ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ 2013 թուին ջնջուած էր փոքրամասնութիւններու պատկանող հաստատութիւններու ընտրութիւնները կարգադրող կանոնագիրը։ Նոր կանոնագրի բացակայութեան պայմաններուն մէջ հաստատութիւնները չէին կրցած վերակազմել իրենց ընտրեալ նոր վարչութիւնները 5 Յունիս թուականին երկու հայ փաստաբաններ Արէն Տատրօղլու եւ Մարկոս Էֆէ Գարահան աղերսագիրով մը դիմեցին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները շուտափոյթ կերպով կատարելու պահանջով։ Տնօրէնութիւնը 29 Յուլիս թուակիր նամակով մը պատասխանեց հայ փաստաբաններու աղերսագրին։ Շրջանային տնօրէն Էօմեր Չոլաքի ստորագրութեամբ ղրկուած գրութեան մէջ կը նշուի, թէ կը շարունակուի նոր կանոնագրի պատրաստութեան աշխատութիւնները։ Բացի այդ կրկին կը յիշեցուի, թէ պակսած կազմերու համար վարչութիւններու առաջարկած անուններով կարելի պիտի ըլլայ վարչակազմը ամբողջացնել։
Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները կը կայանան 5737 թուակիր Վաքըֆներու օրէնքի հիման վրայ 27 Սեպտեմբեր 2008-ին պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուելով գործադրման դրուած 29 եւ 33-րդ յօդուածներու սահմանումով։ Սակայն այդ կարգադրութիւնը որոշ դժգոհութիւններ յառաջացուցած է համայնքային կարգ մը հաստատութիւններու վարչութիւններու մօտ, որուն հետեւանքով անհրաժեշտ եղած է նոր կանոնագրի մը պատրաստութիւնը։
Կանոնագրի ուշացումը նկատի ունենալով Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը շրջաբերական մը հրատարակած եւ խորհուրդ տուած է, որ փոքրամասնութեան հաստատութիւններու վարչութիւնները մահուան կամ այլ պատճառներով պակսած կազմերը պիտի կրնան ամբողջացնել իրենց կողմէ առաջարկուած անուններով։
Փաստաբանները ճիշդ ալ այս նշանակումի դրութեան դէմ առարկած եւ անհրաժեշտ համարած էին ընտրութեան կատարումը։ Այս մասին աղերսագրի հեղինակներ Արէն Տատրօղլու եւ Մարկոս Գարահան «Ակօս»ին բացատրութիւններ տալով պատմեցին առաջարկուած գործընթացի անպատեհութիւնները։ Զոյգ փաստաբաններու համաձայն կանոնագրի այս ուշացումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է հաստատութիւններու գործունէութեան վրայ։ «Ժամանակաւոր լուծում մը ըլլալով հանդերձ նշանակումը մեր համայնքային աւանդութիւններուն ամբողջովին հակասող երեւոյթ մըն է։ Վերջապէս համայնքի այս պահուն կարօտածը արդար, թափանցիկ եւ մասնակցութեան սահմանափակումներ չբերող նոր կանոնագրի մը շուտով հրապարակումն է» ըսին Տատրօղլու եւ Գարահան։