ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
20Յունուար ուրբաթ երեկոյ Սուրբ Յակոբ Ոսկեբերան Եկեղեցին տեղի ունեցաւ բացատրական բնոյթով ժողով մը, որ նիւթ կ՚ունենար Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի շինութեան խնդիրը։
Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի տարածքին կատարուող շինարարական աշխատանքի ընթացքին վնասուած էր հիւնադանոցի շէնքը։ Վերակառուցուելու համար 2014-ին փլցուած շէնքին փոխարէն նորը կառուցել կարելի չէր եղած, շինութիւնը ստանձնող պելկիական ընկերութեան հետ ծագած անհամաձայնութեան պատճառով։ Խնդիրը փոխանցուած էր դատարան եւ դատարանը արդար գտած էր Սուրբ Յակոբի հոգաբարձութեան պահանջը։ Ընկերութիւնը այս վճիռին դէմ առարկութիւնը փոխանցած էր Վճռաբեկ Ատեան։ Սակայն այս վերջինն ալ հաստատեց դատարանի վճիռը եւ Փետրուան ամսուան յետաձգեց նախագիծը յանձնելու թուականի ճշդումը։
Այսպէս պելկիական ընկերութիւնը եթէ հրաժարի շինութիւնը աւարտելէ, 33 միլիոն ԱՄՆ տոլար պիտի հատուցէ հոգաբարձութեան։