Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին նախապէս յայտարարած էր թէ նիւթական աջակցութիւն պիտի պարգեւէ բոլոր այն երիտասարդ զոյգերուն, որոնք կը տքնին հարսանիքի ծանր բեռան տակ։ Թաղականութիւնը խոստացած էր հայ ամուսիններու պսակադրութեան եւ տուն կազմելու հետ առնչուած զանազան ծախսերը հոգալ։ Այժմ Օրթագիւղի թաղականութիւնը կը պատրաստուի նոր ծառայութեան մը, ստանձնելով նիւթապէս անապահով 30 ընտանիքներու յուղարկաւորութեան ու թաղման ծախսերը։
Արդէն իսկ համավարկի կանխարգելման միտումով բաւականին կրճատուած են եկեղեցական կարգադրութիւնները, որոնք ծանր բեռ մը կը հանդիսանային սգաւորներու ուսերուն։
Թաղականութիւնը այդ ծախսերն ալ յանձն կ՚առնէ եւ նաեւ կը պատրաստուի սառուցեալ դիարանով մը օժտել Պալըքլըի գերեզմանատունը, քանի վերջերս հետզհետէ աւելի մեծ թիւով թաղումներ կը կատարուի գերեզմանատան մատուռէն։
Միւս կողմէ Իսթանպուլի Քաղաքապետարանի մօտ հայ համայնքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տէր Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի նախաձեռնութեամբ Քաղաքապետարանը սարքած է մեռելակառք մը, որ ցրի սպասարկութիւն պիտի բերէ հայ համայնքի ննջեցեալներուն։
Նախապէս թաղումի ծախսերուն մէջ կարեւոր գումար մը կազմող մեռելակառքի սպասարկութիւնը այսպէսով պիտի ստանձնէ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանը։