Համայնքային օրակարգի մէջ այս շաբաթ ալ կը շարունակէ իր ձանձրացուցիչ տեղը գրաւել Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հետզհետէ լիազօրութիւնը կորսնցուցած թաղականութեան խնդիրը։ Ինչպէս պիտի յիշուի թաղական խորհուրդիը երկու անդամով մնալէ ետք շարունակեց վիճայարոյց որոշումներու։ Այդ ընթացքին մէջ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը նամակով մը դիմեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան, պահանջեց որ մինչեւ օրինական ընտրութիւններուն կայանալը իր հաստատութեան փոխանցուի այս եկեղեցւոյ վարչութիւնն ալ։ Այս նամակը իր կարգին դժգոհութեան նոր ալիք մը զարգացուց, որմէ ետք Պատրիարք Սահակ Բ. այս անգամ ինք կապ հաստատեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան հետ եւ գտնուեցաւ ժամանակաւոր լուծում մը։ Այդ լուծումի համաձայն համայնքային հինգ հաստատութիւններու ատենապետեր պիտի միանային Երրորդութեան երկու թաղականներուն եւ մինչեւ ընտրութիւն պիտի ստանձնէին ժամանակաւոր վարչութիւն մը։ Ապա վերահասու եղանք թէ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական Սիմոն Չեքեմ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնի հետ հանդիպելով առարկած է կարգ մը անուններու դէմ։
Չեքեմ խոստացած է ինք եւս անուններ առաջարկել։ Այս պահու դրութեամբ տակաւին չէր յստակացած լիակատար անուանացանկ մը։