Նախորդ շաբթուայ մէջ«Ժամանակ» օրաթերթի էջերուն վրայ կարդացինք Սագօ Արեանի հարցազրոյցը յորդանանահայ Մարալ Ներսէսեանի հետ։ Տրուած ըլլալով թէ միջին եւ մերձաւոր արեւելքի հայկական գաղութներուն մէջ ամենանուազ ծանօթներէն է Յորդանանի հայ համայնքը, Սագօ Արեանէն ստանալով հաղորդակցութեան տուեալները մենք եւս զրուցեցինք Մարալ Ներսէսեանի հետ իրազեկ դարձնելու համար «Ակօս»ի ընթերցողները Յորդանանեան անցուդարձներէ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Լսեցինք թէ կը փակուի Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը։ Նման որոշումը որո՞ւ կողմէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս առնուած է։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս որոշումը։
Եիւզպաշեան- Կիւլպէնկեան Մանկապարտէզ եւ նախակրթական վարժարանը Յորդանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի հովանու տակ կը գտնուի, եւ կը պատկանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին։ Համայնքի միակ դպրոցը արդէն փակ է։ Տարբեր հանգամանքներու հետեւանքով, վայրէջքի ուղղութիւնը արդէն երկար տարիներէ շօշափելի էր։
Դպրոցի մը շարունակականութիւնը ապահովելու յենակէտը, կը հանդիսանայ յարատեւ զարգացման մէջ նորարական (զուգահեռ միջազգային եւ հայկական) համակարգերու ընդգրկումը, մրցակցութիւնը ապահովելու երկրի միւս դպրոցներու հետ։ Որը եթէ կիրառկուէր, այս իրավիճակին չէինք հասնիր։
Այնուամենայնիւ, ներկայացուած ամենաշօշափելի պատճառը հանդիսացաւ տնտեսականը, ֆինանսականը։
Համայնքի միութեանց վարչական կազմերը, դպրոցի պահպանման վերջին յոյսը կամ օգնութիւնը դրին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ կամ Պատրիարքութեան վրայ։ Պատրիարքական փոխանորդ, Աւետիս Ծ. Վրդ. Իբրաճեանի միջնորդութեամբ՝ թիւով 40 վարչական անդամներու ստորագրութեամբ խնդրագիր մը ղրկուեցաւ Երուսաղէմ, սակայն, նուազագոյնը 70 Հայ աշակերտ ունենալու պայմանական որոշումի պատճառով, խնդրանքը մերժուեցաւ։
Ինչե՞ր կրնաք ըսել այս դպրոցի կարեւորութեան մասին։
Հայկական դպրոցի Հայապահպանման կարեւորագոյն դերը կրնան համալրել բայց ոչ փոխարինել համայնքանյին ուրիշ կառոյցներ, ըլլայ եկեղեցին, ընկերական, մշակութային կամ այլ կազմակերպութիւններ։ Հայեցի դաստիարակչութիւնը որը կը մատուցուի հայագիտական առարկաներու միջոցով, կ՚ապահովէ Սփիւռքի մէջ սերունդներու Հայ ընտանիքի շարունակականութիւնը, որը եւս կը կրկնապատկուի երբ կը մատուցուի հայկական միջավայրի մէջ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ երեք հաստատութիւններու գործակցութեան շնորհիւ կառուցուած, 1961-ին հիմնուած այս վարժարանի միջոցով, այս փոքր բայց ազդեցիկ համայնքը կարողացաւ գոյատեւել մինչ օրս։
Համայնքը մինչեւ մի քանի տարի առաջ ունեցած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ «Սահակ Մեսրոպ» Վարժարանը։
Ամմանի հայութեան համար դպրոցին փակուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Դպրոցը փակուելէ ետք տղաքը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի սովորեն հայերէնը։
Համայնքի մեծամասնութեան տան խօսակցական լեզուն հայերէնն է։ Սակայն Հայ ընտանիքը փրկելու, Հայ ինքնութիւնը պահպանելու, հիմնական միջոցը Հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դաստիարակութիւնն է։ Պէտք է շուտով նոր միջոցներ որդեգրուին յաղթահարելու համար այս հարցը։ Յատկապէս հետզհետէ աճող խառն ամուսնութիւններու աշակերտները ընդգրկելով։
