Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ զգալի աճ մը կ՚արձանագրուի համավարակի առումով։ 10 Յուլիսի տուեալներով Վերջին 24 ժամուայ ընթացքին արձանագրուած է վարակման 428 նոր դէպքեր։ Այսպէսով Վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 14 հազար 103-ի։ Իսկ մինչ այս մահացողներու ընդհանուր թիւն է 227։ Վարչապետ Փաշինեան այս մասին յայտնեց թէ չէ բացառուած արտակարգ իրավիճակի կրկին անգամ յետաձգելու հաւանականութիւնը։
Փաշինեան իր ելոյթին մէջ իրավիճակը նկարագրեց «Դէպի դժոխք կ՚երթանք» ըսելով։