ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
Նկարչուհի Թէլմա Էմէնին առաջին անգամ հանդիպած եմ 1997-ին, Շուէտիոյ մէջ ապրած ամիսներուն, այնուհետեւ եւս երկու անգամ՝ Իսթանպուլի եւ Ստոկհոլմի մէջ։ Խիստ դրական, ժպտուն, ջերմագին, պոլսահայ ազնուակիրթ ժառանգականութիւնով օժտուած այդ տիկինը այս տարի կը դառնայ 75 տարեկան։ Անոր տոհմէն եղած են ուշագրաւ անձինք։ Մեծ հօր հօրեղբայրը՝ Սրապիոն վարդապետ Էմինեանը (1823–1854), եղած է Վիէննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, 1853-ին հրատարակած է «Բառագիրք երեքլեզուեան գաղղիերէն-հայերէն-տաճկերէն» աշխատութիւնը։ Հայրը՝ բնիկ պոլսեցի Լէոն Անտրէ Էմէնը, ստացած է ճարտարապետի եւ իրաւաբանի կրթութիւն, սակայն ողջ կեանքին աշխատած է դեղերու լապորատորիայի մէջ։ Հայրական մեծ մայրը՝ Արաքսի Քիւչիւքեան-Էմինեանը, եղած է հագուստներ ձեւաւորող, իսկ մայրը՝ ծագումով Տրապիզոնէն Սոնա Էմէնը (ծնեալ Փիւսքիւլեան), եղած է քոզմետոլոկ, նաեւ արհեստավարժ կերպով դաշնամուր նուագած է՝ աշակերտած է պոլսահայ ճանաչուած դաշնակահար Ստեփան Բաբելեանին։
Թելմա Էմէնը միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Փանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի մէջ եւ Աւստրիական լիսէի մէջ։ 1970–1973 թուականներուն ուսանած է Իսթանպուլի Գեղարուեստի դպրոցի մէջ։ 1973-էն կը բնակուի Շուէտիայ։ Տարիներ շարունակ երկու դպրոցի մէջ աշխատած է որպէս նկարչութեան ուսուցիչ, միաժամանակ դասաւանդած մեծահասակներու դպրոցի երեկոյեան դասընթացներուն։ Պարբերաբար մասնակցած է Շուէտի նկարիչներու ցուցահանդէսներուն, երեք տասնեակէն աւելի անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Շուէտիոյ, Իսթանպուլ, Փարիզ եւ Ֆլորիտայի (ԱՄՆ) մէջ։ Աշխատանքները կը գտնուին Շուէտիայի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Շվեյցարիայի, Աւստրիայի, Նորվեկիայի, Նիտեռլանդների, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Եգիպտոսի, Թուրքիայի, Քուվէյթի անհատական հաւաքածուներու մէջ...։
«Թելմայի արուեստը բոցի խաղ է, երեւակայութեան, գոյնի եւ մոթիֆի խաղ։ Ան իր կտաւները կը ներկայացնէ որպէս բանաստեղծական գերիրապաշտութիւն։ Թելմայի հիմնական մոթիֆներն են մարդկութիւնը, անոր կեանքը, ճակատագիրը։ Անոր նկարներուն առկայ է ազատութեան զգացումը եւ հեգնանքը շրջապատող աշխարհի նկատմամբ», գրած է Շուէտիայի կեդրոնական թերթերէն «Սվենսքա դագբլադեդը» 1984 թուականին։
Թելմա Էմէնի հետ իմ զրոյցին աշխատած եմ պահպանել անոր մայրենի պոլսահայ բարբառը...
–Սիրելի Թէլմա, ինչպէ՞ս դարձար նկարիչ։
–Նկարել սկսած եմ վեց տարեկանէս։ Սկիզբները ջրաներկով կը նկարէի։ Յետոյ հայրիկս ջրանկարներս ցոյց տուաւ թուրք ծանօթ գծագրիչի մը։ Ան չհաւատաց, որ միտքէս նկարած եմ ասոնք։ Յետոյ Պոլսոյ Գեղարուեստի ակադէմիայէ շրջանաւարտ Անահիտ Աբգարեանէն սորվեցայ իւղաներկի թեքնիքը։ Առաջին ցուցահանդէսս Կեդրոնական վարժարանի մէջ էր, 1969-ին, ապա միւս տարի՝ «Մոտըրն Կալէրի», ուր փրոֆ. Շերեֆ Աքտիքին ծանօթացայ։
–Իսկ ինչպէ՞ս յայտնուեցիր Շուէտիոյ մէջ։
–Փրոֆեսոր Աքտիք տունս կու գար եւ կը դիտէր նկարներս։ Օր մը ըսաւ. «Աղջի՚կս, դուն Եւրոպա պէտք է երթաս»։ Իր այս խօսքին վրայ հայրիկս Վենետիկի Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազար կղզիին վանքը հեռաձայնեց ցուցահանդէսի համար։ Եւ այսպէս նախ Վենետիկ, յետոյ Վիեննա գացի։ Մխիթարեաններուն վանքէն վարդապետի մը միջոցաւ 1973-ի Հոկտեմբեր 3-ին Վիեննայի ակադեմիային սրահին մէջ ցուցահանդէսի օր առի։ Երեք ամիս ժամանակ ունէի։ Դպրոցէն ամէնէն մօտեռն ընկերուհիս, որ Շուէտի Հալմսթադ քաղաքը փոխադրուած էր, իր քովը հրաւիրեց, ետքն ալ զիս համոզեց Հալմսթադի մէջ ցուցահանդէս մը բանալու։ Զատեցի 43 նկար եւ ցուցահանդէսը բացինք Հալմսթադի շատ համբաւաւոր պատկերասրահի մը մէջ։ Սակայն բացումին երկրորդ օրը ցուցասրահ երթալուս՝ պարապ պատերու հետ դիմաւորուեցայ։ Ըսին, թէ հոլանտացի հաւաքորդ մը բոլորը գնած է, սակայն վերջը ո՛չ 43 նկարներս տեսայ, ո՛չ ալ անոնց դրամը։ Ատոր սպասումով Շուէտ մնացի ու մինչեւ հիմա հոս եմ։
–Իսկ մեզ կը թուէր, թէ Եւրոպայի մէջ նման բաներ չ՚ըլլալ... Ի՞նչ կ՚ըսես այսօրուայ շուէտական նկարչութեան մասին։
–Շատ մութ ոճ մը ունին եւ միշտ ուրիշ մեծ գծանկարիչներու շուքին տակն են։ Ինչպէս առհասարակ Արեւմուտքի մէջ, մաքուր, բառին իսկական առումովը նկարչութիւն չկայ նաեւ Շուէտի մէջ։ Արդի շուէտական գծագրութիւնը իմփուլս մըն է։ Նկարիչները ճամբայ մը չունին իրենց միտքին մէջ, կը գծեն առանց գիտնալու՝ վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Բան մը մէջտեղ ելլէ՝ աղէկ, չելաւ՝ վրան նորը կը գծեն։ Եւ այսպէս շարունակ։ Եթէ նկար մը երկար ատեն չյաջողին վաճառել՝ վրան նորը կը գծեն, եթէ ատիկա ալ չվաճառուի՝ ուրիշ մը վրան կը գծեն եւ այսպէս շարունակ...։
–Իսկ Թէլմա Էմէնն ի՞նչ կ՚արտայայտէ իր նկարներուն մէջ։
–Տարբեր բաներ։ Օրինակ, մարդուս ազատութիւնը խանգարող արարքներու հետ իմ անհաշտութիւնս։ Ես իմ դարուս մարդն եմ եւ կ’ուզեմ, որ ինձմէ ետքը մարդիկ գործերս դիտելով՝ գիտնան, թէ այս ժամանակներուն մարդիկ ա՚յս խնդիրները ունեցած են... Իմ չորս պատիս մէջ սեփական փիլիսոփայութիւնս, սեփական քաղաքականութիւնս կը վարեմ, ուրիշները ընդունին՝ աղէկ, չընդունին՝ իրենց գործն է։ Նկարչութիւնը մէկ մասս է, պզտիկութեանս ատենէն ինծի հետ քալող բան մը... Կեանքը կը սիրեմ, մարդիկը կը սիրեմ, աշխարհի անարդարութիւններու հանդէպ չեմ կրնար անտարբեր մնալ, եւ ասոնց վրայ ալ մոթիւներս մէջտեղ կ՚ելլեն...
