Հրանդ Տինք Հիմնարկը աջակցելով «Ֆրիտիխ Նուման» հիմնարկի 11-12 Դեկտեմբեր 2020 թուականին կը կազմակերպէ առցանց բանախօսութիւն մը նիւթ ունենալով ատելութեան պատգամ եւ խտրականութիւնը։
Հիմնարկը միջազգային բնոյթի այս բանախօսութիւնով կը մտադրէ ատելութեան պատգամ եւ խտրականութիւն պարունակող արտայայտութիւններու պատճառած խնդիրներուն հետ պայքարելու եղանակներ մշակել։ Զանազան երկիրներու այս նիւթէ ներս ունեցած փորձառութիւններուն, ռազմավարութիւններուն եւ ակադեմական բնոյթի աշխատութիւններուն փոխանակումը ակնկալուած է։ Թէ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ համաշխարհային գետնի վրայ խիստ տարածուած խնդիր մըն է կիներու, երախաներու տարբեր սեռային նախընտրութիւններ ունեցողներու, ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ուղղեալ ատելութեան պատգամները։ Բարձրացող ազգայնական եւ ամբոխավարական պատգամները երկիրներէ ներս պատճառ կը դառնան, բեւեռացումի, օտարներու, ապաստանեալներու եւ գաղթականներու դէմ թշնամութեան։ Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է համաշխարհային առումով գիտակցութեան բարձրացումը եւ պայքարելու նոր եղանակներու յայտնաբերումը։
2019-ի ձմրան սկիզբ առած եւ քանի մը ամսուայ ընթացքին ամբողջ աշխարհին ծաւալած համավարակի համար ասիացիները եւ յատկապէս չինացիները որոշ շրջանակներու կողմէ ներկայացուեցան որպէս հիւանդութեան պատճառները։ Այս ժամանակահատուածի ընթացքին ալ աւելի ծաւալեցաւ օտարներու հանդէպ վերապահութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, փոքրամասնութիւններու ուղղեալ թշնամութիւնը։ Այս խմբակցութիւնները դիտուեցան իբրեւ հասարակութեան անդորրին հանդէպ սպառնալիք ըլլալով։
Ճորճ Ֆլոյտին ԱՄՆ-ի մէջ ոստիկանական բռնութեան հետեւանքով սպանութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ հետզհետէ Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Պրազիլ եւ Ինտոնէզիոյ նման երկիրներու կողմէ ալ խտրականութեան դէմ բողոքի ալիքի մը ծաւալման պատճառ դարձաւ։
Ատելութեան պատգամներու եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարը այս ու նման գործօններու միջոցաւ ալ աւելի կը ծաւալի։ Ընկերային ցանցերու ապատեղեկատուութեան, ատելութեան պատգամի եւ յարձակողական կոչերու դէմ պայքարը ուշագրաւ հանգրուանի մը հասած է։
11-12 Դեկտեմբեր 2020-ին ծրագրուած միջազգային բանախօսութեան ընթացքին հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ակադեմականներու, իրաւաբաններու, արհմիութիւններու, մամուլի գործիչներու մէկտեղումով քննարկման նոր դաշտ մը պիտի գոյանայ։ Այս յայտարարութեամբ կոչ կ՚ընենք նիւթի համար նախապէս աշխատութիւնն տարած կամ ուսումնասիրութիւններ ունեցած շրջանակներուն։ Բանախօսութիւնը անգլերէն եւ թրքերէն երկլեզու պիտի կատարուի։ Հարցում պատասխաններուն ժամանակ յատկացնելու համար ելոյթները սահմանափակուած են 20 վայրկեան տեւողութեամբ։ Բանախօսութիւնը ուղիղ եթերի դրութեամբ պիտի սփռուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի, «Դիմատետրի», «Թուիթըր»ի եւ «Եութուպ»ի հաշիւներէն։
Մասնակիցներէն կը խնդրուի իրենց պատրաստած զեկոյցին անգլերէն ամփոփումը 300 բառի սահմանումով եւ կենսագրական գիտելիքներով մինչեւ 7 Սեպտեմբեր 2020 տեղադրել հիմնարկի պատրաստած դիմումի էջին։
Նիւթի հետ առնչուած մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջէն։