Երբ համայն աշխարհի վրայ կը տիրէ պսակաձեւ ժահրի պատճառած սահմանափակումները, տարբեր երկիրներէ հայ արուեստագէտներ միաւորուեցան «Միասին երախաներու համար» խորագրեալ բարեգործական միջոցառումի մը շուրջ, օգնելու համար քաղցկեղով հիւանդ երախաներուն։ Նախաձեռնութեան մասնակցութիւն բերին Սպանիայէն Արա Մալիքեան, Հայաստանէն Արա Գէորգեան, ԱՄՆ-էն Յարութ Փամպուքճեան, Վահէ Պէրպէրեան, Սեպուհ Սիմոնեան, «Նիւ Տոքթա» խումբը, Ֆրանսայէն Ռոզի Արմէն, Սերժ Աւետիքեան, Թուրքիայէն Սիպիլ Փեքթորոսօղլու, Սուրիայէն Լենա Շամամեան, Գանատայէն Սերուժ Քրաջեան եւ Էլի Պէրպէրեան, Անգլիայէն Գեւ Օրկեան, Ուրուկուայէն Ալվարօ Յակոբեան եւ Արկենդինայէն «Գուսան» նուագախումբը։
Միջոցառումը կազմակերպուած էր արկենդինահայ հեռուստահաղորդավար Լեօ Մոմճեանի կողմէ։ «Քորոնավիրուսի համավարակը ստիպեց ո՛չ միայն առերեսուել մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, այլեւ՝ կանգ առնել, խորհիլ ու վերարժեւորել շատ երեւոյթներ: Այն մղեց որեւէ օգտակար բան ընել` ստեղծուած իրավիճակը միասին յաղթահարելու համար,- ըսելով անդրադարձաւ Լեօ Մոմճեանը ու յաւելեց թէ նման երեկոյ մը ծրագրելու միտքը ծագած է իր հեղինակային՝ «Ayres de Armenia» ռատիօ հաղորդման ընթացքին,- Համավարակի օրերուն կը զրուցէի աշխարհի տարբեր երկիրներուն ապրող հայերու հետ՝ պարզելու, թէ ինչպէս կ՚ապրին ինքնամեկուսացման պայմաններու տակ: Հարցազրոյցներէն մէկը պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի հետ էր: Ըսի, որ կը ցանկանամ աշխարհի հայ երաժիշտներու մասնակցութեամբ համերգ կազմակերպել: Սիպիլը խանդավառուեցաւ այս գաղափարով եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց: Ան նաեւ առաջարկեց համերգը ծառայեցնել բարեգործական նպատակի»:
«Միասին երախաներու համար» խորհրդանշական խորագիրը կրող միջոցառման հասոյթը պիտի ուղղուի «City of Smile/ Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին, որու առաքելութիւնն է օգնել քաղցկեղ ունեցող երախաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն՝ հիւանդութիւնը յաղթահարելու դժուարին ճանապարհին:
«Անվիճելի է, որ առողջութիւնը ամենաթանկ բանն է մարդու կեանքին մէջ. Այս օրերը վերահաստատեցին նման համոզումը։ Այդ նպատակով որոշեցինք համագործակցիլ «City of Smile/ Ժպիտներու քաղաք» հիմնադրամի հետ, որ կը հոգայ, որպէսզի երախաները առողջ մանկութիւն ունենան: Երբ ծանօթացայ վերջինիս կատարած աշխատանքին, այն ջանքերուն, որոնք կը գործադրեն հիմնադրամի շուրջ հաւաքուած մարդիկ, հասկացայ, որ ամենաբարի գործը կ՚ըլլայ համախմբել աշխարհասփիւռ հայերը եւ օգնել քաղցկեղ եւ արեան հիւանդութիւններ ունեցող երախաներուն»,- կը նշէ Լեօ Մոմճեանը:
Իր կապ հաստատած առաջին երաժիշտը՝ աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեանն էր։ «Անոր մասնակցութիւնը ապահովելով եռանդս բազմապատկուեց: Հպարտութեամբ պէտք է նշեմ, որ բարեգործական ձեռնարկին միացած են ճանաչուած արուեստագէտներ, որոնք կ՚ապրին եւ կը ստեղծագործեն աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ։ Անոնք միաւորուեցան՝ ապացուցելու, որ միասին կրնանք յաղթահարել իւրաքանչիւր փորձութիւն: Քաղցկեղով հիւանդ երախաները բոլորիս աջակցութեան կարիքը ունին: Անոնք իրենց ամենօրեայ պայքարով, լուսաւոր ժպիտներով մեզ կը սորվեցնեն չյուսահատուիլ, չ՚ընկճուիլ ու լաւատեսութեամբ նայիլ ապագային. չէ՞ որ, քանի դեռ կայ կեանք, կայ նաեւ՝ յոյս»,-կը նշէ Լեօ Մոմճեանն եւ յոյս կը յայտնէ, թէ բաւական բարձր պիտի ըլլայ արուեստագէտներու կոչին արձագանգողներու թիւը:
Միջոցառումը պիտի կայանայ Յուլիսի 4-ին Հայաստանի ժամով 22-ին եւ պիտի հեռարձակուի Հանրային Հեռուստաընկերութեան եւ «Togetherforchildren» YouTube-եան ալիքով։