Ինչպէս հաղորդած էինք թերթիս նախորդ թիւին մէջ 16 Յունիս երեքշաբթի առաւօտ Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրմաքարին։ Այս արարողութիւնն ալ տեղի ունեցաւ համավարակի պայմաններու թելադրած կանխամիջոցներու տակ եւ գրեթէ միայն հոգեւորականաց դասն էր, որ ներկայ գտնուեցաւ կատարուած արարողութեան։