Իդէմ համաշխարհային հասարակութեան միամիտ ակնկալութիւններուն, պսակաձեւ ժահրի համավարակը կը շարունակուի նոր յայտնուած օրերու թափով։ Պետութիւնները աւելի երկար չէին կրցած համբերել տնտեսական կեանքի անդամալոյծ ըլլալու երեւոյթին դիմաց եւ փորձած էին համեմատաբար վերադառնալ բնականոն կեանքի։ Ներկայ «բնականոն» հասկացողութիւնը թէեւ բաւականին հեռու է համավարակի նախորդող ժամանակներու պատկերէն բայց այսքանը իսկ բաւարար եղաւ, որ վարակուածներու եւ մահացողներու թիւը ոստում արձանագրէ ամենուրէք։ Այժմ կրկին օրակարգի եկած է փողոց ելլելու արգելքներ հռչակելու վարկածը։ Այս պայմաններու մէջ ներառեալ Թուրքիա կը պատրաստուի ուսման տարեշրջանի վերամուտին։ Սակայն տիրող ընդհանուր համոզումով վերամուտը կարճատեւ պիտի ըլլայ եւ հաւանաբար այս տարի ալ աշակերտները պիտի հարկադրուին հեռակայ ուսման դրութեան։
Արդէն իսկ Թուրքիոյ նախարարութիւնը կ՚աշխատի տարբեր բնոյթով կանխամիջոցներու վրայ։ Սակայն հեռակայ ուսման դրութիւնն ալ իր կարգին որոշ անհաւասարութեան երեւոյթներ կը պարզէ, քանի որ աշակերտութեան բոլորը նոյն չափով չեն կրնար օգտուիլ համացանցէն։