Պէյրութ, Պէյրութ, Պէյրութ...

ԼԻԼԻԹ ՀԱՆՉԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«Ես Պէյ­­­րութ ծնած եմ։ Մին­­­չեւ 21 տա­­­րեկանս Պէյ­­­րութ ան­­­ցուցած եմ բա­­­ցառա­­­պէս։ Վեր­­­ջին եօթ տա­­­րինե­­­րուն Պէյ­­­րութէն հե­­­ռու եղած եմ, Պէյ­­­րութի մէջ չեմ ապ­­­րիր, բայց եւ այնպէս ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը այս պա­­­տահած աղէ­­­տին իս­­­կա­­­­­­­պէս շատ մեծ է նաեւ ին­­­ծի հա­­­մար։ Եւ ես կրնամ ցա­­­ւով մտա­­­ծել, թէ՝ եթէ ին­­­ծի հա­­­մար այսքան մեծ է, ալ ո՞ւր մնաց մար­­­դոց հա­­­մար, որոնք դեռ այնտեղ կգտնո­­­ւին կամ որ շատ աւե­­­լի վեր­­­ջերս բաժ­­­նո­­­­­­­ւած են Պէյ­­­րութէն կամ որ շատ աւե­­­լի եր­­­կար ժա­­­մանակ ան­­­ցուցած են Պէյ­­­րութի մէջ։ Ըն­­­տա­­­­­­­նիքս կապ­­­րի Արեւմտեան Պէյ­­­րութի մէջ (մեր տունն այնտեղ է) եւ այդ նա­­­ւահանգստի կող­­­քի ճամ­­­բան մեր ամե­­­նօրեայ ճամ­­­բան եղած է մին­­­չեւ օրս։ Դպրոց, ակումբ, հայ­­­կա­­­­­­­կան թա­­­ղամաս Պուրճ Հա­­­մուտ եր­­­թա­­­­­­­լու հա­­­մար ամէն օր մենք այդ ճամ­­­բա­­­­­­­յով կ՚անցնէինք. նաեւ կը սի­­­րէի ես այդ մա­­­սը ան­­­կեղծօ­­­րէն։ Այդ իս­­­կա­­­­­­­պէս սոս­­­կա­­­­­­­լի պայ­­­թումը տես­­­նե­­­­­­­լը, այդ ալ քե­­­զի հա­­­մար հա­­­րազատ վայ­­­րի մը բա­­­ւարար ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ եւ յու­­­զիչ է։ Ան­­­շուշտ եր­­­ջանկու­­­թեամբ չէ որ կ՚ըսեմ, բախ­­­տա­­­­­­­ւորու­­­թիւնը ու­­­նիմ անձնա­­­պէս բա­­­ւական աժան պրծած ըլ­­­լա­­­­­­­լու այս պա­­­տահա­­­րէն, որով­­­հե­­­­­­­տեւ թէեւ մեր տու­­­նը մօտ է (մե­­­քենա­­­յով այդ վայ­­­րէն 5 վայրկեան, ոտ­­­քով 15 վայրկեան), բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ֆի­­­զիկա­­­կան վնա­­­սուածք իմ ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս որե­­­ւէ ան­­­դամ չի ու­­­նե­­­­­­­ցած։ Այդ առու­­­մով իմ ցաւս աւե­­­լի քիչ է, քան շատ ու­­­րիշնե­­­րու, եւ կը կա­­­րեկ­­­ցիմ այդ միւս բո­­­լորին։ Ցա­­­ւը աւե­­­լի շատ հա­­­րազատ վայ­­­րի, հա­­­րազատ յի­­­շողու­­­թիւննե­­­րու վայ­­­րի մը եւ նաեւ հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րու եղած վայ­­­րի մը մէջ պա­­­տահած այդպի­­­սի մեծ աղէ­­­տի մը հետ կա­­­պուած ցաւն է։ Եւ նաեւ այն ցա­­­ւը, որ կզգամ՝ մտա­­­ծելով սի­­­րելի­­­ներուս, ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս, ըն­­­կերնե­­­րուս շո­­­քին եւ բնա­­­կանա­­­բար վա­­­խին մա­­­սին։ Այնպի­­­սի սար­­­սափ մը, որ կը կաս­­­կա­­­­­­­ծիմ որ կրնայ գո­­­նէ ոմանց հա­­­մար մշտա­­­կան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն թո­­­ղած ըլ­­­լայ»,-ասում է Օքսֆոր­­­տի հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մար­­­դա­­­­­­­բանա­­­կան գի­­­տու­­­թիւննե­­­րի թեկ­­­նա­­­­­­­ծուն՝ լի­­­բանա­­­նահայ Հրակ Փա­­­փազեանը։

