24 Ապ­­­րիլ է։ Տխրահռչակ օրն է յի­­­շատակ­­­ման՝ մեր ազ­­­գի դար մը առաջ ապ­­­րած սոս­­­կա­­­­­­­լի ող­­­բերգու­­­թեան։ Մեր պատ­­­մութեան ամե­­­նէն թանձրա­­­խաւար շրջա­­­նի մը սկիզ­­­բը խորհրդան­­­շող չա­­­րաղէտ թո­­­ւական մը, որ կը ծրէ կրկին մեր գլուխնե­­­րը գե­­­տին, սրտաճմլիկ խորհրդա­­­ծելու հա­­­մար զգա­­­յացունց պա­­­տահար­­­նե­­­­­­­րը։

Այ­­­սօր մենք կ՚անդրա­­­դառ­­­նանք Ա. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին Պա­­­տերազ­­­մին ու այս աշ­­­խարհա­­­ւեր պա­­­տերազ­­­մի տա­­­րինե­­­րուն ապ­­­րո­­­­­­­ւած ող­­­բերգու­­­թեան, քա­­­նի որ այս պա­­­տերազ­­­մի շրջա­­­նը կա­­­րեւոր ան­­­կիւնա­­­դարձ մը եղած է մեր ժո­­­ղովուրդին հա­­­մար, իր անու­­­րա­­­­­­­նալի հե­­­տեւանքնե­­­րով, զոր ծա­­­նօթ է մե­­­զի «Մեծ Եղեռն» յոր­­­ջորջու­­­մով։

Ժո­­­ղովուրդ մը որ մե­­­ծաւ մա­­­սամբ խա­­­ղաղ կե­­­ցու­­­թեամբ հա­­­ւատա­­­րիմ քա­­­ղաքա­­­ցին էր այն կայսրու­­­թեան, որուն զար­­­գացման հա­­­մար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժո­­­ղովուրդ մը, մե­­­զի հա­­­մար ան­­­հասկնա­­­լի պատ­­­ճառնե­­­րով մշա­­­կուած ու զար­­­գա­­­­­­­ցած քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան մը հե­­­տեւան­­­քով պո­­­կուած էր իր դա­­­րաւոր բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րէն։

Տա­­­րագ­­­րութիւն բա­­­ռը իր ամե­­­նացա­­­ւառիթ երան­­­գա­­­­­­­ւորումնե­­­րով նախ­­­շո­­­­­­­ւած է մեր հա­­­յեցի ինքնու­­­թեան վրայ։ Այդ դժբախտ կի­­­րար­­­կումը իր հետ բե­­­րած է վան­­­քե­­­­­­­րու դա­­­տար­­­կա­­­­­­­ցում, աղօ­­­թատե­­­ղինե­­­րու ամա­­­յացում՝ հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րէն, վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու զրկում՝ ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րէն ու աշա­­­կերտնե­­­րէն, առ հա­­­սարակ բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րը՝ իրենց բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րէն։

Ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ մատ­­­նո­­­­­­­ւեցան ող­­­բա­­­­­­­լու իրենց ծնո­­­ղակո­­­րոյս եւ որ­­­դե­­­­­­­կորոյս վի­­­ճակ­­­նե­­­­­­­րը։ Այ­­­րեր եւ կի­­­ներ, ծե­­­րեր եւ տղա­­­ներ, երի­­­տասարդներ եւ կոյ­­­սեր հար­­­կադրո­­­ւեցան ըն­­­թա­­­­­­­նալ մա­­­հաբոյր ճա­­­նապար­­­հէ մը։ Այ­­­սինքն ժխտա­­­կան վի­­­ճակ մը, որուն հե­­­տեւան­­­քով ժո­­­ղովուրդ մը հար­­­կադրո­­­ւած էր իր խո­­­ցուած սրտին մէջ կրել ան­­­դառնա­­­լի ու ան­­­դարմա­­­նելի կո­­­րուստնե­­­րու ցա­­­ւը հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր հա­­­զար­­­նե­­­­­­­րով։

