Թուրքիոյ ամենայայտնի գործատէրերէն Մաթիլտ Մանուկեանի մահէն ետք թողած հսկայ ժառանգը կռուախնձոր մը դարձած էր, որդին Քերովբէի եւ այդ ժառանգին վրայ իրաւունք պահանջող բազմանդամ խումբի մը միջեւ։ Մաթիլտ Մանուկեանի կենդանութեան օրօք ոչ ոք լսած էր այդ ժառանգորդներու մասին։ Անոնք յայտնուեցան հազիւ ժառանգուած մեծ գումարին հրապարակումէն ետք։ Այժմ այդ ժառանգի առաջին կարգէն ժառանգորդը Քերովբէ Չիլինկիր եւս մահացած է եւ ժառանգի դատավարութիւն մտած է բոլորովին նոր փուլի մը։ Ժառանգի յաւակնորդները իրենց զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ հայերէնի անուանի երգիչ, Կոմիտաս վարդապետի սաներէն Արմենակ Շախմուրատեանի արեւանգուած քրոջ շառաւիղները։ Մինչեւ մօտ անցեալ իրենց ազգականական կապերուն հետ ոչ մէկ շփում ունեցած մարդիկ տարուելով զգլխեցուցիչ ժառանգի տիրանալու մարմաջէն, կը փորձեն ապացուցել իրենց հայ ծագումը։ Ուշագրաւ երեւոյթ է թէ Մաթիլտ Մանուկեանի հարստութեան հիմնական աղբիւրը կը համարուի անոր սեփականութիւնը դարձած հանրատուները։ Թէեւ ոչ ոք Մաթիլտ Մանուկեանը մեղադրեց կաւատութեամբ, բայց միշտ ալ տեղի անտեղի յիշուեցաւ հարստութեան աղբիւրը։
Մաթիլտ Մանուկեանի ժառանգի կարեւոր մէկ մասը կը բաղկանայ կալուածներէ, որոնք մեծ եկամուտի աղբիւր եղած էր բոլոր ժամանակներուն։