-Անո­­­րոշ ապա­­­գայի հետ դէմ առ դէմ կանգնած լի­­­բանա­­­նահա­­­յերը ի՞նչ վի­­­ճակում են։

-Ըն­­­տա­­­­­­­նիքս հրաշ­­­քով է փրկո­­­ւել. այնտե­­­ղէն կրնա­­­յին անցնիլ (ամե­­­նօրո­­­ւայ մեր ճամ­­­բան է) կամ նոյ­­­նիսկ կրնա­­­յին փո­­­ղոցը կամ տան մէջ ըլ­­­լալ։ Մեր տան մէջ ալ ապա­­­կիներ ջար­­­դո­­­­­­­ւած են, բայց այդ պա­­­հուն այդ մի­­­ջանցքի մէջ մարդ չէ եղած, թէեւ այդ մի­­­ջանցքէն մենք օրը հա­­­րիւր ան­­­գամ կ՚անցնինք։ Այդ իմաս­­­տով մե­­­րին­­­նե­­­­­­­րը շատ չեն ազ­­­դո­­­­­­­ւած. մարդկա­­­յին եւ նիւ­­­թա­­­­­­­կան կո­­­րուստներ չու­­­նե­­­­­­­ցանք։ Մեր պատշգամ­­­բի դռնե­­­րը բաց եղած են այդ պա­­­հուն եւ նաեւ ետե­­­ւի պա­­­տու­­­հաննե­­­րը բաց եղած են, եւ այդ ահա­­­ւոր ճնշու­­­մը մի­­­ջան­­­ցիկ ձե­­­ւով դուրս գնաց, մինչդեռ եթէ փակ ըլ­­­լա­­­­­­­յին պի­­­տի ամեն ինչ փշրո­­­ւեր։

Հայ հա­­­մայնքի գլխուն հա­­­սած աղէ­­­տը իս­­­կա­­­­­­­պէս մեծ է, ճա­­­կատագ­­­րի հեգ­­­նանքով մեծ է նաեւ թե­­­րեւս քիչ մը աւե­­­լի քան որոշ այլ հա­­­մայնքնե­­­րու։ Մա­­­հուան թի­­­ւերը եթէ նա­­­յինք, ու­­­րեմն 150 մա­­­հուայ մէջ մօ­­­տաւո­­­րապէս 15-ը, այ­­­սինքն տա­­­սը տո­­­կոսը հա­­­յեր են, մինչդեռ հա­­­յերու թի­­­ւը ամ­­­բողջ Լի­­­բանա­­­նի բնակ­­­չութեան 10 տո­­­կոսէն պա­­­կաս է։ Իմա­­­ցայ, որ մէկ շէն­­­քի մէջ 5 հայ մա­­­հացած է, այն չա­­­փազանց մօտ էր նա­­­ւահանգստին։ Նա­­­ւահանգստին շատ մօտ հին հա­­­յաբ­­­նակ Աշ­­­րա­­­­­­­ֆիէհ, Քա­­­րան­­­տի­­­­­­­նա, Մար Մը­­­խայէլ եւ այլ թա­­­ղամա­­­սերում տա­­­կաւին կան հա­­­յեր եւ անոնց պա­­­րագան շատ գէշ է։

Մեծ է հա­­­մայնքին նիւ­­­թա­­­­­­­կան վնա­­­սը։ Ըստ մեզ հա­­­սած տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րու՝ միայն Աւե­­­տարա­­­նական հա­­­մայնքը, որ փոքր հա­­­մայնքն է հա­­­մեմա­­­տած Առա­­­քելա­­­կան, Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­չա­­­­­­­կան, Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքնե­­­րի հետ, նիւ­­­թա­­­­­­­կան վնա­­­սը (հա­­­մայնքա­­­յին գոյք՝ դպրոց­­­ներ, եկե­­­ղեցի­­­ներ) 100 մի­­­լիոնէն աւե­­­լի դո­­­լարի կո­­­րուստ ու­­­նի։ Ասոր վրայ ալ եթէ աւե­­­լաց­­­նենք միւս հա­­­մայնքնե­­­րի կո­­­րուստնե­­­րը եւ դեռ հա­­­շուած չէ ան­­­հատ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու ստա­­­ցած նիւ­­­թա­­­­­­­կան վնա­­­սը…։