Այս դէպ­­­քը Անա­­­տոլո­­­ւի տա­­­րած­­­քին ժո­­­ղովուրդնե­­­րու խա­­­ղաղ հա­­­մակե­­­ցու­­­թեան եւ կողք կող­­­քի ապ­­­րե­­­­­­­լու փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեան մեծ վնաս պատ­­­ճա­­­­­­­ռած է։ Այս ան­­­կիւնա­­­դար­­­ձին հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին թա­­­փուած ճակ­­­տի քրտինքնե­­­րու ար­­­դիւնքնե­­­րը ան­­­հե­­­­­­­տացած, նոյ­­­նիսկ առ­­­յա­­­­­­­ւէտ կորստեան մատ­­­նո­­­­­­­ւած են։

Ի սփիւռս աշ­­­խարհի ցրո­­­ւած մեր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ, սփիւռքը՝ որ իր մէջ կը պար­­­փա­­­­­­­կէ հայ ժո­­­ղովուրդի եր­­­կու եր­­­րորդը, դար­­­ձած է ըն­­­կե­­­­­­­րաբա­­­նական ճշմար­­­տութիւն մը։

Դա­­­րերու ընդմէ­­­ջէն ըն­­­թա­­­­­­­ցած աշ­­­խարհի պատ­­­մութեան թա­­­տերա­­­բեմին վրայ չէ եղած շրջան մը, ուր պա­­­տերազմներ պա­­­տահած չըլ­­­լան։ Ար­­­ցունքն ու սու­­­գը եղած է պա­­­տերազմնե­­­րու հա­­­սարա­­­կաց յայ­­­տա­­­­­­­րարը, առանց նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալու թէ ո՞ր կող­­­մը դուրս եկած է յաղ­­­թա­­­­­­­կան եւ կամ պար­­­տո­­­­­­­ւած։ Բնա­­­կանա­­­բար մեր իրա­­­կանու­­­թեան մէջ բա­­­ցուած մեծ վէր­­­քե­­­­­­­րը աւե­­­լի շատ կ՚արիւ­­­նին։

Բայց եւ այնպէս միայն իր ցա­­­ւերը գիտ­­­նալ եւ անոնց մա­­­սին ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւիլը այս հո­­­ղերու վրայ ապ­­­րած ժո­­­ղովուրդնե­­­րու ամե­­­նամեծ թե­­­րու­­­թիւննե­­­րէն մին է։ Հա­­­յեր եւ այլ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ ժո­­­ղովուրդներ՝ յոյ­­­ներ, ասո­­­րիներ, քաղ­­­դէացի­­­ներ, հրեաներ, իս­­­լամ ժո­­­ղովուրդներ՝ թուրքեր, քիւրտեր, արաբ­­­ներ, չէր­­­քէզներ, պոշ­­­նաքներ, լա­­­զեր, ռո­­­ման­­­ներ եւ այլք, բո­­­լորը ու­­­նին դառն, մա­­­շած եւ մեծ վէր­­­քե­­­­­­­րով լի պատ­­­մութիւններ, որոնք թա­­­ղուած են այս հո­­­ղերուն տակ։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը, որ վի­­­րաւո­­­րուած է ծան­­­րա­­­­­­­պէս եւ կամ նո­­­ւազ չա­­­փով, ու­­­նի իր «ջարդ»ի պատ­­­մութիւ­­­նը։ «Կրա­­­կը ուր որ իյ­­­նայ, հոն կ՚այ­­­րէ» ասու­­­թեան ուղղու­­­թեամբ, այ­­­սօր մեր պատ­­­մութիւ­­­նը կը պատ­­­մենք։ Մեր ող­­­բե­­­­­­­րուն ունկնդիր, մեր կո­­­րուստնե­­­րուն նկատ­­­մամբ հա­­­մակ­­­րա­­­­­­­կան մեր­­­ձե­­­­­­­ցում ցու­­­ցա­­­­­­­բերող բա­­­րեկամ սրտեր գտնել կը փա­­­փաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք անոնց պատ­­­մութիւննե­­­րը, հաս­­­նինք հա­­­սարա­­­կաց յայ­­­տա­­­­­­­րար­­­նե­­­­­­­րու, որո­­­նենք գոր­­­ծե­­­­­­­լու մի­­­ջոցը եւ ձե­­­ւը որ­­­պէսզի նման դէպ­­­քե­­­­­­­րու յա­­­ռաջաց­­­ման ատակ այս աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան շրջա­­­նէն ներս ան­­­գամ մը եւս այսպի­­­սի ցա­­­ւեր չապ­­­րո­­­­­­­ւին։

