ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իրողութիւնը ցաւեցնող է

Գիտեմ որ վա­յել չէ յա­ճախ դի­մել «Ես ըսած էի» ափ­սո­սան­քին։ Սա­կայն ինչ ընես որ զար­գա­ցումնե­րը ակա­մայ կը յու­շեն այդ ան­վա­յել ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Երբ բա­նակ­ցութիւննե­րը Հա­յաս­տա­նի գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան կը պար­տադրեն պաշ­տօ­նապէս ճանչնալ Ատրպէյ­ճա­նի հո­ղային ամ­բողջու­թիւնը, մենք պի­տի աղեր­սենք ար­ցա­խահա­յու­թեան անվտան­գութեան երաշ­խի­քը։

Ալիեւ շատ յստակ ար­տա­յայ­տո­ւած էր այս մա­սին։ «Ար­ցա­խահա­յու­թիւնը կամ կը յօ­ժարի իմ երկրի քա­ղաքա­ցի ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, կամ ալ կը լքէ այս տա­րած­քը» ըսած էր ան։

Պահ մը յի­շենք մօտ ան­ցեալը, երբ ներ­կայ նա­խագա­հի հայ­րը նոյն ար­ցա­խահա­յու­թեան կը խոս­տա­նար աշ­խարհի վրայ նմա­նը չու­նե­ցող ինքնա­վարու­թիւն, պայ­մա­նաւ որ անոնք հրա­ժարէին ան­կախ պե­տու­թիւն հիմ­նե­լու կամ Հա­յաս­տա­նի միանա­լու իրենց պա­հանջնե­րէն։

Այդ օրե­րու յաղ­թա­նակած տրա­մադ­րութիւ­նով ոչ ոք նկա­տի առաւ Հայ­տար Ալիեւի այդ խոս­տումը։

Մեր մօտ տի­րողը յաղ­թա­նակի տրա­մադ­րութիւնն էր, չը­սելու հա­մար ամ­բարտա­ւան շփա­ցածու­թիւնը։ Ան­ցեալին բա­զում ան­գամներ գրած ենք պար­տո­ւածի հո­գեբա­նու­թիւնը եւ ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը նո­ւաս­տացնե­լու ան­պա­տեհու­թիւննե­րու մա­սին։ Ըստ երե­ւոյ­թի նման խոր­հուրդնե­րը լսե­լու ժա­մանա­կը չէր, քա­նի որ հա­ւաքա­բար տա­րուած էինք դա­րեր ետք հող նո­ւաճե­լու մո­լուցքէն։

Յի­շենք այդ օրե­րը, երբ հայ­րե­նի երկրի յու­զա­կան աշ­խարհը նկա­րագ­րող մեր եր­գիչ-երգչու­հի­ները զի­նուո­րական հա­մազ­գեստով բեմ կը բարձրա­նային եւ դա­րերու ըն­թացքին զար­գա­ցած հա­յահունչ երաժշտու­թիւնը մէկ կողմ թո­ղելով կը գո­ռային՝ «Հէ՜յ», «Հո՜յ» բա­ցագան­չութիւննե­րով։

Այս պա­հուն պար­տինք խոս­տո­վանիլ թէ մօտ 70-ամեայ խորհրդա­յին պե­տակա­նու­թե­նէ ետք իբ­րեւ հա­ւաքա­կանու­թիւն ամ­բողջո­վին ան­պատրաս­տից գտնո­ւեցանք եր­րորդ հան­րա­պետու­թեան ընդձե­ռած ան­կախ պե­տակա­նու­թիւնը դի­մագ­րա­ւելու հա­մար։

Ան­հա­տական կամ կու­սակցա­կան շա­հերը գե­րազան­ցող պե­տական մտայ­նութիւ­նը եւ անոր կա­ռոյցնե­րը բա­ցակա­յեցան մեր իրո­ղու­թե­նէն։ Քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րեցինք միայն ու միայն օրո­ւայ հրա­մայա­կան­նե­րը գո­հաց­նե­լու նպա­տակաւ։ Չու­նե­ցանք եր­կա­րատեւ աշ­խարհա­յեացք եւ այդ զրկան­քը բա­ւակա­նին սուղ ար­ժեց բո­լոր ազ­գի հա­մար։

Որ­քան ցա­ւալի է հաս­տա­տել, թէ կա­տարո­ւած բո­լոր սխալ­նե­րը գոր­ծադրո­ւեցան մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ Դի­տեցինք հսկայ գոր­ծա­րան­նե­րու թա­լանու­մը։ Առանց գի­տակ­ցե­լու այդ թա­լանո­ւածին երկրի սե­փակա­նու­թիւնը ըլ­լա­լու իրողու­թեան, յի­մարօ­րէն կար­ծե­ցինք թէ սո­վետա­պատ­կան հարստու­թիւնն է, որ կը յափշտա­կուի մե­րոնց՝ թա­ղի աղո­ւոր տղեր­քի ձեռ­քով։

Նոյն յի­մարու­թիւնով «հող տո­ւող» կո­չեցինք հա­կառա­կոր­դի հետ բա­նակ­ցութիւններ վա­րելով խա­ղաղու­թիւն ապա­հովե­լու ջան­քե­րը։

Երբ ազ­գով մէկ գլխի­կոր ամօթ­խա­ծու­թեամբ կը լսէինք Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագա­հի յան­դի­մանու­թեան բնոյ­թով քննա­դատու­թիւննե­րը, եր­բեմնի պո­ռոտա­խօս­նե­րը նոյն թա­փով փո­ղոց իջած էին իւ­րա­քան­չիւրս, յատ­կա­պէս ալ ժո­ղովրդա­կան յե­ղափո­խու­թիւնով վար­չա­պետի աթո­ռին դա­տապար­տո­ւած Փա­շինեանը «դա­ւաճան» հռչա­կելու հա­մար։

Տա­կաւին պի­տի շա­րու­նա­կենք հա­յեցի գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մը բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռած փոր­ձանքնե­րը դի­մագ­րա­ւելու։

pakrates@yahoo.com