ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ
Ամէն մահ կանխահաս է։ Եղբօրս Ալպերթին մահը իսկապէս վաղաժամ էր։ Հազիւ 60 տարեկանին, իր ստեղծած գեղեցկութիւնները վայելելու առանց առիթ գտնելու հեռացաւ մեզմէ։ Դուստրերուն, ամուսնալուծուած կնոջ եւ բոլոր սիրողներուն ցաւակցութիւն կը յայտնեմ։
2009-ին «Անատոլիայի որդիները» գրքիս նախապատրաստութեան օրերուն հանդիպած էի իրեն։ Մտքիս դրոշմուած է «Ես խաղաղութեան, բարեկամութեան կողմնակից եմ։ Խաղաղութեան եւ բարեկամութեան համար կը կարօտինք փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան։ Ես կը փորձեմ հասկնալ իմ թուրք բարեկամները։ Թուրքերն ալ պէտք է զիս որպէս ասորի տեսնեն եւ հասկնալ ջանան։
Մայրս Մարի հայ էր, իսկ հայրս ասորի։ Մայրս աւելի ետք մուսլումանի մը հետ ամուսնացաւ ու դարձաւ Սեմրա։ Խորդ եղբայրներս թուրք եւ մուսլուման են։ Իմ անունը Ալպերթ է, ազգանունը Սեւինչ։ Անունով ասորի եմ, ազգանունով թուրք։ Այսքան հակասութիւն դժուար թէ պատահի։
Թրքերէն ազգանունը Գերմանիոյ մէջ որոշ դժուարութիւններ ստեղծեց։ Կրնայի փոխել ազգանունս, բայց այդ մէկը ինքնութեանս մէկ մասը ուրանալ պիտի նշանակեր։ Հիմա կ՚ուզեմ թէ ընտանիքիս հետ խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը վայելեմ։ Զաւակներուս ապահով ապագայ մը թողուլ կ՛ուզեմ։ Իմ ապրած դժբախտութիւնները իրենք չապրին»։
Ալպերթ Սեւինչ Հատոտոյի հետ ծանօթացայ 14 Փետրուար 2001-ին, երբ կը պատրաստուէի Քէօլնի հայ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» գրքիս ընթերցման միջոցառումին։ Այդ հանդիպումէն ետք Ալպերթ իմ ընկերը, հարազատը, մտերիմը դարձաւ։ Իր բարեկամութիւնը միշտ ուժ ներշնչեց։
Ծնած էր 20 Հոկտեմբեր 1960-ին Իսթանպուլ։ Մանկութիւնը անցած էր Միտյաթ։ Ուսանած էր Իսթանպուլի Աթաթիւրքի անուան երկրորդական դպրոցը։ Դպրոցական տարիներուն դասընկերներուն ձայներով ընտրուած էր դասարանի ներկայացուցիչ։ Սակայն զինուորական նախագիտելիքներ առարկայի ուսուցիչ գնդապետ մը առարկած էր այս ընտրութեան. «դասարանը ներկայացնելու համար թուրք մը չէ՞ք կրցած գտնել» ըսելով։ Այս դէպքը Ալպերթին համար համբերութեան բաժակը յորդեցնող նշանակութիւն ունեցաւ։ 1978-ին աւարտեց դպրոցը։ 28 Յունիս 1978-ին, 17 տարեկան էր երբ իր գլխուն մեկնեցաւ Գերմանիա։ Հակեն համալսարանի ճարտարապետութեան բաժինը աւարտեց 1988-ին։ 30 տարիներ չի կրցաւ երթալ ծննդավայր երկիրը։
Սրտանց կապուած էր ծննդավայրին՝ Թուր Ապտինին, Միտյաթին։ «Մանկութեան տարիներուս Միտյաթը շատ կարօտած եմ։ Չեմ մոռացած մեր տան այգիի եզրին թզենին։ Կը մագլցէի ճիւղերուն եւ թուզ կ՚ուտէի»։
Թէ քիւրտ, թէ մահտեսի եւ թէ եօթ պորտով հայ, Քիւրտ Հաճի Մեհմետ Տեմիրճիեան եւ կինը Քատրիյէ Պագըրճըեան գիտէին Ալպերթի այդ կարօտը եւ Միտյաթէն իրենց բերած թզենիի տունկը տնկեցին անոր պարտէզը։