Այ­­­դուհան­­­դերձ քիչ մը կա­­­նուխ է հայ­­­րե­­­­­­­նադար­­­ձութեան մա­­­սին յստակ կո­­­չեր առ­­­նե­­­­­­­լու, որով­­­հե­­­­­­­տեւ նախ պէտք է յստա­­­կանայ, թէ ով ինչ վի­­­ճակում է։ Այդ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րուն նախ ցան­­­կութիւ­­­նը ինչ է՝ կու­­­զեն մնալ, թէ կու­­­զեն դուրս գալ։ եթէ կու­­­զեն մնալ, կա­­­րելիու­­­թիւն կա՞ նիւ­­­թա­­­­­­­պէս անոնց տու­­­նե­­­­­­­րը վե­­­րականգնե­­­լու կամ իրենց ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տիւ բնա­­­կավայր տրա­­­մադ­­­րե­­­­­­­լու։ Այս ամե­­­նը քննար­­­կե­­­­­­­լու եւ հա­­­շուար­­­կե­­­­­­­լու խնդիր­­­ներ են, որոնց չա­­­փագ­­­րումէն եւ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րումէն ետք միայն նախ կա­­­րելի պէտք է ըլ­­­լայ գնա­­­հատել իս­­­կա­­­­­­­պէս հա­­­մայնքի ան­­­դամնե­­­րու հաս­­­ցո­­­­­­­ւած վնա­­­սը եւ այդ վնա­­­սի ան­­­դառնա­­­լիու­­­թիւնը։ Միւս կող­­­մէ՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ անոր փո­­­խարէն կե­­­ցու­­­թիւն եւ կե­­­ցու­­­թեան վայր ապա­­­հովե­­­լու կա­­­րելիու­­­թիւնը իս­­­կա­­­­­­­պէս կայ թէ չկայ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ շա­­­տերը ամեն ինչ կորսնցու­­­ցած են եւ այս պայ­­­մաննե­­­րում Հա­­­յաս­­­տանն ինչքա­­­նով է պատ­­­րաստ իրենց հիւ­­­րընկա­­­լելու։

-Իբ­­­րեւ դրսից դէպ­­­քե­­­­­­­րին հե­­­տեւող անձ՝ անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով Լի­­­բանա­­­նում ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած ներ­­­քա­­­­­­­ղաքա­­­կան վի­­­ճակին՝ ի՞նչ պատ­­­կեր է ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւել։

-Անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով քա­­­ղաքա­­­կան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւննե­­­րուն ոչ իբ­­­րեւ փոր­­­ձա­­­­­­­գէտ՝ հե­­­ռուէն դի­­­տար­­­կումնե­­­րու եւ հե­­­տեւա­­­ծի հի­­­ման վրայ պար­­­զա­­­­­­­պէս փո­­­խան­­­ցեմ իմ լսա­­­ծը, գիտ­­­ցա­­­­­­­ծը եւ որոշ մտա­­­ծումնե­­­րը։ Ան­­­շուշտ, ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւննե­­­րը կան, անոնց մէկ մա­­­սը բնա­­­կան, ար­­­դա­­­­­­­րացի եւ իրա­­­կան է, մէկ մասն ալ քա­­­ղաքա­­­կան շա­­­հար­­­կումի առիթ է։ Եւ այդ իմաս­­­տով աւե­­­լի քա­­­ղաքա­­­կան է ըսենք, քան թէ բնա­­­կան են եւ իրա­­­կան պայ­­­մաննե­­­րէն մեկ­­­նած քա­­­ղաքա­­­կան։ Իրա­­­կանն ու բնա­­­կանն այն է, որ իս­­­կա­­­­­­­պէս կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը, ամ­­­բողջ պե­­­տական հա­­­մակար­­­գը շատ խո­­­շոր ձա­­­խողու­­­թեան առաջ կանգնած է՝ տա­­­րինե­­­րով այդպի­­­սի թոն­­­նա­­­­­­­ներով պայ­­­թուցիկ նիւ­­­թը ամ­­­բա­­­­­­­րելու եւ այդպի­­­սի պայ­­­մաննե­­­րու մէջ՝ կենտրո­­­նական քա­­­ղաքի սրտի մէջ, նա­­­ւահանգստի մէջ այդպի­­­սի կա­­­րեւոր տնտե­­­սական ռազ­­­մա­­­­­­­վարա­­­կան դիր­­­քի վրայ պա­­­հելու հա­­­մար. որե­­­ւէ պե­­­տական հա­­­մակարգ պի­­­տի կամ յի­­­մար ըլ­­­լայ, կամ ծայ­­­րաստի­­­ճան ան­­­հոգ, ան­­­պա­­­­­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու եւ ան­­­կազմա­­­կերպ։ Այդ առու­­­մով այս քա­­­ղաքա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը իրենց մեղ­­­քի մեծ բա­­­ժինը ու­­­նին, բայց միայն այս կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը չէ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ այդ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը 6 ամ­­­սո­­­­­­­ւայ է մօ­­­տաւո­­­րապէս, բայց ան­­­կէ առաջ եղած են այլ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւններ եւ այդ պայ­­­թուցիկ նիւ­­­թե­­­­­­­րու այդտեղ հաս­­­նի­­­­­­­լը եղած է տա­­­րիներ առաջ։ Այնպէս որ, խօս­­­քը միայն ներ­­­կայ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան, ներ­­­կայ վար­­­չա­­­­­­­պետի մա­­­սին չէ, այլ շատ աւե­­­լի լայն քա­­­ղաքա­­­կան ընդհա­­­նուր կա­­­ռոյցնե­­­րուն մա­­­սին է։ Բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցեր ար­­­դէն իսկ կան եւ զրպար­­­տութեան ձայ­­­նե­­­­­­­րը աւե­­­լի քան ար­­­դա­­­­­­­րացո­­­ւած են։ Բնա­­­կանա­­­բար, երբ որ ներ­­­կայ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնն է եւ առաջ­­­նա­­­­­­­յին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուն գործնա­­­պէս ինքն է, իր դէմ պի­­­տի ել­­­լայ ցա­­­սու­­­մը։ Այն քա­­­ղաքա­­­կան ու­­­ժե­­­­­­­րը, որոնք կը փոր­­­ձեն այս կամ այն ձե­­­ւով քա­­­ղաքա­­­կանաց­­­նել եւ առի­­­թէն օգ­­­տո­­­­­­­ւիլ եւ կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան ծնկի բե­­­րելով իրենք գալ, այդպէս չէ, որ իրենք ժո­­­ղովրդի շա­­­հերը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող ու­­­ժեր են։ Իրենք շատ նմա­­­նատիպ նոյն ընդհա­­­նուր հա­­­մակար­­­գի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ են, որոնք ու­­­նին իրենք իրենց քլա­­­նային շա­­­հերը։ Այս խօս­­­քը ոմանց մա­­­սին է։ Ու­­­րեմն այդ իմաս­­­տով կայ նաեւ քա­­­ղաքա­­­կան շա­­­հարկման կա­­­րելիու­­­թիւնը եւ ասոր մէջ կա­­­րելի չէ ան­­­տե­­­­­­­սել