Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. 29 Յունիս երկուշաբթի յատուկ ժողով մը գումարեց պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Ակօս» յատուկ պատճառաբանութեամբ կը բացակայէր այս ժողովէն։ Ներկայ էին «Մարմարա» օրաթերթէն Արա Հատտէլէր եւ Կարօ Համամճըեան, «Ժամանակ» օրաթերթէն Արա Գօչունեան, «Լոյս» պարբերականէն Շահնուր Գազանճը եւ Արամ Քուրան ու «Փարոս» պարբերականէն Մայտա Սարիս։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ համավարակի պատճառած նիւթական դժուարութիւնները եւ անոր յաղթահարելու եղանակները։
Խորհրդակցական բնոյթով այս ժողովի ընթացքին մամուլի ներկայացուցիչները բացատրութիւններ տուին արդէն շարունակուող տնտեսական ծանր պայմաններու մասին, որոնք ալ աւելի մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզեն համավարակի այս օրերուն։ Զոյգ օրաթերթերու ներկայացուցիչները շեշտեցին թէ խնդիրը ալ աւելի ծանր է իրենց պարագային։ Անոնք նաեւ անդրադարձան Պատրիարքարանի փոխան մամուլի ծանուցումներուն, իր յայտարարութիւնները դիմատետրի միջոցաւ հրապարակելու երեւոյթին։ Նման եղանակով եկեղեցիներու վարչութիւններն ալ յատկապէս տօնական օրերուն անջատ շնորհաւորութեան ծանուցումներ հրապարակելու փոխարէն որդեգրած են միասնական հաղորդագրութիւնով մը հանդէս գալու երեւոյթին։
Մամուլի ներկայացուցիչները նաեւ նշեցին թէ հասարակութեան մօտ ալ օր ըստ օրէ նուազած է հայ մամուլի հանդէպ հետաքրքրութիւնը։
Սահակ Բ. Պատրիարք ներկայացուցիչները լսելէ վերջ անդրադարձաւ հայ մամուլին կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։ «Թերթերը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի առումով շատ լուրջ առաքելութիւն մը ստանձնած են։ Ես ալ իմ հայերէնի իմացութիւնը զարգացուցած եմ հայ մամուլը ընթերցելով»։ Մաշալեան իր այս ելոյթէն ետք յայտնեց թէ պարբերական մամուլին աջակցելու համար շփումներ պիտի ունենայ համայնքային հաստատութիւններուն հետ եւ իրենց հետ ալ ժողովներ պիտի գումարէ։
Այս ժողովէն ետք պատրիարքարանը իր կայքէջին վրայ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
*
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով. 29 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը կայացաւ Պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ժամանակ Օրաթերթի Աւագ Խմբագիր՝ Արա Գօչունեան, «Մարմարա» Օրաթերթէն՝ Արի Հատտէլէր եւ Կարօ Համամճեան, Փարոս Ամսաթերթէն՝ Մայտա Սարիս եւ Մկրտիչ Արծիւեան եւ Լոյս Պարբերաթերթէն՝ Արամ Քուրան եւ Շահնուր Քազանճըն։
Նորին Ամենապատուութիւնը արտասանած աղօթքէն յետոյ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ընդգծեց մամուլի կարեւորութիւնը եւ պարզեց հաւաքոյթին նպատակը, որ էր խորհրդակցիլ Պոլսահայ մամլոյ դէմ հանդիման գտնուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Ներկաներ կարգաւ խօսք առնելով, նախ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին իր ցուցաբերած հայրական մերձեցման համար եւ ապա՝ իրենց հաստատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ու ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները։ Արտայայտուած գաղափարներէն յայտնի կը դառնայ թէ՝ ներկայիս հայ մամուլը կը պայքարի տնտեսական տագնապին դէմ, որ համազօր է հոսանքի դէմ թիավարելու։ Բոլորը յայտնեցին թէ՝ կը կարօտէին համայնքային հաստատութեանց հետաքրքրութեան եւ իրենց գլխաւորութեամբ կատարելի օժանդակութեան։ Բոլորը յայտնեցին, թէ հայ մամուլը կարեւոր էր իր առաքելութեամբ եւ այդ առաքելութեան ցարդ գոյատեւումը կարելի դարձած էր յանձն առնուած զոհողութեամբ։
Աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը կը գնահատէ Պոլսահայ Մամուլի գործունէութիւնը եւ իր բարոյական աջակցութիւնը կը բերէ իրենց առաքելութեան շարունակութեան համար։ Կարեւորութեամբ նշեց Հայատառ մամուլի գործունէութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր տէր կանգնիլ Արեւմտահայերէնի, նաեւ շեշտեց որ հայ մամուլը պէտք է մուտք գործէ հայ համայնքի բոլոր խաւերէն ներս։ Այս առթիւ ներկաներուն թելադրեց Հայ Համայնքի Հիմնարկներու Միութեան գծով հանդիպում ունենալ նաեւ համայնքային վարչայիններուն հետ։