Պոլիս այն բացառիկ քաղաքն է, որուն յուշամատեանը գրուած էր զուգահեռ պատմութիւններով։ Այս առումով ան կը նմանի 1000 ամուսիններ ունենալով հանդերձ կոյս մնացած ցոփուհիի մը։ Ակնարկութիւնը ոչ թէ մեզ, այլ Եղիշէ Չարենցի կամ Նազըմ Հիքմեթի նման անուանի բանաստեղծներուն կը պատկանի։
Այդ զուգահեռ պատմութիւններէն մէկն է որ այս կիրակի կը տօնը իր հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Խօսքը կը վերաբերի քաղաքիս հնագոյն մամուլի օրինակներէն յունարէն «Ափոյեւմաթինի» օրաթերթին։
Արդարեւ թերթը ունի հսկայ անցեալ մը, որուն առաջին շրջաններուն ան կը հանդիսանար քաղաքի ամենաբարձր տպաքանակով հրապարակուած օրաթերթը։ Թերթի այժմու խմբագրապետ Միխայիլ Վասիլեատիս կը յայտնէ թէ «Ափոյեւմաթինի» այսօր ալ կ՚արդարացնէ իր ստանձնած առաքելութիւնը հասնելով իւրաքանչիւր պոլսաբնակ յոյն ընտանիքի տունէն ներս։
«Անցեալին նոյն առաքելութիւնը կը կատարէինք 70 հազար տպաքանակով, իսկ այսօր հազիւ 600» կ՚ըսէ Վասիլեատիս։ «Ակօս» յաջող երթ կը մաղթէ իր յունալեզու պաշտօնակցին։