Էսաեանէ ետք Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէ ներս ալ կը կայանայ տնօրէնի փոփոխութիւն։ Վարժարանի վաստակաւոր եւ յաջող տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ «Ակօս»ին տուած յայտարարութեան համաձայն բոլորովին անձնական պատճառներով կը հրաժարի իր պաշտօնէն։
Տիկին Պայրամի այս որոշումը ընդունուած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ։
Որքան ալ անձնական պատճառներով կայացած որոշում մը ըլլայ Ալիս Պայրամի հեռացումը խոր յուզում յառաջացուցած է դպրոցի ուսուցչաց եւ աշակերտութեան միջեւ։
Ան շատ մեծ համերաշխութեամբ փոխարինած էր վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի պաշտօնը եւ մինչեւ վերջ ալ մեծ համերաշխութեամբ գործակցած էր իր նախորդին հետ։ Այս տարիներու ընթացքին բացի դպրոցի ուսման ծրագիրէ երկու տնօրէնուհիները շատ կարեւոր ներդրում ունեցան ուսման տաճարի երթիքին տակ կազմակերպուած մշակութային գրական ու գեղարուեստական միջոցառումներու առումով։ Այդ ձեռնարկները շնորհիւ զոյգ տնօրէնուհիներու, անոնց անմիջական գործակից դերասան Արամ Կոստանեանի եւ վարժարանի ուսուցչաց կազմի ջանքերուն միշտ ունեցաւ դպրոցական մակարդակը գերազանցող փայլուն յաջողութիւններ։
Տիկին Ալիս Պայրամ, երբ վերջակէտ կը դնէ իր տնօրէնութեան այս առաքելութեան, յետին կը թողու փայլուն կնիք մը, որ դրոշմուած է իր պաշտօնավարած շրջանին վրայ։