Կրնա՞ք տեղեկութիւն տալ Ամմանի հայ համայնքի մասին։ Օրինակի համար ի՞նչ պատմական անցեալ ունի, որքա՞ն բնակչութիւն մը ունի։
Յորդանանի Հայ համայնքի համակրանքը հաստատուած է, Հայերու ապահովութիւնը ամրապնդելու ամենայայտնի Իսլամ առաջնորդներու տարբեր ֆերման- հրովարտակներով, ինչպիսին է Մուհամմէտ Մարգարէի եւ Շարիֆ Հիւսէյնի պատգամները։
Քրիստոնէական շրջանին, Հայերու ներկայութիւնը այս տարածքի մէջ կը սկսի մ.թ. 4-րդ դարէն, երբ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը հռչակուեցաւ պետական կրօն եւ Հայ հոգեւորականներ հաստատուեցան Երուսաղէմի մէջ։
Մեծ եղեռնի հետեւանքով հոսք մը կը նկատուի դէպի Յորդանանի տարբեր շրջաններ։ 1948 եւ 1967-ի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմներու պատճառով շատերը կը տեղափոխուին Յորդանան, թիւը հասցնելով մինչեւ 10,000-ի, ունենալով տարբեր շրջաններու մէջ փոքր դպրոցներ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Հայ ընտանիքներու ինքնութիւնը պահպանելու նպատակով։
Այսօր Յորդանանի Հայութեան ոչ ստոյգ թիւը, ներառեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներու գաղթականները, 3000-ի շուրջ է։
Համայնքը ներկայիս ունի 2 Առաքելական եկեղեցի, Ամմանի Սբ. Թադէոս եկեղեցին եւ Յորդանան Գետի Յիսուս Քրիստոսի մկրտավայրի շրջանի Սբ. Կարապետ Եկեղեցին, եւ ունի Հայ Կաթողիկէ Սբ. Սահակ Մեսրոպ Եկեղեցին։ Ունինք Ազգային Մարզական Միութիւնը, Ամմանի ՌԱԿ Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ՀՄԸՄ-ը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը։ Համայնքը 5 տարի է արդէն ունի Հայկական քառաձայն երգչախումբ, ունեցած է տարբեր պարախումբեր, թատերական եւ այլ մշակութային եւ մարզական գործունէութիւններ, ներառեալ Յորդանանի առաջին պասքէթպոլի խումբը։ Ունեցած է «Անդրադարձ» ամսաթերթը, եւ «Սուրբ Թադէոս» լրատուն, որոնք ներկայիս լոյս չեն տեսներ։
Համայնքին մէջ ունինք անդամներ որոնք պարգեւատրուած են Էջմիածնի, Յորդանանի Թագաւորութեան կամ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։
Յորդանանի հայութեան տնտեսական վիճակը ինչպէ՞ս է։ Ընդհանրապէս որ ասպարէզներով կ՛զբաղին։ Այդ ասպարէզները ապագայ ունի՞ն երկրին տնտեսութեան մէջ։
Յորդանանի հայութեան մէջ տարբեր տնտեսական կարգավիճակներ կը գտնենք, մեծամասնութիւնը միջին վիճակի շուրջ կը տատանուին։
Այստեղ Հայեր տարբեր ժամանակներու մէջ զբաղեցուցած են շատ կարեւոր դիրքեր ըլլան թէ՛ պետական թէ՛ մասնաւորի։
Բարձր կարգի վաճառականներ եւ գործարաններու տէրեր որոնք իրենց շօշափելի դերը կը բերեն երկրի տնտեսութեան մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները ի՞նչ մակարդակի վրայ է։
Հայաստանի անկախացման տարիներէն առաջ եւ վերջ, միշտ կապը պահպանուած է Հայաստանի հետ՝ մշակութային խումբերու այցելութիւններով, Սփիւռքի համար Հայրենիքի մէջ մշակուած ծրագրերու, փառատօներու կամ համաժողովներու համայնքի ներկայութեամբ։
Պատկանելիութեան զգացումը, շարունակաբար սերմանելու համար պահանջը կայ ոչ միայն նիւթական ներկայութեան, ապահովելու համայնքի շարունակականութիւնը, նոյնպէս եւ ինքնութեան պահպանումը։
Մեր համայնքը, (ինչպէս եւ սփիւռքի բոլոր համայնքները) կարիքը ունի ամէն տեսակի հետեւողականութեան։ Ներկայիս, նման կապեր վերաամրապնդելու կարիքը կը զգացուի։