ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
ԱՔՓ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն անհամեմատօրէն բարձրացած է կիներու դէմ գործուած ոճիրները։ Հետզհետէ սովորական երեւոյթ մը դարձած է մերժուած տղամարդոց, այդ մերժումին չհանդուրժելով կիները սպաննելու երեւոյթները։ Միայն Յուլիս ամսուայ մէջ տղամարդկանց կողմէ սպաննուած կիներու թիւը հասած է 36-ի։ Տակաւին 11 կիներ ալ մահացած են անորոշութեան պայմաններու մէջ։ Ոճրագործներու կարեւոր մէկ մասը կիներու ամուսիններն են, որոնք չեն հանդուրժած ամուսնալուծման գաղափարին։ Իշխող այրիշխան փառքերու հետեւանքով տղամարդիկ արժանապատուութեան խնդրի մը կը վերածեն կնոջ կողմէ մերժուիլը կամ ամուսնալուծութիւնը։ Արդարեւ դատական համակարգն ալ զանազան եղանակներով կր զեղջէ կիներու դէմ գործուած ոճիրներու համար սահմանուած պատիժը։ Յատկապէս մեծ քաղաքներէ հեռու գիւղական փառքերու տիրած շրջաններու մէջ կիներ կը հարկադրուին անձնասպանութեան։
Այս բոլորի դէմ կիները բռնութենէ, յատկապէս ալ տնամիջեան բռնութենէ պահպանելու համար նախատեսուած Իսթանպուլի Համաձայնագիրը կը հալածուի պահպանողական շրջանակներու կողմէ։ Անոնք սուտ քարոզչութեամբ կը պնդեն թէ համաձայնագիրը պատրաստուած է Եւրոպական փառքերու հիման վրայ եւ չի համապատասխաներ Թուրքիոյ ազգային փառքերուն։ Աւելին՝ կը պնդեն թէ այս համաձայնագիրը կը խորտակէ ընտանիք հասկացողութիւնը եւ կը խրախուսէ միասեռականութիւնը։ Իրականութեան մէջ համաձայնագիրը միայն մէկ հատուածի մէջ կը խօսի միասեռականներու մասին, որն է ճանչնալ անոնց մարդու իրաւունքները։ Հետեւաբար խրախուսման ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ համաձայնագրի մէջ։ Կառավարութիւնը Սուրբ Սոֆիայի տաճարի իսլամական պաշտամունքի բացուելէն ետք կը փորձէր այս համաձայնագրի համար դրած ստորագրութիւնն ալ ետ քաշել։ Սակայն անսպասելի կերպով ԱՔՓ-ական կիներ եւս պաշտպան հանդիսացան համաձայնագրին եւ այսպէսով խանգարեցին կուսակցութեան ամբողջականութիւնը։ Այս անսպասելի զարգացումին դիմաց կուսակցութեան խորհուրդը անորոշ թուականի մը յետաձգեց 5 Օգոստոսի իր նիստը, ուր պիտի քննարկուէր համաձայնագրէն հրաժարելու նիւթը։ Կիներու իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւններ այս յետաձգումը յաջողութիւն մը համարելով հանդերձ կը զգուշացնեն, թէ պէտք չէ թուլացնել պայքարը։ Անոնք դիտել կու տան թէ ԱՔՓ անցեալին ալ հակազդեցութիւններու բարձրացած պահուն հրաժարած է ուղղակի ճակատումի մը մատնուելէ, բայց աւելի ետք յարմար պահը գտնելով կրկին օրակարգի բերած է իր ցանկութիւնները։
Նշենք որ Իսթանպուլի համաձայնագիրը ԵՄ-ի նախաձեռնութիւն մըն էր, ուր հրատարակուեցաւ Իսթանպուլ եւ այդ պատճառաւ ալ ստացաւ «Իսթանպուլի Համաձայնագիր» անունը։ Թուրքիա համաձայնագիրը ստորագրող առաջին երկիրն էր։ Համաձայնագրի դէմ լուրջ վերապահութիւն կը նկատուի նաեւ Հայաստանէ ներս։ Հոն եւս պահպանողական շրջանակներ Թուրքիոյ յետադիմականերու հետ նոյն պատճառաբանութիւններով կը մերժեն համաձայնագրի վաւերացումը։