20Յուլիս 2015-ին Ուրֆայի սահմանամերձ Սուրուչ գաւառի մէջ մահապարտի մը դաւադրութեան հետեւանքով մահացած էին 33 համայնավար երիտասարդներ։ Անոնք երկրի տարբեր քաղաքներէն գալով կ՚ուզէին Սուրուչէն անցնիլ Քոպանի մարդասիրական օգնութիւն փութացնելու համար։ Երիտասարդներու շալկած տոպրակները լեցուն էին խաղալիքով ու գրենական պիտոյքով։ Ոգեւորուած ու անհամբեր էին դաժան պատերազմով հոգետանջ Քոպանիի երախաներուն ուրախութիւն պատճառելու յուզումով տարուած։ Այս շաբաթ սոսեալիստ երիտասարդներու միութիւններու միաւորումը (SGDF) զանազան միջոցառումներով կը պատրաստուի նշել այդ մեծ կոտորածին հնգամեակը։ Երիտասարդական միութիւնները արդէն սկսած են թռուցիկներ բաժնելով ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու ծրագրուած միջոցառումներու մասին։ Արդարեւ 10 Յուլիս ուրբաթ օր ժամը 12-ին «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ Հրանդ Տինքի սպաննուած կէտին վրայ պիտի կայանայ մամլոյ յայտարարութիւն մը, որմէ ետք խորհրդանշական երթ մը պիտի կատարուի դէպի Անարատ Յղութիւն շէնքը, «Ակօս»ի այժմու խմբագրատունը։ Նոյն օր նման միջոցառումներ պիտի կայանան նաեւ Պէշիքթաշի կամ Գատըգիւղի նման կեդրոններու վրայ։