Հրանդ Տինք Հիմնարկի յարատեւ աշխատութիւններէն է մամուլի միջոցով կատարուած ատելութեան ցանկագրումը։ Վերջերս հրապարակուեցաւ 2019 թուի մամուլի մէջ ատելութեան պատգամներու տեղեկագիրը։ Տեղեկագրին մէջ տեղ գտած են լուրերու կամ յօդուածներու միջոցաւ կատարուած ատելութիւնները իրենց որակային եւ քանակային ուսումնասիրութեամբ։ Բացի այդ տեղեկագրին կցուած է նաեւ քիւրտերու դէմ ատելութեան մասին թղթածրար մը, որ հիմք կ՚ունենայ 2019-ի Շրջանային Վարչութիւններու ընտրութեան պահուն կատարուած ատելութիւնները։
Հիմնարկը այս ցանկագրումը կը կատարէ ուսումնասիրելով երկրի տարածքին ընթերցուող բոլոր թերթերը եւ շրջանային տարածութիւն ունեցող մօտ 500 մամուլ։ Տեղեկագիրը կը մատնանշէ որ կատարուած աշխատութեան արդիւնքին պարզուած է թէ ամէն օր կը կայանայ միջին հաշուոյ 17 ատելութեան պատգամ։ Այդ պատգամները ուղղուած կ՚ըլլան ընդհանուր առմամբ 80 ազգային կամ կրօնական խմբակներու։ Անոնց մէջ առաջին հնգեակը կը կազմեն հայերը, ասորիները, յոյները, հրեաները եւ հոռոմները։
Մամուլի հետապնդման աշխատանքները նաեւ կը պարզեն ատելութեան պատգամներու գործածութեան համեմատական տուեալներ։ 2017 եւ 2018-ին ստուգուած ատելութեան պատգամներուն մէջ թշնամութիւնը եւ պատերազմի սպառնալիքը կը կազմէին ընդհանուրի 12 եւ 16 տոկոսները։ Իսկ այս տարի նոյն սահմանումով գնահատուած ատելութեան պատգամները կը գերազանցեն %18։ Գրաւոր մամուլի մէջ ստուգուած խտրականութիւնը եւ ատելութեան պատգամները ափսոս որ կը վտանգեն տարբեր ազգութիւններու կամ հաւատքներու համատեղ գոյադրութիւնը եւ կը սրեն ընկերութեան մէջ բեւեռացումը։ Կը մաղթենք որ նոյն աշխատութիւնը այս ուղղութեամբ գիտակցութիւն մը յառաջացնէ։ Տեղակագիրը ուսումնասիրելու համար կարելի է այցելել. http://redrand.ly/2019YillikRapor