Ան­­­ցեալի աղէտ­­­նե­­­­­­­րուն յա­­­ռաջա­­­ցու­­­ցած վէր­­­քե­­­­­­­րու յոր­­­ձանքէն պէտք է ուշ կամ կա­­­նուխ ձեր­­­բա­­­­­­­զատո­­­ւիլ։ Սուգ պա­­­հելը ապա­­­քին­­­ման ըն­­­թացք մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով հան­­­դերձ, զայն կա­­­րելի չէ ըն­­­կա­­­­­­­լել որ­­­պէս ընդմիշտ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելի վար­­­մունք։ Ահա­­­ւասիկ հա­­­զարա­­­ւոր տա­­­րիներ առաջ նման հա­­­րուած­­­նե­­­­­­­րու տակ տո­­­ւայ­­­տող Իս­­­րա­­­­­­­յէլա­­­ցիներ երբ ան­­­ցեալի դառն յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րէն չէին կրնար ձեր­­­բա­­­­­­­զատուիլ­, Աս­­­տո­­­­­­­ւած Հին Ուխտի մար­­­գա­­­­­­­րէնե­­­րէն Եսա­­­յիի մի­­­ջոցաւ կը յայտնէր, թէ սխալ էր իրենց որ­­­դեգրած յո­­­ռետես կե­­­ցուած­­­քը եւ զա­­­նոնք կը հրա­­­ւիրէր յու­­­սադրո­­­ւելու.

«Առա­­­ջուան­­­նե­­­­­­­րը մի՛ յի­­­շէք, ու հին բա­­­ները մտքեր­­­նիդ մի՛ բե­­­րէք։ Ահա ես նոր բան մը պի­­­տի ընեմ, որ հի­­­մա պի­­­տի յայտնո­­­ւի։ Մի­­­թէ զա­­­նիկա պի­­­տի չգիտ­­­նա՞ք։ Ես անա­­­պատի մէջ ալ ճամ­­­բայ պի­­­տի բա­­­նամ Ու անջրդի երկրի մէջ գե­­­տեր պի­­­տի բղխեց­­­նեմ։ (Եսա­­­յի, 43.18-19)

