Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգի քաղաքականացման բազում երեւոյթներու մէջ խորհրդանշական տեղ մը ունի մարդու իրաւունքներու պաշտպան, հասարակական գործիչ, հայկական մշակութային ձեռնարկներու հովանաւաոր Օսման Քաւալայի գերեվարութիւնը։ Արդարեւ Քաւալայի օրինակին մէջ անիմաստ է «ձերբակալութիւն»ի նման իրաւական եզրի մը գործածութիւնը, քանի որ Քաւալայի ներկայ բանտարկութիւնը դատական գործընթացքէ մը աւելի կառավարութեան որոշումի հանգամանք մը կը պարզէ։
25 Յուլիսին Օսման Քաւալա աւարտեց Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ բանտարկութեան 1000-րդ օրը։ Ան նախ բերման ենթարկուած ու ձերբակալուած էր «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերը կազմակերպելու անհիմն պնդումով։ Ձերբակալութենէն 20 ամիսներ անց կայացաւ Քաւալայի առաջին դատավարութիւնը։ Այդ նիստի ընթացքին Քաւալա եւ փաստաբանները դիւրաւ ջրեցին դատախազին ներկայացուցած բոլոր մեղադրանքները, որոնք հիմնուած էին կեղծ վկաներու խօսքերուն վրայ։ Վերջապէս դատարանը որոշեց մեղադրեալ Քաւալան անպարտ հռչակելու։ Համակարիրներ փութացին Սիլիվրիի արգելանոցը զինք դիմաւորելու համար։ Սակայն ժամեր անց հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի միջամտութեամբ իսկոյն նոր մեղադրանք մը ներկայացուեցաւ եւ Քաւալա կրկին մնաց ճաղերու ետեւ։ Այս երկրորդ մեղադրանքը նոյնքան անհիմն էր, քանի որ այս անգամ ալ Քաւալան կը մեղադրուէր 15 Յուլիսին ձախողած զինուորական հարուածին նպաստելու մեղադրանքով։
Քաւալայի փաստաբանները երկիրի մէջ տիրող այս ապօրինութիւնը փոխանցեցին ԵՄԻԱ։ Եւրոպայի ատեանը քննարկելով Քաւալայի թղթածրարը Թուրքիոյ թելադրեց իսկոյն ազատ արձակում։ Սակայն Թուրքիոյ կառավարութիւնը մերժեց այս միջամտութիւնն ալ եւ Քաւալայի գերեվարութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս։
Ինչպէս որ նշած ենք գրութեան սկիզբին Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մտաւորականութիւն եւ քաղաքական գործիչներ կը բաժնեն նման ճակատագիրը եւ իրաւական սկզբունքներով անընդունելի պայմաններուն մէջ կը մնան ազատազրկուած։ 1000-րդ օրը խորհրդանշական անկիւնադարձ մը ըլլալով, թէ երկրէ ներս եւ թէ համաշխարհային առումով զանազաններ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին անիրաւութեան զոհ դարձած Քաւալայի հանդէպ։