–Իսկ ի՞նչ եղանակով կը ստեղծագործես։
–Ինծի համար նախ գաղափարը կը ծնի, ետքը՝ վերնագիրը, որմէ ետքն ալ՝ պատկերը։ Շատ անգամ գաղափար մը կրնայ միտքիս մէջ երկար մնալ, հասուննալ, յանկարծ մէկէն կը սկսիմ գծել։ Նոյն ատեն կեանքիս մէջ հոգեկան ներդաշնակութիւն պէտք է ունենամ նկար մը ստեղծելու համար, ըլլայ մեծ թէ փոքր։ Անշուշտ, մեծ կտաւներուս համար էսքիզներ կընեմ։ Միայն աբսթրաքթ նկարներս կը ծնին յանկարծակի. չես կրնար աբսթրաքթ նկարի մը համար էսքիզ ընել...։ Արդէն մարդուս իմփուլսն ինքնին աբսթրաքթ է...։
–Որպէս ուսուցիչ ե՞րբ ապրած ես ամենամեծ գոհունակութիւնը։
–2001-ին ամբողջ աշխարհի դպրոցներուն տուած էին «Յառաջիկայի նաւը» կառուցելու խնդիրը, ուր պիտի ցուցնէին, թէ ի՚նչն է կարեւորը յառաջիկայի համար։ Ստոկհոլմի Ռեոգսվէդի դպրոցը ինծի յանձնարարեց կատարել այդ ինսթալասիոնը։ Կը խորհիմ, որ համագործակցութիւնը կարեւոր է մեզի համար։ Ներկայացուցի իմ գաղափարս՝ կապոյտ ժապաւէն մը գծել մեր Վանթյորի թաղապետարանի շուրջը, որ ըրի արուեստակցիս՝ Քյէլ Օլսոնին հետ, 15 քիլոմեթր շրջանով։ Բացումին օրը Վանթեոր թաղի դպրոցներուն բոլոր աշակերտները ձեռք ձեռքի տուած կեցան կապոյտ ժապաւէնին վրայ։ Ամբողջ աշխարհէն մասնակիցներ կային, նաեւ Հայաստանէն, որ հաւաքուեցանք Ստոկհոլմի «Էրիքսոն գլոբ» արէնայի մէջ։ Բոլորը 48 ժամուան մէջ շինեցին իրենց ինսթալասիոնները։ Երբ վերջացուցին իրենց գործը, ես 15 քիլոմեթր երկարութեամբ ժապաւէնով կապեցի բոլորին աշխատանքները։ Նոյն ատենը «Էրիքսոն կլոպ» արենայի մէջ իմ աշակերտներս ցոյց տուին իրենց իւղաներկ նկարները։ Աւելի քան 1000 պատկեր գծած էին Ռեոգսվէդ եւ Սնեոսէթրա դպրոցներու իմ աշակերտներս՝ առաջին եւ իններորդ դասարաններէն։
–1984-ին նկարեցիր քու «Մոնա Լիզան»՝ ամերիկուհի ուսումնասիրող Լիլեան Շուարցից առաջ առաջադրելով այն վարկածը, որ այն իրականին կրնայ եղած ըլլալ Լեոնարտոյի ինքնանկարը...
–Տակաւին 1978-ին «Մոնա Լիզա» մը գծեցի, ուր կնոջ ետեւի փէյզաժը կարծես Մոնա Լիզայի մէջէն կանցնէր։ Օր մը սենեակին մէջ կիսամութ էր, նկարիս մէջ միայն վառ գոյները կ՚երեւային։ Այն ատեն էր, որ երեւեցաւ Լեոնարտօ Տա Վինչիին յայտնի ինքնանկարը։ Շատ զարմացայ, միտքս զբաղիլ սկսաւ այս խնդրով, թէ արդեօք Լեոնարտօն ինքզինք չէ՞ նկարած Մոնա Լիզայի տեսքով։ Եւ շուտով ճամբայ մը գտայ վարկածս ապացուցելու։ Լեոնարտոյին ինքնանկարը նկարեցի թուղթի մը վրայ, ետքը թուղթը շրջեցի եւ միւս կողմի վրայ դէմքի քանի մը գիծերը քաշելով՝ մէջտեղ եկան Մոնա Լիզային ծանօթ գիծերը... Ատկէ ետք շուէտական հեռատեսիլէն եկան, նկարեցին այս պատմութիւնը, բայց ետքը ինծի լուր տուին, թէ պիտի չցուցնեն, իբր Մոնա Լիզայի արժէքը այդպէսով պիտի իյնայ եղեր։ Ատկէ տարի մը ետք շուէտական բոլոր թերթերը գրեցին, թէ ամերիկուհի մը համակարգիչով փորձած է ցուցնել, թէ Մոնա Լիզա Լեոնարտոյին ինքնանկարն է, բան մը, որ ես առանց համակարգիչի արդէն մտածած էի...։
–Իսկ ի՞նչ տեղ ունի Թէլմա Էմէնը այսօրուայ Շուէտի նկարչութեան մէջ։
