Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան աւելի քան մէկ շաբաթ տեւած դէպի Անգարա երթէն ետք նախորդ ուրբաթ օր այս անգամ ալ Թուրքիոյ 80 քաղաքներու փաստաբանական կաճառներու նախագահները եռօրեայ երթ մը կազմակերպեցին դէպի մայրաքաղաք Անգարա։ Փաստաբանները իրենց այս երթով կը բողոքէին կառավարութեան իրաւապաշտպանութեան գործընթացը եւ մանաւանդ ալ անոնց կազմակերպուելու եղանակները սահմանափակելու փորձերուն դէմ։
Փաստաբանական կաճառները իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն յաճախ ձայն կը բարձրացնեն կառավարութեան կարգ մը որոշումներուն դիմաց։ Այդ հակազդեցութիւնը լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Ան մօտ անցեալին ծանր հակաճառութեան մէջ մտած էր նաեւ Բժիշկներու Կաճառի դէմ։
Փաստաբաններու եռօրեայ երթը ոստիկաններու կողմէ խափանուեցաւ Անգարայի մուտքին։ Անոնք այդ պահուն կ՚ուզէին մօտ 300 մեթրանոց խորհրդանշական երթ մը կազմակերպել եւ ապա հանրաշարժներով ուղղուիլ դէպի մայրաքաղաքի կեդրոնը՝ Աթաթիւրքի դամբարանին առջեւ իրենց բողոքը մամլոյ յայտարարութիւնով մը հրապարակելու համար։
Բաւականին կոպիտ էր ոստիկաններու միջամտութիւնը որ տեւեց ամբողջ երկուշաբթի գիշեր, մինչեւ յաջորդ առաւօտուայ ժամերը։ Փաստաբանները հարկադրուեցան նախ արեւի տօթէն եւ ապա տեղատարափ անձրեւէն ազդուելու, քանի որ ոստիկանները արգելք եղած էին Անգարայի քաղաքապետարանի ղրկած վրանին կազմութեան։ Նոյնպէս արգիլեցին քաղաքապետարանի ղրկած սննդեղէնի բաշխումը։ Այս բոլորով հանդերձ փաստաբանները անզիջող մնացին իրենց պահանջներուն հանդէպ եւ աւելին՝ սպառնացին իրենց կաճառներու անդամակցած փաստաբանները եւս այդ նոյն կէտը կառչելու սպառնալիքով։
Նշենք որ արդէն նոյն օր զանազան քաղաքներու մէջ փաստաբաններ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէին դատարաններու առջեւ։ Իսկ 23 Յունիսի առաւօտուայ ժամերուն Փաստաբաններու Կաճառի ընդհանուր նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլու եւս փութաց փաստաբաններուն արգելափակուած վայրը։ Սակայն իր այդ այցելութիւնը բաւական սուղ արժեց, քանի որ բոլոր փաստաբանները շուռ եկան եւ կռնակ դարձուցին ընդհանուր նախագահին։ Այդ պահուն փաստաբաններէն ոմանք պահանջեցին անոր հրաժարումը։
Մեթին Ֆէյզիօղլու, որ ամբողջովին համակերպած է իշխող կառավարութեան, այս նուաստացուցիչ երեւոյթէն ետք յայտարարեց, թէ հրաժարելու համար պատճառ չի տեսներ։
Փաստաբաններու բողոքի ցոյցը իր կարգին անգամ մը եւս վիճելի դարձուց ԱՔՓ-ի կառավարութեան հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւնը։ Ըստ երեւոյթի իշխանութիւնը ամէն գնով կը փորձէ արգելք հանդիսանալ իշխանութեան համար անբաղձալի ամէն տեսակ ձայնի դիմաց։ Արդարեւ յաջորդ օր թղթակիցներու հարցումներուն պատասխանող զանազան փաստաբաններ իրենց հաստատումը կը կեդրոնացնէին մէկ կէտի վրայ, որն է՝ «ոստիկանական պետութիւն»։