Սուրբ Սոֆիա տաճարի թանգարանի հանգամանքէն դուրս գալով մզկիթի վերածուելու մասին հակազդեցութեան արձագանգներ կը հասնին աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Ամերիկեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Արք. Եպիսկոպոս Էլփիտոֆորոս որոշումը կը մեկնաբանէ «Թուրքիա կը փակէ լուսամուտները աշխարհի դիմաց» ըսելով։
Հէյպելի Կղզիի երբեմնի Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Էլփիտոֆորոս նախորդ տարիներուն Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի կողմէ նշանակուած էր Ամերիկայի Արք. Եպիսկոպոսական աթոռին։ Ան իր «Թուիթըր»եան էջին մէջ ըրած էր հետեւեալ գրառումը. «Յուսանք որ այս որոշումը կրօնական ազատութիւններու առումով ետդարձ մը չի նշանակեր եւ ժխտական ազդեցութիւն չունենար Տիեզերական Պատրիարքարանի եւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու համար։ Այս զարգացումը կրօնական վրիժառութեան դժբախտ մէկ օրինակն է։ Թուրքիա փակած է Աթաթիւրքի դէպի աշխարհ բացած պատուհանը» ըսաւ Էլփիտոֆորոս։
ՄԱԿ-ի Կրթութեան Գիտութեան եւ Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը «ՈՒՆԷՍՔՕ» Սուրբ Սոֆիա տաճարին Կրօնից Տեսչութեան փոխանցուելու եւ պաշտամունքի բացուելու մասին նախագահական որոշումէն ետք յայտարարեց, որ համաշխարհային մշակութային ժառանգի յանձնախումբը իր յաջորդ ժողովին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Սուրբ Սոֆիայի պահպանման նախորդ որոշումները։
ԱՄՆ-ի մէջ Տեմոկրատականներու նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն Նախագահ Էրտողանին կոչ ուղղեց այս որոշումէն հրաժարելու մասին։ ԱՄՆ Պետ. Քարտուղարութիւնն ալ յայտնեց, որ հիասթափութեան մատնուած են այս որոշումի պատճառով։ Նախարարութեան բամբեր Մորկն Օրթէճուս. «Թուրքիոյ կառավարութեան Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը փոխելու մասին որոշումով հիասթափուած ենք» ըսաւ։
Եւրոմիութեան Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Անվտանգութեան Քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ճոզըֆ Պորէլ եւս ցասում յայտնեց այս որոշումին հանդէպ։
Յունաստանի վարչապետի գրասենեակէն կատարուած յայտարարութիւնով նշուեցաւ, թէ Յունաստան Թուրքիոյ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումին դէմ կը բողոքէ ամենաբարձր կերպով։ «Այս որոշումը տաճարը համաշխարհային մշակութային ժառանգ ըլլալով տեսնող բոլորին համար ցասում պատճառած է։ Որոշումը Թուրքիոյ ոչ միայն Յունաստանի հետ, այլ Եւրոմիութեան հետ ունեցած յարաբերութիւններու ծիրէն ներս բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»։
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին եւս մեղադրեց այս որոշումը ակնարկելով թէ այս որոշումը պիտի խորացնէ առկայ խտրականութիւնը, քանի որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անտեսած են բազմամիլիոն քրիստոնեաներու այս նիւթի շուրջ ունեցած զգայնութիւնը։