–Ես Շուէտի արուեստագէտներու միութեան անդամ եղած եմ դատակազմի որոշումով։ Եւ միակ դրսեցին եմ միութեան մէջ։ Շուէտի նկարիչներու եւ արուեստասէրներու շրջանակ մը զիս կը ճանչնայ, անոնց համար երկար ատեն Թելմա Էմէնը սեւ մազերով իւրայատուկ կին մըն է, տեսակ մը արեւելեան հով։ Նոյնը կրնանք ըսել նկարներուս մասին։ Նկարելու մէջ խորհելուս կերպն արեւելեան է, շուէտացիի գաղափարով՝ շատ տարբեր կը գծեմ իրենցմէ։ Ինչպէս կը տեսնէք, գործածած գոյներս շատ ալ վառ չեն, սակայն շուէտացիի աչքին ատոնք շատ վառ են, եւ այս պատճառով զիս արեւելեան կը նկատեն։ Իրենց նկարչութեան մէջ մեծ մասը պաղ գոյներ են՝ մոխրագոյն, սեւ-ճերմակ... իսկ ինծի համար սեւը գոյն չէ, ճերմակը գոյն չէ, այլ՝ գոյնի բացակայութիւն։ Յաճախ զիս չեն հասկնար, ուրիշ մեկնաբանութիւններ կու տան նկարներուս։ Ես կը հասկնամ, որ շուէտացին երբեք նկարչութեան նիւթ չի դարձներ, օրինակ, ամուսնական անհաւատարմութիւնը։ Նոյն ատեն, ես անտարբեր եմ, ըսենք, վիքինգներու առասպելին նկատմամբ, ցանկութիւն չունիմ գծել զանոնք։
–Դուն կամ քննադատները որեւէ հայկական բան կը տեսնե՞ն գործերուդ մէջ։
–Նկարներս ուղղակի հայկական չեն, ես ամբողջ աշխարհի դժուարութիւնները մարդասիրական ոգիով մը կը նկարեմ, սակայն գոյներուս յօրինուածքին մէջ հայկական ջերմութիւնը կը ծագի։
–Բացառութիւն է, թերեւս, քու «Յարգանքի տուրք Կրետա Կարպոյին եւ Ռուբէն Մամուլեանին» կտաւը, որտեղ այդ հոլիվուտեան մեծութիւններուն պատկերած ես Շուէտիայի եւ Հայաստանի դրօշներու խորքին։ Գիտեմ, որ Էմինեան ընտանիքը հետաքրքրական պատմութիւն ունի։ Մալթայի մէջ նշանաւոր Էմինեաններ կան, ազգակա՞ն են։
–Այո, աղջկաս՝ Մէտիին հետ Մալթայի Էմինեաններու հետ յարաբերութեան մէջ մտանք։ 1960-ականներուն Վենեսուելայէն Էմինեան մականունով մէկը հայրիկիս այցելեց Պոլսոյ մէջ եւ հօրս տուաւ թուղթեր իրենց տոհմածառին մասին, որ մինչեւ հայկական թագաւորութեան կը հասնէր։ Մեծ-մեծ-մեծ հայրիկներս թագաւորին ամէնէն մօտ զինուորներն են եղեր, որ Մալթա եկած են, յետոյ անոնցմէ մաս մը Թուրքիա անցած է։ Այս ամբողջ թուղթերը հայրիկս պահած էր, սակայն անոր մահէն վերջ կորսուեցան... Ընտանիքիս մէջ շատեր մաթեմատիկոս կամ գծագրիչ են եղեր։ Քոյրս մաթեմաթիկոս է եւ ես՝ գծագրիչ։ Հիմա Թուրքիոյ Էմինեաններու ճիւղէն մինակ ես մնացած եմ, աղջիկս եւ անոր աղջիկը։ Եւ թէեւ թոռնիկիս հայրը շուէտացի է, սակայն մենք իր մականունն ալ Էմէն գրեցինք՝ քիչ մը աւելի երկարացնելու համար մեր ընտանիքին անունը։
–Երբ 1973-ին Շուէտիա եկար, շատ քիչ հայ կար երկրի մէջ։ Հիմա անոնց թիւը մեծացած է։ Շուէտաբնակ հայերը կը ճանչնա՞ն քեզ։
–Կան, որ կը ճանչնան։ Օրինակ, տարիներ առաջ ես գծեցի Կարօ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններու գիրքին կողքը։ Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի դեսպանատունը ցուցահանդէս ունեցայ։ Դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը շատ լաւ դիմաւորեց, քանի մը հայեր եկան։ Այս տարի ունեցած ցուցահանդէսիս համար նոր դեսպանին հրաւիրագիր տուի, սակայն դժբախտաբար ձայն-ձուն չելաւ։ Մենք՝ հայերս, իրար բռնելը պէտք է սորվինք։
–Իսկ ինչի՞ վրայ կ՚աշխատիս հիմա։
–Հիմա ես գիրք մը կը գրեմ։ Ասիկա ըլլալու է ֆիքսիոն մը շուէտերէնով իմ կեանքիս պատմութեան մասին։ Ան կը սկսի 19-րդ դարուն, ինչպէս թիւ մէկ աշխարհին ընտանիքը կը հսկէ թիւ երկու աշխարհին ընտանիքները։