Սաղ ու բարի գալ տարուան արժանի

Աւարտե­ցաւ եօթը շա­բաթ­ներ տե­ւող Մեծ Պահ­քի շրջա­նը եւ Աւագ Շաբ­թո­ւայ խորհրդա­ւոր օրե­րէ ետք Պոլ­սոյ բո­լոր եկե­ղեցի­ներու մէջ տօ­նական մթնո­լոր­տով յի­շատա­կուե­ցաւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան խոր­հուրդը։

Բա­ցի Սրբա­զան Պատ­րիար­քի նա­խագա­հած Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ արա­րողու­թիւննե­րէն, Պոլ­սոյ զա­նազան թա­ղերու մէջ կա­տարո­ւեցաւ Ս. Պա­տարագ ժո­ղովուրդի խուռնե­րամ բազ­մութեան մաս­նակցու­թեամբ։

Նոյն օրո­ւան կը զու­գա­դիպէր երկրի տա­րած­քին կա­յացող շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը։ Սա­կայն այս մէ­կը ար­գելք չե­ղաւ եկե­ղեցի­ներու հոծ բազ­մութիւննե­րով լե­ցուե­լուն։ Գար­նան պայ­ծառ եղա­նակն ալ Ս. Զատ­կի տօ­նակա­տարու­թիւնը ալ աւե­լի հրճո­ւալի դար­ձո­ւաց մա­նաւանդ արո­ւար­ձաննե­րու եկե­ղեցի­ներ փու­թա­ցող­նե­րուն հա­մար։ Այդ եկե­ղեցի­ները սո­վորա­բար նօս­րա­ցած բնակ­չութեամբ ամէն կի­րակի չէ որ կ՚ապ­րին նման ոգե­ւորու­թիւն։ Բայց այս ան­գամ, յատ­կա­պէս ալ բազ­մանդամ թա­ղերու խու­ճա­պէն ձանձրա­ցող­ներ կը նա­խընտրեն Վոս­փո­րի ափին գտնո­ւող այս տա­ճար­նե­րը աւե­լի հա­րազա­տօրէն ըմ­բոշխնե­լու հա­մար Ս. Պա­տարա­գը։

Պատ­րիար­քա­րանն ալ ընտրու­թիւննե­րու զու­գա­դիպե­լու պատ­ճա­ռաւ նա­խընտրեց Պատ­րիար­քա­րանէ ներս կա­յացող Ս. Զատ­կի շնոր­հա­ւորու­թիւննե­րը յե­տաձ­գել յա­ջորդ օրո­ւայ, որ­պէսզի քա­ղաքա­ցիներ առիթ ու­նե­նան ընտրու­թիւննե­րու մաս­նակցե­լով իրենց քա­ղաքա­ցիական պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