Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ անուրանալի իրողութիւն մը ըլլալով կը ներկայանայ դատական համակարգի գործող կառավարութեան ենթարկուածութեան պատկերը։ Նախագահ Էրտողան եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կը պայքարի ընդդիմութեան դէմ ընդմիշտ շահագործելով դատարանի վճիռները։ Ան այսպէս յաջողեցաւ ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնազրկելու եւ անոնց տեղ նոր նշանակումներ կատարելու։ Նման աշխատութիւն կը տանի Խորհրդարանի մէջ ընտրուած երեսփոխաններու դէմ։ Բազմաթիւ այլախոհ մտաւորականներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ բանտարկուած են անհիմն պնդումներով։ Այդ պնդումներու մէջ կարեւոր բաժին ունին ինքնութիւնը քօղարկուած անձերու վկայութիւնները։ Զանազան օրինակներով տեսանք թէ նման վկայութիւներ բերողներ աւելի վերջ կը մերժեն իրենց վերագրուած այդ յայտարարութիւնները, որոնց հետեւանքով մարդիկ կ՚ենթարկուին ծանր հալածանքներու, տանջանքներու եւ զրկանքներու։ Այդպէս օրինակ մըն է գործարար եւ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա։ Վերջերս Քաւալայի բարեկամները պատրաստած են մուլթֆիլմ մը, որ կը ներկայացնէ Քաւալայի հակիրճ կենսագրութիւնը։ Այդ ֆիլմը կը ցուցադրուի ընդդիմադիր հեռուստակայաններէ եւ սոսցանցերէ։
Այնտեղ կը պատմուի Քաւալայի նախ իբրեւ գործատէր եւ 1999-էն ետք ալ որպէս հասարակական գործիչ տարած աշխատութիւններու մասին։ Մենք ալ կը յիշենք թէ Քաւալա մերթ հովանաւորուած եւ մերթ ալ ինք կազմակերպած էր հայկական բազմաթիւ նախագիծեր։ Անոնց մէջ յատուկ նշանակութեան արժանի են ցեղասպանութեան դարադարձի եւ յաջորդող տարիներուն իրականացուած սուգի միջոցառումները բազմաթիւ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ։ Ան հովանաւորած էր նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնարկութեան ձօնուած միջոցառումները։ Ըստ երեւոյթի այժմ այդ բոլորը փորձանք ըլլալով եկած են իր առջեւ եւ այս վաստակաւոր մտաւորականը կը հատուցէ իր բարի գործերու պատիժը։ Սակայն այդ պատժամիջոցը նաեւ պատուազրկութիւն մըն է Թուրքիոյ հաշւոյն, քանի որ արտասահմանի մէջ ալ բնաւ նուազ չեն Քաւալայի վաստակը գնահատողներու թիւը։ Վերջերս Եւրօ Խորհրդարանի անդամներ իր թեկնածութիւնը ներկայացուցին Վագլաւ Հաւելի անունով հաստատուած մրցանակին, իբրեւ յաւակնորդ։
Ցաւով յայտնենք թէ հայանպաստ այսքան մեծ աւանդ ունեցող Քաւալայի հանդէպ շատ տկար է թրքահայ շրջանակներու զօրակցութեան ջանքերը։ Անցեալին զանազան նպաստներու համար իր դուռը մաշեցնողները, այսօր կը խուսափին նոյնիսկ անոր անունը յիշելէ։
Ըստ երեւոյթի պոլսահայ համայնքի կարեւորագոյն նախասիրութիւնը ըլլալ կը շարունակէ իշխանութիւններու հանդէպ հաճելի թուելու մարմաջը։ Հասկնալի, բայց անընդունելի ստրկամտութիւնը, որ վերջին հաշուով անպատուութիւն մը ըլլալով պիտի դրօշմուի մեր կենսագրութեան վրայ։