Հայրենակցական միութիւններու ծաղկումով հայ գրականութեան մէջ յատուկ տեղ գտած է «յուշամատեան» կոչուած ոճը։ Զանազան վայրերու բնակիջներ սփիւռքի պայմաններուն մէջ մէկտեղուելով ի մի բերին իրենց յիշատակները, որոնք ապա աջ ու ձախէն հայթայթուած լուսանկարներով, յիշողութիւններով եւ շատ անգամ ալ պատմական պրպտումներով վաւերագրական բնոյթի հատորներ ըլլալով ներկայացան մեր իրողութեան մէջ։
Հարիւր տարուայ անցեալով հանդերձ հայրենակցական միութիւններու կարիքը մինչեւ օրս կը շարունակուի, քանի կը տեսնենք նոր միութիւններու հիմնադրութիւնը։ Արդարեւ Պոլսոյ օրինակին մէջ մօտ անցեալի երեւոյթներ են Մուսայ լեռցիներու, տէրսիմցիներու, սեբաստացիներու, սասնեցիներու կամ մալաթիացիներու հիմնած հայրենակցական միութիւնները։ Սոյն միութիւնները իրենց կազմութեամբ հարազատ երդիքի մը տակ համախմբեցին իրենց համաքաղաքացիները եւ ունեցան քաղաքի անցեալին հետ կապուած զանազան միջոցառումներ։ Այս տեսակի օրինակ մը ըլլալով վերջերս հիմնուած է խնուսցիներու հայրենակցական միութիւնը, որու հիմնադիր Սամուէլ Մհերեան ձեռնարկած է նաեւ հրատարակչական աշխատութեան։
Ի տարբերութիւն նախորդներէ Սամուէլ Մհերեան փոխանակ յուշամատեանի, պատմավէպով մըն է, որ կը ներկայացնէ իր պապենական երկիրը՝ Խնուսը։
«Մենաւոր Բազէն» պատմավէպը կը հանդիսանայ արեւմտեան Հայաստանի Խնուս գաւառի 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի սկզբին տեղի ունեցած անցուդարձներուն գեղարուեստական նկարագրութիւնը։ Ան իր մէջ կը ներառէ հայերու ցեղասպանութեան ողբերգական դրուակները եւ խնուսցիներու հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը։ Գիրքին մէջ կը հանդիպինք հայ նահապետական տուներու եւ քրտական ցեղապետերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու, դաւադրութիւններու, վրէժխնդրութեան ուղերձող սիրային, հերոսական ու յուզական տեսարաններուն ու պատմութիւններուն։ Կը լուսաբանուին պատմական դերակատարութիւն ունեցած հայ անուններուն, որոնք բարոյականութեան, քաջութեան ու հայրենասիրութեան վառ արտայայտութիւններ են։ Կը ներկայացուի թէ ինչպէս անդրադարձ ունեցան Խնուս գաւառի վրայ 1895 թուի ապստամբութիւնը եւ Սուլթան Ապտուլհամիտի ընդունած 1908 թուակիր սահմանադրութիւնը։
Գիրքը կ՚աւարտի 1915-ի հայոց մեծ եղեռնի նկարագրութեամբ, թէ ինչպէս դէպի գլխաւոր հերոսի՝ Դաւիթի եւ անոր ընկերներուն կազմակերպած հերոսական ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ գաւառին 26 հազար հաշուող հայութենէն փրկուած են միայն 3 հազարը։
Յիշեցնենք թէ պատմաճանաչողական քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով գիրքի թրքերէն առաջին հրատարակութենէն որոշակի քանակութիւն մատակարարուած է ներկայիս Խնուս եւ Մուշ բնակուող դաւանափոխ եղած հայերու ժառանգներուն, ապագային իրենց հայեացքները դէպի հայ եկեղեցի ուղղելու հեռանկարով։
Գիրքի մէջ տեղ գտած 120 կերպարներէն շուրջ 80-ը իրական անձեր են, որոնցմէ մէկ մասին ժառանգները համախմբուելով 2005 թուին 25 Փետրուարին՝ Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 140 ամեակի օրը հիմնադրեցին Խնուս Մշակութային Միութիւնը։ Ան կը գործէ հայրենակցական միութեան գործառոյթով։ Միութիւնը անցնող 15 տարիներու ընթացքին կազմակերպածւ հոգեւոր-հայրենասիրական միջոցառումներով հասարակութեան ներկայացուցած է Սամուէլ Մհերեանի հեղինակած «Մենաւոր Բազէն», «Եւ Եղաւ Լոյս» պատմավէպերը, «Եդեմի Պարտէզը», «Տունդարձի Ճամբան» ֆիլմերը, «Ճշմարիտ Լոյսը» եւ «Այբ-Քէ» հոգեւոր բանաստեղծութիւններու ժողովածուները, որոնք արժանացած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ գնահատանքին։ Նշենք որ գիրքը բացի անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութիւններու ունեցած է նաեւ թրքերէն տարբերակը «Եալնըզ Շահին» անունով։