Երբ համավարակը կը շարունակէր Հայաստանէ ներս մտահոգիչ համեմատութիւններով, նոր զարգացում մը կարծես երկրի օրակարգի վրայ երկրորդ գծի վրայ բերաւ այդ խիստ էական խնդիրը։ Երկիրը նախ ցնցուեցաւ նախորդ շաբաթ օր Հայաստանի կարեւորագոյն օլիկարխներէն Գագիկ Ծառուկեանի բերման ենթարկուելու եւ ապա երկար ժամեր Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան մէջ հարցաքննուելու լուրով։ Իսկ երեքշաբթի օր Խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցաւ անոր պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու մասին քուէարկութիւն։ 87 ձայներու որոշումով Խորհրդարանը վերցուց Ծառուկեանի անձեռնմխելիութիւնը։ Ծառուկեան կը մեղադրուի իր գլխաւորած Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան ընտրութիւններու մէջ կեղծիք կատարելու մեղադրանքով։
Այս զարգացումներու ընթացքին Գագիկ Ծառուկեանի կողմնակիցներն ալ հաւաքուած էին Խորհրդարանին առջեւ եւ կը բողոքէին մեծ բարերարի դէմ առնուած որոշումը։ Բողոքի ալիքի գլխաւոր գործիչն է պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան։ Ան իր ելոյթներով կը սպառնայ կառավարութեան ու կ՚ըսէ «Եթէ պէտք է Եւրոպան ոտքի կը հանեմ եւ չեմ արտօներ որ Ծառուկեանը դատէք»։