Ատելութիւնը, նողկանքը փողոցներէն կ՚իջնէ դէպի ընկերային ցանցեր։ Յուլիս ամսուայ մէջ Հայաստան- Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներէ ետք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ Ատրպէյճանական սփիւռքը բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց հայոց դէմ։ Այդ ցոյցերու կազմակերպման մէջ դերակատարութիւն ունեցան տեղւոյն Ատրպէյճանի դեսպանութիւնները։ Այժմ Թուրքիոյ մէջ ալ կը նկատուի հայերու դէմ ատելութիւն քարոզող տեսանիւթերու աճ մը։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածուող այդ տեսանիւթերը մարդասպանութեան կոչեր կ՚ընեն հասարակութեան։ Թուրքիա որ վերջերս յաճախակի կերպով օրակարգի կը բերէ ընկերային ցանցերու այս տեսակի հաղորդումներու անպատեհութիւնները ընդհանրապէս լուռ կը մնայ հայոց ուղղեալ նմանաբնոյթ հրապարակումներու դիմաց։ «Եութուպ»ի կայքի վրայ տեղ գտած վիտեօ մը ուշագրաւ էր մարդասպանութեան կոչերով։ Կատաղած յայտարարութիւններով նկարահանուած անձը կը դժգոհէր խաչապաշտներու աշխարհասփիւռ զօրակցութեան դիմաց։ Հարց կու տայ թէ երբ ամենուրէք մահմետականներու արիւն կը հոսի մենք ինչո՞ւ համար մեր երկրին մէջ կ՚արտօնենք որ հայեր գան, աշխատանք ճարեն եւ այսպէսով ալ նպաստեն իրենց երկրի տնտեսութեան զարգացման։ Յայտնի է, որ խօսողը չի գիտեր թէ մահմետականի արիւն թափողները նոյն ինքն մահմետականներն են եւ նաեւ չի գիտեր թէ հայը պատմութեան բոլոր ժամանակներուն իր աշխատելու եւ արարելու շնորհով է, որ կը գոյատեւէ այս աշխարհի մէջ։
Վերջապէս այս հրապարակումը լուրջի առնելով դիտմումներ կատարուած են Թուրքիոյ դատարաններուն եւ բողոքներ ներկայացուած։ Այսօրուայ դատական համակարգով թէեւ շատ լուրջ նշանակութիւն պիտի չունենան այս բնոյթի դիմումները սակայն նաեւ անհրաժեշտութիւն է յանուն հրապարակը ամբողջովին դատարկ չթողնելու համար։