ար­­­տա­­­­­­­քին քա­­­ղաքա­­­կան շա­­­հարկման հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւնը, որը նոյնքան եւ աւե­­­լի նոյ­­­նիսկ մտա­­­հոգիչ եւ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր կրնայ ըլ­­­լալ։ Ար­­­դեն իսկ մենք տե­­­սանք՝ ինչպէս յա­­­ջորդ օրը Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի նա­­­խագահ հա­­­սաւ այդտեղ, ինչպէս վստա­­­հաբար կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած ձե­­­ւով, չեմ գի­­­տեր որ կող­­­մէն 40-60 հա­­­զար լի­­­բանա­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցիներ խնդրե­­­ցին Լի­­­բանա­­­նը մտցնել ֆրան­­­սա­­­­­­­կան կա­­­ռավար­­­ման տակ։ Եւ այս եթէ ամե­­­նածայ­­­րա­­­­­­­յեղ բանն է, բայց ատոր կող­­­քին բնա­­­կանա­­­բար կան ար­­­տա­­­­­­­քին ու­­­ժեր, որոնք ներ­­­քին այլ ու­­­ժե­­­­­­­րու, արեւմտա­­­մէտ ու­­­ժե­­­­­­­րու գոր­­­ծածմամբ պի­­­տի փոր­­­ձեն անել ամէն ինչ, որ­­­պէսզի այս ամ­­­բողջ կա­­­ցու­­­թեան, ամ­­­բողջ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը բար­­­դէն ոչ արեւմտա­­­մէտ, այլ իրա­­­նամէտ, սու­­­րիամէտ, Հըզ­­­պուլլա­­­յի եւ իր դաշ­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րու վրայ։ Այդպի­­­սով փոր­­­ձեն խփել այդ աւե­­­լի լայն ռազ­­­մա­­­­­­­քաղա­­­քական ճա­­­կատին եւ փո­­­խարէ­­­նը Լի­­­բանա­­­նը, իրենց կո­­­մէ դի­­­տուած ազա­­­տագ­­­րել այդ ճա­­­կատեն եւ տե­­­ղադ­­­րել աւե­­­լի արեւմտա­­­մէտ եւ նաեւ մա­­­սամբ սու­­­նիամէտ դիր­­­քի մէջ, որու փոր­­­ձը իրենք ար­­­դէն տա­­­րինե­­­րէ ի վեր կը­­­նեն եւ ասի յա­­­ւելեալ առիթ է, որ իրենք օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեն։ Իսկ այդ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծումը կրնայ յա­­­ւելեալ սրա­­­ցումնե­­­րու եւ բա­­­խումնե­­­րու տա­­­նի, նոյ­­­նիսկ մին­­­չեւ վա­­­տագոյն պա­­­րագա­­­յին քա­­­ղաքա­­­ցիական պա­­­տերազ­­­մի տա­­­նիլ, որու հիմ­­­նա­­­­­­­կան տու­­­ժո­­­­­­­ղը դար­­­ձեալ պի­­­տի ըլ­­­լայ ժո­­­ղովուրդը՝ բո­­­լոր կող­­­մե­­­­­­­րէն եւ բո­­­լոր առումնե­­­րով։ Մինչդեռ ժո­­­ղովուրդի մէջ կան նաեւ բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար այ­­­լընտրան­­­քա­­­­­­­յին մտա­­­ծում ու­­­նե­­­­­­­ցող, եր­­­րորդ գծի մա­­­սին մտա­­­ծող որոշ հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թիւն մը, որ կը խօ­­­սի այս ամ­­­բողջ հա­­­մակար­­­գեն դուրս գա­­­լու եւ ար­­­դար եւ ժո­­­ղովրդա­­­վար պե­­­տու­­­թիւն ստեղ­­ծե­­­լու մա­­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