Օրթագիւղի թաղական խորհուրդը նկատի ունենալով «Ակօս»ի նախորդ շաբաթուայ լրատուութիւնը եւ անոր եկած արձագանգները յատուկ լուսաբանութիւն մը յանձնած է թերթիս խմբագրութեան։ Տուեալ լուսաբանութեան մէջ թաղականութիւնը իր վրդովումը կը յայտնէ հասարակութեան շրջանակներէ եւ յատկապէս ալ Կրօնական ժողովէ եկած քննադատութիւններուն հանդէպ։ Նշենք որ Օրթագիւղի եւ Պիւյիւքտերէի թաղականութիւնները իրենց նուազած կազմերը ամբողջացուած էին ատենապետերու հարազատ զաւակները իբրեւ թաղական նշանակելով։ Այս նշանակումը նաեւ վաւերացուած էր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ։
Թաղականութիւնը ճիշդ ալ այս վաւերացման հիման վրայ կ՚արդարացնէ իր որոշումը։ Կը փառաբանէ նշանակուածներուն յատկութիւնները մանաւանդ դիտել տալով թէ անոնք նախընտրուած են բացի իրենց անհատական կարողութիւններէն եկած ընտանիքներուն ալ գնահատումով։ Թաղականութեան լուսաբանութիւնը կը յիշեցնէ յօնք սարքելու պահուն աչք հանելու երեւոյթը։ Մանաւանդ ուշագրաւ էր «Ինչ է՛ մեզի դիմող եղաւ եւ մե՞նք մերժեցինք» հարցումը։
Կարճ խօսքով բացատրութիւնը բաւական հեռու է գոյացած վիճայարոյց ընթացքը արդարացնելու կարողութենէ։
Ինչպէս նախապէս ալ ըսած ենք յստակօրէն յայտնի է որ նման գայթակղութիւններու միակ լուծումը անհապաղ կերպով ընտրութիւններու կայացումն է։