Այս փա­­­ռաւոր տիեզեր­­­քը ամէն օր նո­­­րանոր հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւննե­­­րով, բո­­­լորո­­­վին նոր հո­­­րիզոն­­­նե­­­­­­­րու կը բա­­­ցուի։ Ժա­­­մանա­­­կը միայն ան­­­ցեալէն ու ներ­­­կա­­­­­­­յէն չէ որ կը գո­­­յանայ։ Ապա­­­գան, հա­­­զարու­­­մէկ անակնկալ­­­նե­­­­­­­րով պատ­­­րաստ է ան­­­հատներն ու ազ­­­գե­­­­­­­րը օրհնե­­­լու։ Անսպա­­­սելի ան­­­կիւննե­­­րէն յոյս կը բղխի։ Բաւ է որ սեր­­­մը կա­­­րենայ ապ­­­րիլ. ան, ժայ­­­ռե­­­­­­­րու մէջ ան­­­գամ իր ճա­­­նապար­­­հը կը գտնէ։ Տիեզեր­­­քի ար­­­դար Տէ­­­րը հար­­­կաւ թէ հա­­­լածո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար «անա­­­պատի մէջ ճամ­­­բայ, անջրդի երկրի մէջ գե­­­տերէ պատ­­­րաստած է։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր օր կը ծնի նոր արե­­­ւածա­­­գով եւ նո­­­րանոր առիթ­­­նե­­­­­­­րով։ Որ­­­պէսզի կա­­­րենանք սոր­­­վիլ մեր նե­­­րոյ­­­ժին վստա­­­հիլ, լա­­­ւագոյնս գի­­­տակ­­­ցիլ մեր ի ձե­­­ռին ու­­­նե­­­­­­­ցած ար­­­ժէքնե­­­րուն, եւ գո­­­հու­­­թիւն ու փառք տալ Աս­­­տուծոյ ան­­­սահման ողոր­­­մութեան փո­­­խարէն, պար­­­տինք ան­­­ցեալի նե­­­ղու­­­թիւննե­­­րը պահ մը մոռ­­­նալ։

Ահա այս իմաս­­­տութեամբ Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեցին 2015 թո­­­ւին, 24 Ապ­­­րի­­­­­­­լի վրա­­­յէն հա­­­րիւր տա­­­րուան սու­­­գի քօ­­­ղը վերցնե­­­լով զայն վե­­­րածած է ար­­­ժա­­­­­­­նաւո­­­րապէս տօ­­­նելի Սրբոց Նա­­­հատա­­­կաց տօ­­­նակա­­­տարու­­­թեան։

Մենք եւս, հե­­­տեւե­­­լով մեր երա­­­նաշ­­­նորհ նա­­­խորդ պատ­­­րիարքնե­­­րուն պի­­­տի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք մեր մաղ­­­թանքնե­­­րը վասն հաշ­­­տութեան, խա­­­ղաղու­­­թեան եւ բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան թուրքե­­­րու եւ հա­­­յերու մի­­­ջեւ։ Պի­­­տի քա­­­ջալե­­­րենք որ վրա­­­յէն 109 տա­­­րիներ ան­­­ցած դէպ­­­քե­­­­­­­րը հա­­­զարա­­­մեայ հա­­­սարա­­­կաց պատ­­­մութեան ցա­­­ւառիթ մէկ բա­­­ցառու­­­թիւնը ըն­­­կա­­­­­­­լելով, յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը ան­­­յա­­­­­­­պաղ հաս­­­տա­­­­­­­տուին դրա­­­ցիական եւ հա­­­սարա­­­կաց շա­­­հու յայ­­­տա­­­­­­­րարած­­­նե­­­­­­­րու հի­­­ման վրայ։

Պար­­­տինք յի­­­շել նաեւ այն ամե­­­նամեծ ճշմար­­­տութիւ­­­նը, ըստ որում մեր ապ­­­րած աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան շրջա­­­նը պար­­­տադրած է որ բա­­­զում ժո­­­ղովուրդներ կողք կող­­­քի եւ իրա­­­րու մէջ գո­­­յատե­­­ւեն։ Ան­­­ցեալէն փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւած հար­­­ցե­­­­­­­րը պէտք է ձեռք առ­­­նել այս լոյ­­­սին ներ­­­քեւ։ Բա­­­րեկա­­­մական կա­­­մուրջներ հաս­­­տա­­­­­­­տել, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ առեւտրա­­­կան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը զար­­­գացնել եւ այս աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան շրջա­­­նը բո­­­լորին հա­­­մար շա­­­հաբեր եւ օրհնա­­­լի սե­­­ղանի մը վե­­­րածել մեր բո­­­լորին եւ ի մաս­­­նա­­­­­­­ւորի քա­­­ղաքա­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րու պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնն է։ Ասոր այ­­­լընտրան­­­քը բա­­­խումնե­­­րով ու պա­­­տերազմնե­­­րով զի­­­րար սպա­­­ռող, աղ­­­քա­­­­­­­տանա­­­լով խո­­­պանա­­­ցած աշ­­­խարհագ­­­րութիւնն է։