2009-ի Ապրիլն էր։ Ասորիներու մասին ուսումնասիրութիւններ ընելու համար Միտյաթ պիտի երթամ։ «Ի՞նչ կ՚ուզես որ բերեմ» հարցուցի Ալպերթին։ «Ափ մը հող ու քարի կտոր մը» պատասխանեց։ 1915-ին ասորիներու դիմադրութեան կեդրոններէն Այնվարտօ գիւղէն ափ մը հող ու քարի կտոր մը բերի իրեն։ Հողին բուրմունքը շնչեց, շոյեց քարը ու դրաւ սեղանին վրայ։
Ալպերթ զգայուն էր բայց զգացումները յայտնի չէր ըներ։ Ներքուստ կ՚ապրէր իր զրկանքները, կարօտները։ Շատ աշխատեցաւ, ինք կերտեց իր կեանքը։ Տուսելտորֆ քաղաքի ամենայայտնի ճարտարապետներէն մէկն էր։
Գիշեր մը զիս իր տունը հրաւիրած էր։ Զրոյցի ընթացքին հարց տուի թէ ինչպէ՞ս կը գտնէ աշխատելու այդ կորովը իր մէջ։ Զիս առաջնորդեց շրջանակուած գծագրութեան մը մօտ։ «Սա իմ տոհմածառն է։ Հալէպաբնակ ողորմած հօրեղբայրս պատրաստած է 1990-ին։ Իմ պապերս սեռած են բազմանդան ասորի գերդաստանէ մը։ Բայց կը տեսնես թէ տոհմածառին կարգ մը ճիւղերը հատուած են։ Թէ մօրենական եւ թէ հօրենական կողմէ բաւականին զոհ տուած ենք ցեղասպանութեան շրջանին։ Մեծմօրս հայրը եկեղեցւոյ զանգակատան մէջ սպանած են։ Այս ծառը շատ աւելի խիտ ճիւղեր կ՚ունենար, եթէ այդքան ծանր չապրէինք մեծ եղեռնի արհաւիրքը։
Շնորհալի էր ու երախտապարտ։ Հաւատարիմ էր իր ազգային ու համամարդկային բարքերուն։ 2008-ին ձեռնարկեց իր անունով հիմնադրամի մը հաստատման գործին։ Հիմնադրամի պաշտօնական բացումը կայացաւ 20 Մայիս 2017-ին Տուսելտորֆ, Մաքսհաուզի մէջ յատուկ միջոցառումով մը։ Հիմնադրամը կը նպաստէ ասորի, հայ եւ գերմանացիներու, յատկապէս ալ իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ առեւանգուած, բռնաբարուած եզտի կանանց։
«Որդիկ Կիւլպենկեան Հանգստեան Տան» բացման մասնակցելու համար 17 Օգոստոս 2018-ին Գերմանիոյ Եզդիներու Խորհուրդի նախագահ Տոքթ. Իրֆան Օրթաչ, ասորիներու պարբերականի եւ «Սուրոյօ» հեռուստակայանի հիմնադիր անդամ, Եւրոպայի Ասորիներու Միութեան վարչութեան անդամ Եասեֆ Պեթ Թուրոյի հետ Հայաստան գացինք։ Յաջորդ օր Կիւմրիի մէջ կայացող բացման հանդէսին Ալպերթ շատ ուրախ կ՛երեւէր։ Բացումը կատարած հանգստեան տունը պիտի ծառայեր կիւմրեցի անպատսպար տարեցներուն։ Չէինք գիտեր թէ այս անոր իր ընկերներուն, հարազատներուն հետ վերջին հանդիպումն է։ Հոն էին իր ամենամտերիմները՝ Փրոֆ. Միհրան Տապաղ, Ռաքել Տինք, մայրը Մարի, քոյրը Նատիա եւ տակաւին ուրիշներ։
Ալպերթ Սեւինչ Հատոտոյի հետ բոլոր զրոյցներս, իր փոխանցած յուշերու ձայնագրութիւնները յատուկ թղթածրարի մը մէջ փոխանցած եմ Տոյսպուրկ- Էսսենի համալսարանի մէջ տեղակայուած Քեմալ Եալչընի արխիւին։
Նոյն 2018-ին, իր բերած ծառայութիւններուն իբր գնահատանք, Ալպերթ Սեւինչ Հատոտօ Գերմանիոյ մէջ պարգեւատրուեցաւ «Շեմուն Հաննէ Հայտօ» շքանշանով։
Այս զարգացումներէն կարճ ժամանակ անց իմ բարեկամը ինկաւ անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն եւ յոգնատանջ մարմինը հանգաւ սոյն տարուայ 16 Յուլիսին։
Ես իմ վրայ պարտականութիւն կը համարեմ անոր տեսլականներուն իրականացման համար աշխատիլը։ Չիմացողը ի՞նչ գիտնայ քեզ, հազար ողջոյն իմացողներուն։