ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Վաքըֆլը գիւղը որպէս Թուրքիոյ միակ հայ գիւղը արդէն թանգարանային իմաստ մը ունէր։ Իսկ այժմ օժտուած է նաեւ իսկական թանգարանով մը։ Այցգլուներ ինչե՞ր պիտի տեսնեն այդ թանգարանին մէջ։
Լորա Պայթար- Ճիշդ է որ Վաքըֆլը գիւղը որպէս եզակի նմոյշ մը շատերու կողմէ թանգարանի նման կը դիտուի։ Բայց այստեղ կեանքի ընթացք մըն ալ կայ։ Այս գիւղի բնակիչներն ալ ունին տնտեսական հոգեր, կը պահեն աւանդութիւններ, նաեւ վառ կը պահեն կենդանի բարբառ մը։ Ունին տօնական սովորութիւններ, եղանակներու հետ կապուած աշխատութիւններ, որոնք բոլորը միասին այս գիւղը թանգարանի մը կաղապարէն դուրս կը հանեն եւ կը վերածեն կենսունակ միջավայրի մը։ Անշուշտ որ գիւղը ունի պատմական անցեալ մը եւ այսօրուայ կենցաղը այդ անցեալը ներկայացնելու համար անբաւարար է։ Գիւղի թանգարանը, միայն այս գիւղով չէ, այլ Մուսա Լերան եօթը գիւղերով պատմական անցեալի վկայութիւնները կը ծանօթացնէ այցելուներուն։
Վ.Է.- Թանգարանի հիմնարկութեան գաղափարը ինչպէ՞ս ծագեցաւ, ցուցադրուած նիւթերը ինչպէ՞ս որոշեցիք։
Լ.Պ.- Խորհուրդը իրականութեան մէջ այցելուներու հետաքրքրութենէն ծագեցաւ։ Վաքըֆլը գիւղի անունը իրմէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի։ Եթէ զանց առնենք համավարակի այս օրերը գիւղի ամենօրեայ այցելուները բաւականին մեծ թիւ կը կազմեն։ Այդ այցելուները գիւղի մթնոլորտը շնչելու համար բաւականին սահմանափակ առիթներ ունէին։ Սրճարանը կրնային հանգստանալ, եկեղեցին կրնային այցելել, գիւղի կանանց արտադրած տնային խմիչքները կամ պահածոները կրնային գնել եւ այդքան միայն։
Մինչդեռ գիւղի նշանակութիւնները, քանի մը լուսանկարով ընկալելիք բան չէ։ Ես Հաթայ տեղափոխուելէ ետք Անտիոքի Հնագիտական թանգարանին նոր շէնք փոխադրութեան շրջանին իբրեւ արուեստաբան պաշտօն ստացայ։ Այդ պաշտօնը ինծի համար լաւ փորձ մը եղաւ թանգարանի մը կազմութեան մասին գիտելիքներ ամբարելու իմաստով։ Երբ ես առաջարկ բերի գիւղի վարիչներուն պարզուեցաւ, որ իրենք ալ նախապէս այս մասին մտածած են։
Թանգարանի բովանդակութիւնը որոշելու պահուն գիւղին անցեալն է, որ մեզի ուղեցոյց եղաւ։ Անշուշտ որ այս աշխատութիւնը, որոշ գումար մը պիտի պահանջէր, որը գիւղ առանձին չէր կրնար դիմագրաւել։ Այդ հանգրուանին դիմեցինք «Արեւելեան Միջերկրականի Զարգացման Գործակալութեան»։ Պէտք էր իրենց նախագիծ մը ներկայացնէինք Այդ մասին ալ Հրանդ Տինք Հիմնարկէն Զէյնեփ Թաշքըն շատ կարեւոր ներդրում ունեցաւ եւ դիմում կատարեցինք։
Ընթացքին մէջ Անտիոքի Հնագիտութեան Թանգարանն ալ իր զօրակցութիւնը բերաւ։ Նոյնպէս Հաթայի Կուսակալութիւնը, Մշակոյթի Տնօրէնութիւնը, Նախարար Հիւսէյին Եայման, Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանը եւ Իսթանպուլ բնակող գիւղին բարեկամ Միհրան Ուլիկեան եւս սատարեցին թանգարանի կազմութեան։
