Աւարտած է Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի շիրիմը։ Շիրմաքարը տեղադրուեցաւ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան հոգեւորականներու յատուկ բաժնի մէջ ողբացեալ պատրիարքի հողակոյտին վրայ։ Ան կը գտնուի երջանկայիշատակ Գարեգին Խաչատուրեան, Շնորհք Գալուստեան եւ Գարեգին Գազանճեան պատրիարքներու հարեւանութեամբ։ Ինչպէս նախորդները, այս վերջինն ալ ձեւաւորած է ճարտարապետ Վազգէն Պարըն եւ այսպէսով ամբողջութիւն մը գոյացած է իրարանման շիրմաքարերու այս փոքրիկ միաւորումով։
Պատրիարքարանի շրջանակները կը յայտնեն թէ շիրմաքարի պաշտօնական բացումը պիտի կայանայ 16 Յունիս 2020 Երեքշաբթի առաւօտ 10.30-ին՝ նախագահութեամբ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազանի։