ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Սանձարձակ կը շարունակուի իբրեւ թէ «աշխոյժ» բայց իրականութեան մէջ ծաւալապաշտ Իսլամա- ազգայնական հոսանք մը։ Վիճելի է թէ այս երթը որքանով ծրագրուած քաղաքականութիւն է, որքանով օրուայ զարգացումներուն հակազդեցութիւն։ Սակայն յստակ է թէ Թուրքիա «Խնդիր լուծող»է աւելի «խնդիր հրահրող» դերակատարութիւն մը որդեգրած է։ Յիշենք մօտ անցեալը։ Քրտական հարցի մէջ «ճնշել, ճզմել»ու քաղաքականութիւնը իւրացնելէ ետք առիթ կը փնտռուէր Սուրիոյ քրտաբնակ տարածքը ցրուելու համար։ Արդարեւ փորձուեցաւ այդ միջոցը, բայց կարելի չեղաւ ակնկալուած արդիւնքին հասնիլ։ Ռուսաստան ազդարարեց որ տարածաշրջանը այդքան ալ անտէր չէ։ Թուրքիա թէեւ պահեց այդ հատուածի մէջ իր գոյութիւնը, բայց ստիպուեցաւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը ընդունիլ։ Սահմանափակ տարածքի մը վրայ միասնաբար պահակազօրքով հսկումը յատուկ նշանակութիւն մը չունի։ Սակայն այս դիրքն ալ բաւականին խոցելի է։ Նախորդ շաբաթ Ռուս- Թուրքական պահակազօրքի ուղղեալ յարձակումը ապացուցեց թէ հոս ալ գործերը այդքան ալ հեշտ չեն ընդանար։
Ապա վրայ հասաւ Լիպիոյ ոստումը։ Յունաստանի եւ Եգիպտոսի Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի մէջ ընդծովեայ ուժանիւթի որոնման աշխատութիւններու իբր պատասխան, Թուրքիա Սարաճի կառավարութեան զօրակցելու համար զօրք ուղարկեց դէպի Լիպիա։ Այսպէսով կողմ եղաւ այդ երկրի քաղաքացիական պատերազմին։ Այստեղ եւս բախաւ Ռուսական գործօնին, բայց յայտնի է որ հոն հաւասարակշռութիւնները ալ աւելի փափուկ են։ Եգիպտոս եւս ներգրաւուած է այս խնդրին։ Միջերկրականի ջուրերու տաքացումը Թուրքիան ու Ֆրանսան դէմ առ դէմ պիտի դնէ Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի շրջանակին մէջ։ Ուրեմն Թուրքիա այս օրինակով եւս ինքզինք դրաւ անլուծելի խառնակութեան մը մէջ, որու շնորհիւ կը նպատակադրէ արեւմտեան աշխարհի հետ հաւանական բոլոր գետիններու վրայ հսկելի լարուածութիւն մը ապահովել։
Այս համայնապատկերին մէջ զգուշօրէն նկատի ունենալու ենք Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը։ Ճիշդ է որ այս որոշումը յայտնի գոհացում պիտի պատճառէ երկրի հասարակութեան կրօնամէտ- ազգայնական հատուածին։ Հաւանաբար պիտի նպաստէ նաեւ իշխանութեան օրըստօրէ թուլացող վարկը որոշ չափով բարձրացնելու։ Սակայն այս ռազմավարութեան հաւանական հետեւանքներուն նայելով կատարուածը, Միջերկրականի մէջ աւելի սրուած պայմաններու տակ Յունաստանին ուղղեալ քայլ մը ըլլալով պէտք է ընկալել։
Եւ անշուշտ այդքան ալ չէ, կայ աւելին։ Բոլոր այս «աշխոյժ քաղաքականութիւն»ները արեւմուտքի դէմ ալ խաղաքարտի մը յատկութիւնը ունին։ Թէեւ քանի որ արդէն իսկ սպառուած փամփուշտ դարձաւ, վիճելի է Սուրբ Սոֆիայի խնդրին իբրեւ խաղաքարտ օգտագործումը։ Սակայն ըստ երեւոյթի Յունաստան, ԵՄ, ԱՄՆ առանցքին ուղղեալ պատգամ մը կայ, ըստ որում Թուրքիան այն երկիրն է, որու հետ պէտք է զգոյշ յարաբերիլ։ Նշեալ առանցքն ալ յատկապէս Թրամբի ցրուածութեան պատճառաւ զուրկ է յստակ դիրք մը որդեգրելէ։ Այսպէս է կայսերապաշտ քաղաքականութիւնը։ Ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ ճեղք մը կը գտնէ եւ այդ ճեղքը ալ աւելի խորացնելով իրեն ճամբայ կը բանայ։
Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտել Թուրքիոյ Հայաստան, Ատրպէյճան հակամարտութեան այսպէս ուղղակի միջամտութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան եւ Ատրպէյճան 12 Յուլիսէն այս կողմ սահմանային լարուածութիւն, աւելի ճիշդ բախումներ կ՚ապրին։ Ուշագրաւ է թէ այս բախումները առաջին անգամ ըլլալով Ղարաբաղեան տարածքէն փոխադրուած է Հայաստանի տարածքին։ Հայաստան կ՚ըսէ թէ բախումները սկսած են Ատրպէյճանական կողմի թնդանօթաձգութեամբ։ Իսկ Ատրպէյճան կը պնդէ թէ Հայաստանն է նախայարձակը։
Հայաստանի վերլուծաբաններու համաձայն սահմանագծի Տաւուշի հատուածը երկրի զինուորական առումով ամենաթոյլ տարածքն է, հետեւաբար տրամաբանութենէ հեռու է բախումներուն Հայաստանի կողմէ սկսելու հաւանականութիւնը։ Մինչ այդ կ՚արժէ յիշել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Յունիսի սկիզբներուն ունեցած յայտարարութիւնը, երբ ան այլեւս անպէտ կը համարէր Ղարաբաղեան բանակցութիւնները։
Պարտինք յիշել թէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեան նոյնիսկ համավարակի պայմաններուն մէջ, հեռակայ դրութեամբ ալ ըլլայ կը շարունակեր իր նախկին պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամետեարովի հետ բանակցութիւնները։ Բախումներու հրատապ օրերուն Ալիեւի Մամետեարովի ուղղեալ նուաստացուցիչ ելոյթները եւ այս վերջինիս ալ հրաժարումը պէտք է այս տեսանկիւնէն ալ դիտել։
Երբ բախումները մտահոգութեան պատճառ կը դառնային միջազգային գետնի վրայ, Թուրքիա անվերապահ կերպով զօրակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանին, Հայաստանի նկատմամբ «թող խելքը գլուխը հաւաքէ» կամ «հասակը կ՚անցնի»ի նման շարք մը խիստ յայտարարութիւններ կատարելով։ Այս բնոյթի ելոյթներով Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ Նախիջեւանի Ինքնավար Մարզի զօրապետ Քերեմ Մուսթաֆաեւի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ նախարար եւ օդային ուժերու հրամանատար Ռամիզ Թահիրովի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլեր եւ այլ զօրավարներ։ Ժողովի Ընթացքին Աքար սպառնական բնոյթի ելոյթներ ունեցաւ. «Սա իսկապէս հայոց հասակէն վեր գործ մըն է։ Կ՚ըսենք թէ անպայման պիտի հատուցեն այս արարքին հաշիւը» ըսելով։ Նոյն օրերուն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւն ունեցող հինգ կուսակցութիւններէն չորսը Հայաստանը մեղադրող յայտարարութիւն մը հրապարակեցին։
Այո, 2000-ական տարեթիւերու Ֆուտպոլային դիւանագիտութենէն, բանաձեւերու գործընթացէն ետքայլ ընելով հոս հասանք։Այս յիշեցումը կ՚ընեմ ըսելու համար թէ եթէ կամք գոյանայ, կարելի է աւելի շինիչ մերձեցում մը որդեգրել։ Սակայն Թուրքիա իր իւրացուցած քաղաքականութիւնով ի սկզբանէ նախընտրեց «Կրնանք հարուածել Մեծամորը» ըսող Ատրպէյճանին զօրակցիլ։
Արդէն երբ դիտենք բախումներու ընթացքը, կողմերուն «ողջմտութիւն» եւ «զինադադար» թելադրող միջազգային հասարակութեան մէջ բռնկած կրակին փքոցով վազող միակ երկիրը Թուրքիան է։
Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ ձեռնունայն մնացած կառավարութիւնը յայտնի է թէ յարմար պատառ կը տեսնէ Հայաստանը։ Սակայն հոս եւս պիտի հարկադրուի Ռուսաստանի հետ դէմ առ դէմ գալու։ Արդարեւ Ռուսաստանի տարածաշրջանի մէջ մեկնարկած ռազմափորձերն ալ Թուրքիոյ ուղղեալ պատգամ մըն են։
Ինչ որ է, բացի այս բոլորէն, կէտ մը շեշտադրելով աւարտենք գրութիւնը։ Եթէ կամք ըլլայ, կարելի է։ Ստիպուած չէք ազգայնականութիւնը, բռնութիւնը քրքրելու։ Ֆութպոլի դիւանագիտութիւնը յենակէտ մըն էր։ Կրնաք գոնէ այդ յենակէտին հասնիլը նպատակադրել։ Ինչո՞ւ չէ։
(Յօդուածը առաջին անգան թրքերէն բնագիրով լոյս տեսաւ 19 Յուլիս 2020-ին, (Արթը Կերչէք) կայքէջին վրայ։)