Ինչպէս Սուրբ Զատիկը եւ Վարդավառը, Աստուածածնի տաղաւարն ալ այս տարի կը նշուի պսակացեւ ժահրի համավարակի շուքին տակ։ Պատրիարքարանը որոշ սահմանափակումներ յայտարարեց եկեղեցիներու մէջ մատուցուելիք տաղաւարի պատարագին համար։ Սոյն սահմանափակումներու համաձայն Սուրբ Պատարագը պիտի սկսի կարելի եղածին չափ կանուխ։ Տեղի պիտի չունենայ եկեղեցւոյ բակին մէջ Անդաստան եւ Խաղողօրհնէք։ Խաղողներու օրհնութիւնը պիտի կատարուի խորհրդանշական ձեւով խորանին վրայ։ Այս տարի պիտի չկայանայ Աստուածածնի առթիւ Վաքըֆլը գիւղի շրջագայութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւնը նախորդ տարիներուն կը կազմակերպէր ուխտագնացութիւն եւ մեծ թիւով ուխտաւորներ կը մասնակցէին այդ կազմակերպութեան, այցելելով Իսքենտերունի Քառասուն Մանուկ եւ Վաքըֆլը գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները։
Այս տարի միայն մէկ կաթսայ հարիսայ պիտի եփի գիւղի եկեղեցւոյ բակը եւ պիտի բաժնուի գիւղի բնակիչներուն։
Ջնջուած է նաեւ Պոլսոյ Գնալը Կղզիի մէջ նախատեսուած Սուրբ Աստուածածանի խրախճանքը։ «Մեր հայեր» հարթակին, Իսթանպուլի եւ կղզիաց քաղաքապետարաններու աջակցութեամբ կազմակերպուած խրախճանքն ալ ջնջուեցաւ թէ համավարակի կրկին անգամ թափ ստանալուն եւ թէ Պէյրութի պայթումին սուգը պահելու պատճառներով։
Սահակ Բ. Պատրիարք յարգելով իր նախորդներուն աւանդութիւնը այս տարի եւս ներկայ կը գտնուի Վաքըֆլը գիւղի արարողութիւններուն։