Յիշատակում էզտիներու ցեղասպանութեան

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

3Օգոստոս 2014 թո­ւին «Իս­լամ Պե­տու­թեան» ահա­բեկիչ­նե­րու ձեռ­քով գոր­ծադրո­ւեցաւ մեր ժա­մանակ­նե­րու կա­րեւորագոյն ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րէն մէ­կը։ Շատ կարճ ժա­մանակ առաջ հիւ­սի­սային Իրա­քի Մու­սուլ քա­ղաքը ար­շա­ւած ահա­բեկիչ­նե­րը իրենց թի­րախ ընտրած էին Շեն­կալ Լե­ռը, որ ընդհան­րա­պէս բնա­կեցո­ւած էր էզ­տի­ներով։ Հիւ­սի­սային Իրա­քի ինքնա­վար մար­զի զի­նուոր­նե­րը նախ­քան ահա­բեկիչ­նե­րու գա­լը լքած էին տա­րած­քը, ամ­բողջո­վին ան­պաշտպան թո­ղելով տե­ղացի ժո­ղովուրդը։ Ար­դա­րեւ ահա­բեկիչ­նե­րը առանց դի­մադ­րութեան հան­դի­պելու յար­ձա­կեցան տե­ղացի ժո­ղովուրդին վրայ եւ ժա­մերու ըն­թացքին սպա­նեցին բազ­մա­հազար էզ­տի­ներ եւ նաեւ նոյնքան կա­նայք գե­րավա­րելով տա­րին իրենց իշ­խած քա­ղաք­նե­րը, որ­պէս գե­րի վա­ճառելու հա­մար։

Ան­գամ մը եւս մարդկա­յին մեծ ող­բերգու­թիւն մը կ՚ապ­րո­ւէր քա­նի մը եր­կիրնե­րու կամ պե­տական մար­միննե­րու հա­մաձայ­նութեամբ։ Շեն­կա­լի էզ­տի­ներու ամ­բողջա­կան բնաջնջու­մը կա­սեց­նո­ղը եղաւ 12 քիւրտ ռազ­միկնե­րու դի­մադ­րութիւ­նը եւ պաշտպա­նու­թիւնը։ Անոնցմէ ինը ար­դէն զո­հուե­ցան այդ բա­խումնե­րու ըն­թացքին։ Իսկ երե­քը ձեր­բա­կալո­ւեցան Հիւ­սի­սային Իրա­քի ինքնա­վար քրտա­կան մար­զի իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։ Այս վեր­ջիննե­րուն ճա­կատա­գիրը մին­չեւ օրս կը մնայ անստոյգ։

Էզ­տի­ները 3 Օգոս­տո­սի այս կո­տորա­ծը անո­ւանե­ցին «72-րդ ֆեր­ման» (հրո­վար­տակ)։ Ինչպէս ծա­նօթ է ֆրե­ման կամ հրո­վար­տակ բա­ռը կը նկա­րագ­րէ թա­գաւո­րական կամք։ Հե­տեւա­բար էզ­տի­ներ իբ­րեւ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւն դա­րերու ըն­թացքին հա­լածուեցան տա­րածաշրջա­նի զա­նազան կրօն­նե­րու պատ­կա­նող իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։ Ներ­կա­յիս էզ­տի­ներու մե­ծագոյն սփիւռքը կը գտնո­ւի Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան սահ­մաննե­րու մէջ, ուր անոնք հա­մեմա­տաբար աւե­լի հան­դուրժո­ղական պայ­մաննե­րու տակ կը շա­րու­նա­կեն պա­հել ու աւան­դել իրենց հա­ւատ­քը ու մշա­կոյ­թը։

Հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան հա­մար խիստ դաս­տիարա­կիչ օրի­նակ մըն է ՄԱԿ-ի նման մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րու առ­կա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն իսկ ժո­ղովուրդի մը խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թին հե­տեւիլ բո­լորո­վին ճա­րահա­տութեան պայ­մաննե­րուն տակ։ Այս օրի­նակին մէջ էզ­տի­ներ թե­րեւս պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ մեր­ժե­ցին իրենց կրօն­քի թե­լադ­րած մար­դասպա­նու­թիւնը ար­գի­լող կա­նոն­նե­րը եւ այս յար­ձա­կու­մէն ետք կազ­մե­ցին ինքնա­պաշտպա­նու­թեան ջո­կատ­ներ։ Այ­սօր անոնք Սու­րիոյ ժո­ղովրդա­վարա­կան ու­ժե­րու ամ­բողջու­թեան մէջ ու­նին իրենց զի­նեալ ան­ջատ միաւո­րու­մը, որ կը մար­զո­ւի քիւրտ ֆե­տայի­ներու կող­մէ։

3 Օգոս­տո­սի թո­ւակա­նը այդ դէպ­քէն ետք սկսած է նշո­ւիլ աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ որ­պէս էզ­տի­ներու ցե­ղաս­պա­նու­թեան օր։

Կա­րելի է ըսել թէ յա­նուն մարդկու­թեան աշ­խարհի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րը պար­տա­կան են էզ­տի­ներու՝ այս խա­ղաղա­սէր փոք­րա­գոյն ժո­ղովուրդին ամէն գնով օգ­նե­լու եւ օժան­դա­կելու։ Որով­հե­տեւ ինչպէս գի­տենք հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փոր­ձէն այս տե­սակի աւեր­նե­րու դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին տա­րինե­րու տե­ւողու­թեամբ։ Ճիշդ ալ այս հա­մոզու­մին իբ­րեւ ապա­ցոյց լրա­տու գոր­ծա­կալութիւն­ներ կը յայտնէին, թէ Ան­գա­րայի մէջ փրկա­գին վճա­րելով ազա­տուած է էզ­տի երի­տասար­դուհի մը գե­րավա­րու­թե­նէն վեց տա­րի անց։ Այս լու­րը հա­ղոր­դո­ւելու պա­հուն երի­տասար­դուհին հե­ռացած էր Թուրքիայէն եւ ար­դէն միացած էր փրկա­գինը վճա­րող իր ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն, որոնք բնա­կու­թիւն, հաս­տա­տած են Ավստրա­լիա։ Լրա­տուու­թիւնը հոս կ՚աւար­տի առանց տե­ղեկու­թիւն տա­լու, թէ ոս­տի­կանա­կան ու դա­տական ի՞նչ գոր­ծո­ղու­թիւն կա­տարո­ւած է, այդ երի­տասար­դուհին Ան­գա­րայի մէջ պա­հած «Իս­լամ Պե­տու­թեան» ահա­բեկիչ­նե­րուն հան­դէպ։ Ար­դեօք հար­ցաքննո­ւա՞ծ է անոր Շեն­կա­լէն մին­չեւ Ան­գա­րա հաս­նող ճամ­բորդու­թեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Այս հար­ցումնե­րը ցարդ կը մնան ան­պա­տաս­խան, բայց ծանր կաս­կա­ծի տակ կը դնեն Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը։ Որւվհե­տեւ գի­տենք թէ «Իս­լամ Պե­տու­թիւն» ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութիւ­նը Հիւ­սիւսա­յին Սու­րիոյ, Հիւ­սիւսա­յին Իրա­քի եւ այժմ ալ Լի­պիոյ մէջ գոր­ծա­կատարն է Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեն։

Ան­գամ մը եւս ցնդած կ՚երե­ւի յատ­կա­պէս հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օրե­րուն ար­տա­սանուած «Ան­գամ մըն ալ եր­բեք» կար­գա­խօսը։ Յայտնի է, որ գեր­տէ­րու­թիւննե­րու եւ անոնց կող­քին իրենց չա­փով մրցակ­ցութեան մաս­նակցող մի­ջին տա­րողու­թեամբ եր­կիրնե­րու ծա­ւալա­պաշտ քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րը այ­սօր եւ ապա­գային պի­տի կրկնեն մարդկութեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցանքի բնոյթ ու­նե­ցող այս տե­սակի ոճիր­նե­րը եւ պի­տի պաշտպա­նուին ան­պատժե­լիու­թեան զրա­հի մը մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