Թորոնթոբնակ ճարտարագէտ, դաշնակահար եւ հասարակական գործիչ Ռաֆֆի Պետրոսեանի Թուրքիոյ ծպտեալ հայերու ոդիսականը ուսումնասիրող գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ «Փրկիչ» հրատարակչատան կողմէ։ Այս առումով ծաւալուն զրոյց մը ունեցանք Պետրոսեանի հետ։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ զգացումներ ունիք գրքի թրքերէն թարգմանութեան առթիւ։
Այս գիրքը անցեալ տարի անգլերէնով հրատարակուած էր «Կոմիտաս Ինստիտուտ»ի կողմէ։ Այս հրատարակութիւնը բաւական լայն արձագանգ գտաւ հայկական սփիւռքի մէջ։ Գիրքի շուրջ 60 յօդուածները կը վերաբերին Թուրքիոյ հայոց, ծպտեալ հայերուն եւ վերջերս իր արմատներուն վերադարձող հայերուն։ Երկար ժամանակէ ի վեր պահանջը կը զգացուէր թրքերէնի թարգմանութեան։ Թարգմանութիւնը կատարեց Հայրի Զաֆէր Քորքմազ եւ հրատարակութիւնը ստանձնեց «Փրկիչ» հրատարակութիւնը։ Ֆեթհիյէ Չեթին եւ Թաներ Աքչամ երկու նախաբանով տեղ գտան գրքին մէջ։ Ուրախ եմ որ այս յօդուածներուն մէջ տեղ գտած մարդիկ եւս պիտի կրնան կարդալ իրենց մասին գրուած այս գիրքը։
Ինչո՞ւ համար կը գործածէք «Ծպտեալ հայեր» եզրը, քանի կայ նաեւ «մուսլումանացած» կամ «մուսլումանացուած» հայեր բացատրութիւնները գործածողներ։
Իրականութեան մէջ այդ բոլորը կարելի է հոմանիշ համարել։ 1915-ի ցեղասպանութենէն փրկուելով թրքական որբանոցներու, թուրք կամ քիւրտ ընտանիքներու մօտ մուսլումանացած բազմաթիւ հայ աղջիկներ կամ տղաներ կային։ Անոնցմէ մէկ մասը իրենց հայ ինքնութիւնը գաղտնիք մը ըլլալով պահեց եւ հազիւ մահուան շեմին փոխանցեց յաջորդ սերունդին։ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք անոնցմէ ոմանք որոշեցին վերադառնալ իրենց հայ արմատներուն եւ հաղորդուիլ հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատքի հետ հաղորդուելու։
Գրքիս մէջ կը պատմեմ անոնք դէպի այս ուղղութեան մղող գործօնները մատնանշել եւ նաեւ նշել իմ համեստ դերակատարութիւնը։ Այդ գործօններու շարքէն են Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, այդ քաղաքին մէջ Հրանդ Տինք Հիմնարկին կազմակերպած միջազգային բանախօսութիւնը, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կայացած զանգուածային նախաճաշերը եւ այլ ընկերամշակութային միջոցառումները, Տիարպէքիր եւ Տէրսիմի մէջ կայացած հայերէնի դասընթացքները եւ դէպի Հայաստան կայացած հաւաքական շրջագայութիւնները։
Ըստ ձեզ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ թիւ կը կազմեն ծպտեալ կամ իսլամացած հայերը։
Դժուար հարցում մըն է այս։ Եթէ վերադառնանք 1915 թուին, կարգ մը հետազօտողներու համաձայն 200 հազար հայ որբեր եղած են որբանոցներու մէջ։ Տարագրութենէ խուսափելու համար իսլամացածներու մասին ալ կը նշուի 100 հազար թուանշանը։ Եթէ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ բնակչութիւնը եօթը անգամ աւելացած է անցնող հարիւր տարուայ ընթացքին, կրնանք ենթադրել 2 միլիոնի շուրջ բնակչութիւն մը։ Նոյնիսկ կարելի է յաւելել 1894-1896 տարեթիւերու կոտորածներուն հաւաքաբար կրօնափոխ եղած բազմահարիւր գիւղերու բնակչութիւնը եւ դարեր առաջ մահմետականացած համշէնցի հայերը։ Անշուշտ պէտք չէ շփոթել հայ արմատներ ունենալ եւ ծպտեալ հայ ըլլալու երեւոյթները։ Անոնցմէ որքանը կը գիտակցի իր հայ ծագումին, որքանը կը փափաքի իր արմատներուն վերադառնալ բոլորովին անորոշ է։
Քրտական խնդրի խաղաղ եղանակով լուծուելու ջանացուած տարիները մուսլումանացած հայերուն համար ալ համեմատաբար աւելի հանգիստ շրջան մըն էր։ Այժմ ի՞նչ դժուարութիւններ կան։
Այդ շրջանը բովանդակ երկրի համար դէպի ժողովրդավարութիւն ընթացող ժամանակահատուած մըն էր։ Ափսոս որ այժմ աւարտած է այդ շրջանը եւ զգալի խտրականութիւն մը կը նկատուի թուրք եւ սուննի չեղողներու հանդէպ։ Այս շրջանին կրկին ծայր առաւ հայոց դէմ ատելութիւնը։ Վերանորոգուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ծանրօրէն վնասուեցաւ բախումներու շրջանին, քանի որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը ռազմախարիսխի վերածած էին հայոց պատմական տաճարը։ Այժմ կը տեսնենք թէ եկեղեցին կը վերանորոգուի պետութեան միջոցներով։ Յուսամ թէ կրկին կը վերադառնանք անցեալի այդ լաւ օրերուն։
Լսած եմ որ աջակցած էք բազմաթիւ մկրտութիւններու։ Այդ մկրտութիւնները այսօր ալ կը շարունակուի՞ն։
Երբ ծպտեալ հայերէ բաղկացող խումբերուն կ՚առաջնորդէի Հայաստանի մէջ, ոմանք ցանկութիւն ունեցան մկրտուելու։ Այդ մկրտութիւնները կատարեցինք Էջմիածնի մէջ։ Սակայն ափսոս, որ յաջորդող ուղեւորութիւններուն նոյն բանը չկրցանք ընել Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանի միջամտութեամբ արգելք հանդիսանալուն պատճառաւ։
Իսթանպուլի Պատրիարքարանի այս մերձեցումը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։
Ես չեմ բաժներ Պատրիարքարանի այս կեցուածքը։ Հայ ինքնութեան գիտակցող անհատը իր դէմ ծառացող դժուարութիւնները, սպառնալիքները, ճնշումները յանձն առնելով, երբ կ՚ուզէ իր հայ ինքնութեան դառնալ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ կամքը խորտակելու։ Այս պահուն մեզի կը վիճակի միայն օգնական ըլլալ։ Միւս կողմէ կը տեսնեմ, որ Թուրքիոյ մէջ օրըստօրէ կ՚աւելնայ պատմական ճշմարտութիւննրու գիտակցողներու թիւը։ Թուրքեր, քրտեր կամ հայեր բոլոր մարդկութիւնը պիտի նախընտրեն խաղաղութեան մէջ միատեղ ապրիլը։ Այդ ճանապարհին շատ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան ինքնութեան մեծ ցնցում ապրած եւ ապա ինքնութիւնը վերագտած ծպտեալ հայերը։