ԱՄՆ-ի մէջ գործող Հայ- Թուրք երկխօսութեան խմբակը՝ «Լերը Բանալ», Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանագծի բախումներու ընթացքին ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներէն մէկուն պատերուն վրայ ատելութիւն բովանդակող գրառումներու մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ։
Անգլերէնով հրապարակուած մամլոյ յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուէր հետեւեալը։
«Օքլընտ, Քալիֆորնիա։ «Լերը Բանալ» երկխօսութեան խմբակցութիւնը կը պախարակէ 24 Յուլիս 2020 թուականին Կրուզեան- Զաքարեան- Վասպուրական դպրոցի պատերուն ցեղապաշտ գրութիւններով կատարուած վայրագ ատելութիւնը»։
Խմբակի հիմնադիր Օժիկ Երեցեան ըսաւ՝ «Այս յարձակումը խորապէս վիրաւորած է մեզ։ Ամէն տեսակ բռնութեան ու խտրականութեան դիմաց կը զօրակցինք վարժարանին։ Կը կարեւորեն կրկնակ ձարձակումներու դիմաց (ցեղապաշտ կանխակարծիքներ եւ Քովիտ 19-ի համավարակ) կը կարեւորենք մարդկային արժանիքներու շուրջ համագործակցութիւնը»։
Յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի՝ «Չճանչնալով հանդերձ այս յանցանքը գործողները, որպէս պատասխան կ՚առաջարկենք երկխօսութիւն։ Այսպիսով կրնանք ատելութիւնը յաղթահարել եւ բռնութեան կրկնուիլը կանխել։ Բախումները թուրքերուն, հայոց ու ատրպէյճանցիներու պատմութեան մէջ երկարատեւ վէրքերու պատճառ դարձած է։ Զօրակցութեան զգացումներով Կրուզեան- Զաքարեան- Վասպուրական դպրոցին կողքին ենք։ Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի շրջանի հայ համայնքին կողքին ենք։ «Լերը Բանալ» հարթակի անունով Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի շրջանի հայոց եւ ատրպէյճանցիներուն կոչ կ՚ընենք բռնութենէ զերծ հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան։ Այս մասին աւելի բովանդակալից տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ այցելելով կամ ել- նամակ ուղարկելովotmdialogue2020gmail.com հասցէին։
Խմբակցութիւնը ինքզինք կը նկարագրէ հետեւեալ կերպով։
«Լերը Բանալ» Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի շրջանի հայոց եւ թուրքերուն երկխօսութեան խմբակցութիւնն է։ Ոչ մէկ հայ կամ թուրք կազմակերպութեան հետ կապ ունի։ Ոչ մէկ պետութեան հետ ալ կապ չունեցող կազմը հասարակական բնոյթ ունի։ 2007-ին կեանքի կոչուած հարթակը ամիսը մէկ անգամ իր անդամներուն տուներուն մէջ, իսկ այժմ սոցցանցերու միջոցաւ կը մէկտեղուի։ Հիմնադրութենէն այսօր աւելի քան 90 մասնակիցներ ունեցող խմբակցութեան աշխատանքները այժմ կը շարունակուին 25 անդամներով։ Յարատեւ երկխօսութիւնը ատելութեան պատգամներ փոխանցող մամուլին եւ ազգայնական պատումներուն դիմաց այլընտրանքային միջոց մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Անդամները իրարու պատմութիւնները մտերմութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ կը լսեն։ Այս աշխատութիւնը սերունդներու փոխանցուած բախումներուն եւ ցեղասպանութեան վէրքերուն ընկալման կը ծառայէ։ Կը հաւատայ թէ բռնութիւն արտադրող հակամարտութիւնները հազիւ հաղորդակցութեամբ ու երկխօսութեամբ կը վերանան»։