Պոլսոյ պատմական Էսաեան վարժարանը իր դարաւոր անցեալին մէջ անգամ մը եւս դուրս կու գայ հետզհետէ ճգնաժամի վերածուած տնօրէնի նշանակման հարցէն։ Ուսման նախորդ տարեշրջանի աւարտին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անակնկալ որոշումով վերջ տրուած էր վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիներու պաշտօնին։ Նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Արլին Եշիլթեփէի եւ երկրորդական բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի հանդէպ այս անպատշաճ վերաբերումը ընդվզում յարաջացուցած էր վարժարանի նախկին շրջանաւարտներու եւ հասարակութեան մօտ։
Թաղականութեան որդեգրած լուռ պահուածքը տեղի տուած էր զանազան բանբասանքներու։ Մանաւանդ որ չէր յստակացած պաշտօնազրկուած տնօրէններու յաջորդողներու անունները։ Ընդհակառակ, մամուլի էջերուն յայտնուող տնօրէն փնտռելու մասին ծիծաղաշարժ ծանուցումով թաղականութիւնը անգամ մը եւս դիրախը դարձաւ ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած քննադատութիւններուն։
Այս զարգացումներու հետեւանքով կարգ մը ծնողներ նախընտրած են իրենց զաւակներուն արձանագրութիւնը փոխադրել այլ դպրոցներ։
Այս պահուն թէեւ թաղականութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ կատարած, սակայն արդէն իսկ յստակացած է պաշտօնակոչուած երկու անուններ։ Այսպէս նախակրթարանի բաժնի տնօրէն նշանակուած է Տատեան վարժարանի նախկին ուսուցչուհի Անիլտա Մենեքշէ եւ երկրորդական բաժնի տնօրէն նշանակուած է Էսաեան, Պէզճեան եւ Տատեան վարժարաններու երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչա։
Նախակրթարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Անիլտա Մենեքշէ ինք եւս Էսաեանի շրջանավարտ է։ Աւարտած է Հասան Ալի Եիւճելի անուան մանկավարժական բաժնի ուղղորդութեան եւ հոգաբանութեան բաժինները։ Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Տատեան վարժարանի մէջ։
Իչլինալչա իր ուսուցչական վաստակի կողքին ծանօթ է նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարած դպրութեան պաշտօնով։ Այս կէտը յատկապէս նշելու արժանի է, քանի որ Մուրատ Իչլինալչա իր դպրութեան կոչումը յաջողած է բարձրացնել ակադէմական մակարդակի, մասնագիտանալով Համբարձումեան ձայնանիշերու վերծանման աշխատանքին մէջ։ Մուրատ Իչլինալչա անցեալին արտասահմանեան երկիրներու մէջ իր ներկայացումներով ծանօթ է նաեւ յատկապէս տոհմիկ երաժշտութեան շրջանակներուն, որոնց ծանօթացուցած էր հայ հոգեւոր երաժշտութեան աւանդական կատարումները եւ շարականները։
Կը տեղեկանանք թէ Անիլտա Մենեքշէի տնօրէնութիւնը 3 Սեպտեմբերին վաւերացուած է Կրթութեան նախարարութեան կողմէ, իսկ Իչլինալչայի տնօրէնութիւնն ալ կ՚ակնկալուի որ շուտով վաւերանայ։