Թուրքիոյ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Պատ­­­մութեան մէջ Վսե­­­մաշուք Նա­­­խագահ Ռե­­­ճեփ Թայ­­­յիպ Էր­­­տո­­­­­­­ղան եղաւ եզա­­­կան դէմ­­­քը, որ թէ ան­­­ցեալին որ­­­պէս վար­­­չա­­­­­­­պետ եւ թէ յե­­­տագա­­­յին որ­­­պէս հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագահ այս յի­­­շատա­­­կու­­­թեանց առ­­­թիւ հրա­­­պարա­­­կեց պատ­­­գամներ։ Այս պատ­­­գամնե­­­րուն մէջ դրսե­­­ւորո­­­ւած է ցա­­­ւակ­­­ցա­­­­­­­կան ոգի, նաեւ տա­­­րագ­­­րութեան դժբախ­­­տութիւ­­­նը ապ­­­րե­­­­­­­լով իրենց կեան­­­քե­­­­­­­րը կո­­­րու­­­սած մեր ազ­­­գի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րու յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րուն նկատ­­­մամբ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած՝ յար­­­գանք։ Ըստ մե­­­զի այդ բո­­­լորը տե­­­ղին կ՚ըլ­­­լայ ար­­­ժե­­­­­­­ւորել դրա­­­կան քայ­­­լեր, որոնք կրնան ապա­­­գային զար­­­գա­­­­­­­նալ բաղ­­­ձա­­­­­­­լի մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մի մը ի նպաստ։ Վսե­­­մաշուք Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Նա­­­խագա­­­հի թան­­­կա­­­­­­­գին պատ­­­գա­­­­­­­մին հա­­­մար Նո­­­րին Վսե­­­մու­­­թեան կը յայտնենք մեր յար­­­գանքն ու երախ­­­տի­­­­­­­քը,

Մար­­­դոց հա­­­մար ան­­­կա­­­­­­­րելին, կա­­­րելի է Աս­­­տուծոյ հա­­­մար։ Եթէ կը փա­­­փաքինք այս նպա­­­տակին հաս­­­նիլ պէտք է ու­­­նե­­­­­­­նանք բա­­­րի կա­­­մեցո­­­ղու­­­թիւն եւ այս բա­­­րեկա­­­մեցո­­­ղու­­­թեան կցել առ Բարձրեալն Աս­­­տո­­­­­­­ւած առա­­­քուած մեր աղօթքնե­­­րը։

Երբ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք ապ­­­րիլ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի հրա­­­շափառ Սուրբ Յա­­­րու­­­թեան աւե­­­տիսի ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, թող Ամե­­­նաբա­­­րին Աս­­­տո­­­­­­­ւած, Սուրբ Կոյս Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի, եկե­­­ղեց­­­ւոյ հին եւ նոր, ծա­­­նօթ եւ ան­­­ծա­­­­­­­նօթ բո­­­լոր սուրբե­­­րու բա­­­րեխօ­­­սու­­­թեամբ լսէ մեր աղա­­­չանքնե­­­րուն ձայ­­­նը։ Այ­­­լեւս վերջ գտնեն աշ­­­խարհա­­­ւեր պա­­­տերազմնե­­­րը, մարդկա­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րու սպառ­­­նա­­­­­­­ցող կռիւ­­­նե­­­­­­­րը։ Աս­­­տուծոյ սէ­­­րը, ողոր­­­մութիւ­­­նը եւ շնորհնե­­­րը յա­­­ւիտեան թա­­­գաւո­­­րէ ի շի­­­նու­­­թիւն եւ ի բա­­­րօրու­­­թիւն հա­­­մայն աշ­­­խարհի մարդկու­­­թեան, առանց ցե­­­ղի, ազ­­­գի եւ կրօնքի խտրութեան. Ամէն»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