ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարիին անճարակութիւնը

Թէ ան­հա­տական կե­ցուածք եւ թէ «Ակօս» թեր­թի խմբագ­րա­յին սկզբունք կը խու­սա­փինք որե­ւէ ազ­գութեան, կրօն­քի, դա­ւանան­քի հան­դէպ ընդհան­րա­ցումներ ընե­լէ։ Այդ սկզբունքի հի­ման վրայ չենք գոր­ծա­ծեր «հրեանե­րը», «գնչու­նե­րը», «թուրքե­րը», «իս­լամնե­րը», «քրիս­տո­նեանե­րը», «միասե­ռական­նե­րը» եւ նման ընդհան­րա­ցումնե­րը։ Գի­տենք որ այդ ընդհա­նու­րին մէջ միշտ կան ու եղած են տար­բեր բնոյ­թի շեր­տեր եւ հե­տեւա­բար այդ շեր­տե­րու դէմ անար­դա­րու­թիւն է ժխտա­կան ընդհան­րա­ցումնե­րը։

Իր տրա­մաբա­նու­թեան մէջ ամ­բողջո­վին հասկնա­լի այս սկզբունքը շատ ան­գամ կը դժո­ւարա­նայ յատ­կա­պէս երբ նիւ­թը կը հաս­նի պատ­մա­կան վեր­լուծումնե­րու։ Ար­դա­րեւ պատ­մութիւ­նը չու­նի նման սկզբունք եւ վեր­ջին հա­շուով իշ­խա­նու­թիւննե­րու որո­շումնե­րը կը բա­ցատ­րէ ժո­ղովուրդի մը, ազ­գի մը, կրօ­նի մը կամ ցե­ղախումբի մը ընդհա­նու­րին մէջ։

Ճիշդ է, որ այս տե­սակի ընդհան­րա­ցու­մը իր մէջ պի­տի ծնի խտրա­կանու­թեան եւ ատե­լու­թեան բազ­մաբնոյթ երե­ւոյթներ։ Ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուս բո­վան­դակ Եւ­րո­պան կը տա­ռապի իս­լա­մաֆոպ­իա կո­չեցեալ սար­սա­փէ մը։ Թուրքիա՝ աւե­լի քան 200 տա­րի է Եւ­րո­պայի մշա­կոյթն ու կեն­ցա­ղը օրի­նակ առ­նե­լով կը ձգտի արեւմտա­կանաց­ման։ Հո­սանք մը, որ իր դրոշ­մը դրաւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան վեր­ջին եւ հան­րա­պետա­կան շրջա­նի առա­ջին հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րուն վրայ։

Յատ­կա­պէս հան­րա­պետա­կան շրջա­նը կեն­ցա­ղային գետ­նի վրայ ար­գելքնե­րով ու սահ­մա­նափա­կումնե­րով փոր­ձեց հա­սարա­կու­թիւնը ուղղել դէ­պի եւ­րո­պական բար­քեր։ Ան­շուշտ որ նման բռնի ռազ­մա­վարու­թիւնը իր հետ պի­տի բե­րէր հա­կազ­դե­ցու­թեան հսկայ հո­սանք մը, որ այ­սօր կը ներ­կա­յանայ արեւմտեան բար­քե­րու հան­դէպ զգա­լի մեր­ժո­ղակա­նու­թեամբ։ Ու­րեմն կա­րելի է Թուրքիոյ հաշ­ւոյն հա­մար ալ խօ­սիլ արեւմտա­ֆոպիայի մը մա­սին։

Ան­դին կայ շատ աւե­լի տա­րածուն խտրա­կանու­թեան երե­ւոյթներ, որոնցմէ ան­մի­ջապէս կա­րելի է յի­շել հա­կասե­միթ հո­սանքնե­րը։ Թէ քրիս­տո­նեանե­րու եւ թէ մահ­մե­տական­նե­րու մօտ շատ բարձր հա­մեմա­տու­թիւն մը կը կազ­մեն հրեայ ժո­ղովուրդը բո­լոր չա­րիք­նե­րու պատ­ճա­ռը հա­մարող հա­կումնե­րը։ Եր­կու դա­ւանանքներն ալ իրենց կար­գին հիւ­սած են առաս­պելներ, ըստ որոնց աշ­խարհ կը կա­ռավա­րուի հրեանե­րու ձե­ռամբ։ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մէջ բնաւ քիչ չեն միասե­ռակա­նու­թեան Աս­տուծոյ օրէնքնե­րու դի­մադ­րել նշա­նակե­լուն հա­ւատա­ցող­նե­րը։ Կա­թողի­կէ քրիս­տո­նեանե­րու մէջ նման կար­ծիք կը տի­րէ ան­ցանկա­լի յղու­թիւննե­րը վի­ժեց­նե­լու ծա­ռայող գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու դէմ։ Զար­մա­նալին այն է, թէ բո­լոր ազ­գութիւննե­րու կամ կրօն­նե­րու յե­տադի­մական,պահ­պա­նողա­կան տար­րե­րը ի դէմ իրենց մի­ջեւ առ­կայ հսկա­յական տար­բե­րու­թիւննե­րու, նոյն կերպ կը մտա­ծեն, նոյն կերպ կը գոր­ծեն։

Այս երե­ւոյ­թը տես­նե­լով կա­րելի է հաս­նիլ ու­րիշ եզ­րա­կացու­թեան մը եւս։ Որ կրօն­քի կամ ազ­գութեան ալ պատ­կա­նին աշ­խարհի բո­լոր յե­տադի­մական­նե­րը նոյն լե­զուով կը խօ­սին եւ բո­լոր առաջ­դի­մական­նե­րը նոյն լե­զուով։ Ցա­ւալին այն է, թէ յե­տադի­մական­նե­րը դիւ­րաւ իւղ կը քսեն մէկս միւ­սի հա­ցին վրայ,բայց յա­ռաջ­դի­մական­նե­րը կը դժո­ւարա­նան ամե­նաէական խնդիր­նե­րու շուրջ ան­գամ հա­մագոր­ծակցու­թեան մի­ջոց­ներ ստեղ­ծե­լու։ Այ­սօ­րուայ սե­րունդնե­րուն վա­ղուայ հան­դէպ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնն ալ պի­տի կա­յանայ այս ան­ճա­րակու­թեան հե­տեւանքով։

pakrates@yahoo.com