15 Յունիս երկուշաբթի իմաստալից էր երեք դէպքերու խորհրդանշական թուական ըլլալուն պատճառաւ։ 15 Յունիս 1915-ին Պէյազըթի հրապարակին վրայ մահապատժի ենթարկուած էին Հնչակեան 20 գործիչներ։ Հայոց պատմութեան մէջ «20 կախաղաններ» անունով յիշուած խմբակի առաջնորդն էր Հնչակեան գործիչ Փարամազ եւ անոր ընկերները։ 20 կախաղանները դատուած էին երկրի սուլթանին դէմ մահափորձ կազմակերպելու մեղադրանքով։ Հարցաքննութեան հիմք կազմած էր հայ լրտեսի մը կուսակցութեան Քոստանսի համագումարի մասին փոխանցած տեղեկութիւնները։
Փարամազի եւ ընկերներուն յիշատակը վերջերս սկսած էր յարգուիլ Թուրքիոյ մէջ համայնավար շրջանակներու կողմէ։ Ծանօթ մտաւորական Քատիր Աքըն 20 Կախաղանները Թուրքիոյ հասարակութեան լուրջ ուսումնասիրութիւնով մը ծանօթացուցած էր, իբեր երկրի նահատակուած առաջին համայնավարները։
Այդ հրատարակութենէ ետք է, որ Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ 15 Յունիս թուականներուն յիշատակման միջոցառումներ կազմակերպուեցան։
Թուականը նաեւ կը խորհրդանշէ ասորիներու ցեղասպանութիւնը՝ Սէյֆոն։ Այս ալ նոր մարմին գտած գիտակցութիւն մըն է, քանի որ ասորի ժողովուրդը իր հոգեւոր առաջնորդներուն խիստ ազդարարութեան հնազանդելով հասարակութեան մէջ երբեք չէր խօսած այս նիւթի շուրջ։ 1980-ական տարեթիւերուն տակաւին պատմական Ասորեստանի մէջ գոյութիւն պահած բազմաթիւ ասորիներ ճնշումներու բերմամբ պարտադրաբար գաղթեցին դէպի Եւրոպա։ Այս նոր երկրի մէջ ձերբազատուելով իրենց հոգեւոր առաջնորդներու լուծէն եւ օգտուելով ժողովրդավարական միջավայրէն անոնք եւս սկսան նշել իրենց նախնիներուն մատնուած ցեղասպանութիւնը։
Այս մասին Թուրքիոյ մէջ ալ յարմար գետին մը դարձած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը, քանի որ ան իր կազմին մէջ ունի ասորի երեսփոխաններ, յանձին նախորդ շրջաններուն Էրոլ Տորայի եւ այժմ ալ Թումա Չելիքի միջոցաւ։ Այդ պատճառաւ է, որ Թումա Չելիք խորհրդարանի ամպիոնէն անդրադարձաւ Սէյֆոյի հետեւանքներուն։ «Նախքան 1915 Թուրքիոյ այժմու սահմաններուն մէջ ասորիներու բնակչութիւնը 700 հազար էր։ 1915-ին անոնցմէ 300 հազարը սպաննուեցան, 200 հազարը ակամայ կրօնափոխ եղան եւ մնացեալներն ալ արտագաղթեցին ընդհանրապէս հարեւան երկիրներ։ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն փակուեցան անոնց վերջին դպրոցները եւ Մարտինի Տէյրուլ Զաֆարան վանքին մէջ գործող Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքարանն ալ աքսորուեցաւ երկրէ։ վերջապէս 1980-ական 90-ական տարեթիւերուն զինուորական իշխանութեան օրօք գաղթողներէ ետք այսօրը ընդամէնը 23 հազար ասորիներ մնացած են երկրի մէջ»։
Թումա Չելիք այս պատմական ակնարկը կատարելէ ետք նշեց նաեւ թէ ասորիները զրկուած են նաեւ Լոզանի դաշնագրին հայոց, յունաց եւ հրէից շնորհած ազատութիւններէն։
15 Յունիսը նաեւ 50-ամեակն է Իսթանպուլի մէջ ծագած եւ ապա Անգարայի մէջ ալ արձագանգ գտած բանուորական մեծ ցոյցերու։ 1970 թուին իշխանութիւնը կը փորձէր նոր կանոնագիրով մը սահմանափակել բանուոր դասակարգի կազմակերպուելու իրաւունքը։ Դժուարութիւններ կը հարուցուէր անոնց իրենց ցանկացած արհմիութեան անդամակցելուն դիմաց։ Արհմիութիւններու կոչով փողոց ելլող բանուորներու զանգուածային բողոքը, որուն հետեւանքով իսկոյն արտակարգ իրավիճակ հռչակուեցաւ եւ քաղաքի կարգ ու կանոնը յանձնուեցաւ բանակին։
Անցնող 50 տարիներու ընթացքին արհմիութիւններ կը յիշեն այդ փառաւոր դիմադրութիւնը ի դէմ իրենց իրաւունքները կրճատող պետական մտայնութեան։ Այս տարի 50-ամեակը կրկին անգամ նշուեցաւ անշուշտ համավարակի թելադրած նուազ մասնակցութեան եւ հեռաւորութիւն պահելու կանոններուն մէջ։