«Պիթըլզ»ը` 53 տարի ետք

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1962-ին, Լի­­վըր­­փուլ քա­­ղաքէն չորս դե­­ռահաս երի­­տասարդներ, Beatles խումբը կազ­­մե­­­լով, ոչ միայն հռչա­­կաւոր դար­­ձան, այլ նաեւ յե­­ղափո­­խու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցու­­ցին թէ՛ ռոք երաժշտու­­թեան եւ առ­­հա­­­սարակ արեւմտեան եր­­գա­­­րուես­­տին մէջ։ Անոնց եր­­գե­­­րը իրենց երաժշտու­­թեան պար­­զութեամբ եւ ներ­­կա­­­յաց­­ման ձե­­ւով յե­­ղաշրջե­­ցին մինչ այդ ըն­­դունո­­ւած չա­­փանի­­շերը։ Անոնց հռչա­­կը տա­­րածո­­ւեցաւ աշ­­խարհի չորս կող­­մը եւ դար­­ձան սի­­րելի­­ները մի­­լինա­­ւոր­­նե­­­րու։

Անգլիացի այս չորս երի­­տասարդնե­­րուն ոդի­­սակա­­նը եր­­կար չտե­­ւեց։ 1967-ին, խումբին տնօ­­րէն Էփշթայ­­նի կան­­խա­­­հաս մա­­հէն ետք, տա­­րակար­­ծութիւններ սկսան խումբին հիմ­­նա­­­կան եր­­կու անձնա­­ւորու­­թիւննե­­րուն՝ Ճոն Լե­­նընի եւ Փօլ Մըք­­Քարթնիի մի­­ջեւ։ Առա­­ջին հեր­­թին խումբը դադ­­րե­­­ցաւ հա­­մերգներ տա­­լէ։ 1970ին հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ անոնց վեր­­ջին ալ­­պո­­­մը՝ Let It Be-ն, որ­­մէ ետք խումբը միան­­գա­­­մընդմիշտ բաժ­­նո­­­ւեցաւ։

2 Նո­­յեմ­­բեր 2023-ին, «Պի­­թըլզ»ը նոր պատ­­մութիւն կեր­­տեց, երբ խումբին չորս ան­­դամնե­­րուն (եր­­կուքը մա­­հացած) մաս­­նակցու­­թեամբ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցաւ Լե­­նընի հե­­ղինա­­կած եր­­գը։ Միաժա­­մանակ պատ­­րաստուեցաւ նոր տե­­սանիւթ մը եւ տե­­ղադ­­րո­­­ւեցաւ «Եու­­թուպ»ի վրայ։ Քա­­նի մը շաբ­­թո­­­ւան ըն­­թացքին դի­­տումնե­­րու քա­­նակը ան­­ցաւ 40 մի­­լիոնը։ Ան­­կասկած որ դի­­տումնե­­րու այս քա­­նակին մէջ դե­­րակա­­տար է «Պի­­թըլզ»ի սի­­րահար­­նե­­­րուն կա­­րօտախ­­տը։

Բայց եւ այնպէս Լե­­նընի գրած այս եր­­գը իր ոճով եւ մե­­ղեդայ­­նութեամբ, փոք­­րիկ կտոր մը եւ վեր­­յուշ մըն է պի­­թըլ­­զեան եր­­գե­­­րու ոճէն եւ երաժշտա­­կան աշ­­խարհէն։ Լե­­նընէն ետք Մըք­­Քարթնիի կա­­տարած դաշ­­նա­­­ւորու­­մը բարձր ճա­­շակի եւ մա­­կար­­դա­­­կի հաս­­ցուցած են այս եր­­գը։ Այս իրո­­ղու­­թիւնը ան­­գամ մը եւս կը փաս­­տէ թէ Լե­­նըն-Մըք­­Քարթնի հա­­մատեղ զոյ­­գը կը մնայ արեւմտեան եր­­գա­­­րուես­­տին մէջ ամէ­­նէն յա­­ջողա­­կը։

Խումբին ան­­դամնե­­րէն Ճորճ Հէ­­րիսըն, տա­­կաւին 40 տա­­րիներ առաջ, իր տո­­ւած մէկ հար­­ցազրոյ­­ցին մէջ ըսած էր. «Պի­­թըլզ»ը պի­­տի գո­­յատե­­ւէ նոյ­­նիսկ առանց մե­­զի»։

Իրենց ծնունդէն 60 տա­­րի ետք, չորս լի­­վըր­­փուլցի­­ները, եր­­կուքը ան­­դե­­­նակա­­նէն, եր­­կուքը ար­­դէն ալե­­հեր պա­­պիկ­­ներ, ան­­նա­­­խըն­­թաց իրա­­գոր­­ծում մը կա­­տարե­­ցին եր­­գա­­­րուես­­տի մար­­զին մէջ, ձա­­յանգրե­­լով եւ նկա­­րահա­­նելով իրենց նոր եւ վեր­­ջին եր­­գը եւ եր­­գա­­­րուես­­տի աշ­­խարհին նո­­ւիրե­­լով պի­­թըլ­­զեան նոր գո­­հար մը։

Now And Then-ը պի­­տի ըլ­­լայ «Պի­­թըլզ»ի կա­­րապի եր­­գը։

(Աս­­պա­­­րէզէ ամ­փո­փուած)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