12Յուլիսին եւ յաջորդող օրերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծի վրայ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու արձագանգները կը շարունակուին հայկական եւ ատրպէյճանական սփիւռքներու մէջ։ Ինչէս ծանօթ է դէպքերու ընթացքին կողմերը զիրար մեղադրեցին առաջին յարձակումը կազմակերպելու պնդումով։ Արդարեւ այս պնդումը սփիւռքի մէջ տեղի տուաւ հակադրուած կողմերու իրարու դէմ բողոքի ցոյցերու ձեռնարկելուն։ Նոյնիսկ կարգ մը վայրերու մէջ ցուցարարներ դէմ առ դէմ եկան մտահոգիչ պատկերներ գոյացնելով։
Նման միջադէպ մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, երբ ազերիներէ բաղկացող խմբակ մը յարձակեցաւ երեք հայ երիտասարդներու վրայ։ Այդ կռիւի մէջ տղոցմէ մէկը յաջողեցաւ պատահածը իմացնել իր հօրը։ Այս լսելով հայրը իր ընկերներուն հետ միասին փութաց դէպքին վայրը, բայց մինչ այդ ատրպէյճանցիները արդէն փախուստի դիմած էին։ Բարեբախտութիւն է, որ այդ ծեծկրտուկը լուրջ վնասներ չէ պատճառած, բայց անշուշտ Գումգաբու բնակուող հայերու մօտ զգալի է որոշ մտավախութիւն։
Այս զարգացումները լսելով ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Կարօ Փայլան իսկոյն հանդիպած է Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի հետ, զայն զգուշացնելով հաւանական անբաղձալի զարգացումներու դիմաց զգօն գտնուելու համար։