Նախագահութեան կողքին գործող հաղորդակցութեան բաժինը վերջերս վիտէօ ժապաւէն մը հրապարակեց, ուր քաղաքիս յոյն փոքրամասնութենէն անձեր իրենց գոհունակութիւնը կը յայտնեն երկրի իշխանութիւններու ցուցաբերած բարեացակամութեան համար։ Քարոզչական բնոյթով պատրաստուած այս տեսաերիզին մէջ զանազան յոյներ գոհունակութիւն կը յայտնեն մանաւանդ ալ իրենց վայելած կրօնական ազատութեան համար։
Սուրբ Սոֆիայի տաճարի պաշտամունքի բացուելէն ետք արձագանգող դժգոհութիւններու դէմ պետութեան կողմէ պատրաստուած այս տեսանիւթը որոշ դժգոհութեան պատճառ դարձաւ այժմ արտասահման գաղթած զանազան յոյներու մօտ։
Այսպէս Պոլսոյ Յոյներու Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը մեղադրեց այս քարոզչաձեւը՝ դիտել տալով թէ իրենք նախապէս բազում անգամներ դիմում կատարած են Թուրքիոյ կառավարութեան որոշ բարեփոխումներու ակնկալութեամբ եւ այդ դիմումները ընդմիշտ անպատասխան մնացած են։ Արդէն իսկ նօսրացած Թուրքիոյ յոյն համայնքը մօտ ապագային բոլորովին պիտի դադարի համայնք կոչուելու արժանի թիւ մը ներկայացնելէ։