Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական օրակարգի ամենափխրուն նիւթերէն մէկը դարձած կը թուի Իսթանպուլի համաձայնագիրը։ Առաջին անգամ Պոլսոյ մէջ հրապարակուելուն պատճառաւ այս անունով կոչուած համաձայնագիրը երաշխիք մը ըլլալով կը դիտուի կիներու դէմ բռնութեան դէպքերուն ընդառաջ։ Ինչպէս ծանօթ է Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աճած է կիներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները, որոնք համարեա ամէն օր պատճառ կը դառնան մարդասպանութեան։ Ցաւալի է այն երեւոյթը թէ նման յանցագործութիւնները մեծաւ մասամբ չեն ենթարկուիր արժանի պատժին, այրիշխան խորհուրդներէ տարուած դատակազմներու քմահաճոյքներուն բերմամբ։ Դատարաններ շատ անգամ պատշաճ պատիժը մեղմացնելու ծառայող պատրուակներ կը գտնեն եւ այդպէսով ալ կը զեղջէն վճռուած պատիժը։ Իսթանպուլի համաձայնագիրը կիներու այս հասկացողութեան դէմ երկար տարիներէ ի վեր վարած պայքարին արգասիքն է, որ այժմ կը մատնուի կրօնամոլներու եւ ազգայնականներու դժկամութեան։ Անոնք կը պնդեն թէ նման համաձայնութիւնը սպառնալիք մըն է հայրիշխանութեան դէմ եւ կը միտի հալածել ընտանիքի խորհուրդը։ Անոնք նաեւ կը պնդեն թէ սոյն համաձայնութիւնը ընդունելի կը դարձնէ նոյնիսկ կը խրախուսէ միասեռականութիւնը։ Այս պատճառաբանութիւններով Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փորձէ չեղեալ համարել իր իսկ ստորագրած համաձայնութիւնը։ Զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ ալ նոյն շրջանակները գրեթէ նոյն պատճառաբանութիւններով կը բողոքեն այս համաձայնութեան դէմ եւ կոչ կ՚ընեն Հայաստանի կառավարութեան, որ ան եւս չընդունի այս համաձայնութիւնը։ Փոխան այս բոլորին կիներու իրաւունքներու պաշտպաններն ալ մեծ վճռակամութեամբ կը պայքարին ի նպաստ այս համաձայնագրին։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները բացի երկրի մատնուած տնտեսական ճգնաժամին պարտաւոր են նաեւ յաղթահարել այս բնոյթի ընկերային խնդիրներ, որոնք հետզհետէ շատ աւելի մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնին։
Արդէն օրակարգի վրայ է ընկերային ցանցերու սահմանափակման միտող որոշ օրէնքներու ձեւաւորումը։ Զանգուածային լրատուամիջոցներու կառավարութեան հսկողութեան մատնուելէն ետք աչքի փուշ դարձած է «Թուիթըր»ը, Դիմատետրը, «Ինսթակրամ»ը եւ այս բնոյթի այլ լրատուամիջոցները, որոնք ունին համեմատաբար աւելի ազատ դաշտ մը եւ այժմ կառավարութիւնը կը փորձէ այդ դաշտն ալ սահմանափակել։ Ըստ երեւոյթի նիւթը յառաջիկայ օրերուն ալ աւելի այժմէական պիտի թուի երկրի օրակարգին վրայ։