ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
miran.manukyan@gmail.com
ՎԱՏԻՓ հարթակը, որ այժմ որդեգրած է «ՀայՀիմ» անունը, 5 Յունիս ուրբաթ օր Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ ժողով մը գումարեց դպրոց ունեցող թաղականութիւններու կամ խնամակալութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Կը բացակայէին՝ Սուրբ Երրորդութիւն եւ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիներու թաղականութիւնները, որոնց լիազօրութեան տակ կը գործեն Էսաեան եւ Արամեան Ունճեան վարժարանները։ Ժողովին նախագահեց ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, իր կողքին ունենալով Բ. ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ վարչութեան այլ անդամներ։
Շիրինօղլու ժողովէն ետք «Ակօս»ի թղթակիցին բացատրութիւններ տուաւ Պոլսահայ կրթական համայնապատկերին մասին։ Ատենապետը դժգոհութիւն յայտնեց զանազան դպրոցներէ ներս իւրաքանչիւր աշակերտի համար ծախսուած գումարներու տարբերութեան մասին։ Կրկնեց կարգ մը դպրոցները միացնելու իր վաղեմի առաջարկը։ Նշեց որ կարգ մը ծախսերը կրճատելով կարելի է տարեկան 50 միլիոնանոց խնայողութիւն մը ապահովել։ Շիրինօղլու իր առաջարկները եզրակացուց «Փոքրանալով մեծանալ» խօսքով։
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը ակնարկութիւններ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութեան վերջին զարգացումներուն մասին։ Յիշենք թէ Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս ինքնակամ կերպով նամակ մը գրած էր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան եւ պահանջած էր, որ մինչեւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութիւնը, Պէյօղլուի թաղականութիւնը փոխանցուի իր իսկ գլխաւորած Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Այս առաջարկը բնականաբար տեղի տուաւ դժգոհութեան ալիքի մը։ Սակայն Շիրինօղլու իր ըրածին դէմ հակազդեցութիւնը կը մեկնաբանէ. «Երեկ Սուրբ Երրորդութեան դէմ եղողները, այսօր անոր կողքին կանգնած են» ըսելով։
Հուսկ, 5 Յունիսի ժողովը չէ կրցած մասնակիցներու միջեւ բոլորին կողմէ ընդունելի լուծում մը առաջադրել։ Ըստ երեւոյթի մեր ուսման համակարգը յառաջիկայ տարեշրջանն ալ պիտի դիմաւորէ իր անլուծելի մնացած խնդիրներով։ Այս պատկերին մէջ միակ համոզումը, որ բոլորին կողմէ ընդունելի կը գտնուի համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն առանց յապաւումի կայանալն է։