Վ.Է.- Թանգարանը աւելի կանուխ պիտի բացուէր, բայց ուշացաւ ինչո՞ւ։
Լ.Պ.- Համավարակէն անմիջապէս առաջ աւարտած էինք թանգարանի կազմութեան աշխատութիւնները։ Վրայ հասաւ սահմանափակումները։ Հետեւաբար այժմ թանգարանը բաց է այցելուներու դիմաց, իսկ պաշտօնական բացումը պիտի կատարենք կեանքը բնականոն ընթացքի մտնելէ ետք։
Վ.Է.- Հապա նիւթերը ինչպէ՞ս հաւաքեցիք։
Լ.Պ.- Թանգարանի մէջ ներկայացուող նմոյշները մեծաւ մասամբ գիւղի բնակիչներէ ձեռք բերուած է։ Իմ առաջին փնտռած իրը հարսնաշոր մըն էր։ Սակայան զարմանալով տեսայ որ գիւղացի կանանց առնուազն կէսը նոյն հարսնաշորով հարս եղած են։ Երբ Սոնա Քարթուն պիտի ամուսնանար գիւղի հարուստ ընտանիքներէն Սապահ Քարթունի հետ իրեն յատուկ հարսնաշոր մը կարուած է։ Աւելի վերջ ամուսնացող բոլոր հարսնացուները այդ հարսնաշորով ամուսնացած են։ Այս ալ չէ բաւած եւ հարեւան Խըտըրպեկ եւ Եողունօլուքի մահմէտական աղջիկներն ալ նոյն հարսնաշորով հարս դարձեր են։ Անշուշտ այսքան գործածուելէն ետք այս հագուստը ի վերջոյ փճացած է։ Բոլորը իմացան այս հարսնաշորի փնտռտուքի պատմութիւնը եւ յիշեցին Արշակ Նենէի, Եզուրի այժմ լքուած տունի մէջ մնացած հարսնաշոր մը։ Իսկապէս զարմանալի բան, որովհետեւ այդ տունը ամբողջովին դատարկ էր եւ մինակ այդ հագուստը կար։ Հիմա այդ հաքուստը թանգարանի մուտքին Եզուրի տան մէջ ինչպէս կախուած էր, նոյնպէս կը դիմաւորէ այցելուները։
Նշեմ որ թանգարանի մէջ ցուցադրուած նմոյշներէն աւելի այդ իրերու պատմութիւնը կարեւորեցինք։ Օրինակի համար Աստուածածնի Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կենդանացուցինք սիլիքոն քանդակով մը, որուն կողքին կը ցուցադրենք նաեւ լուսանկարիչ Էրհան Արըքի անցեալ տարուայ Աստուածածնի տօնէն առած նկարներու ֆիլմը։
Շատ կարեւոր թեմայ մըն է 1915-ին գիւղէն գաղթը, Փորթ Սայիտի տարիները, զինադադարով վերադարձը, որոնք անպայման պէտք էր նշուէին թանգարանին մէջ։ Այդ օրերու վկայութիւնը Երջան, Արշակ եւ Վարդ տատիկներու երգած գաղթի երգով մը կը նկարագրուի, որ շատ մեծ տպաւորութիւն կը թողու այցելուներուն։
Ցուցաբեղկերու մէջ դրուած նմոյշները գիւղացիներու սեփական հաւաքածոներն են։ Գիւղի երէց Տէր Աւետիսի օգնութեամբ ալ ունեցանք եկեղեցւոյ պատմական իրերու բաժին մը։ Գիւղի դէմքերը նաեւ վառ վկայութիւններ են անցեալի մասին։ Անոր համար ալ Չաքը Տետէի վերարկուն կամ Սերովբ Տետէի գլխարկը միայն պարզ վերարկու կամ գլխարկ չեն, այլ այդ անունները խորհրդանշող վկայութիւններ։ Հին լուսանկարները եւս յատուկ բաժին մը կը կազմեն, որոնց քով տեղադրուած թանգարանի գերբը կրող թղթիկներուն վրայ այցելուն ալ իր մասնակցութիւնը պիտի կրնայ բերել։
Էրհան Արըք նաեւ վաւերագրական ֆիլմ մը նկարահանած էր 2019 թուին։ 45 վայրկեան տեւողութեամբ այդ ֆիլմը կը ցոլացնէ գիւղի առօրեայ կեանքը։ Թանգարանը կազմուելէն ետք նոր նիւթեր ալ ստանալ սկսանք։