Թուրքիոյ օրակարգի վրայ նախորդ շաբաթավերջին բաւական լայն արձագանգ ստեղծեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի ուղղեալ սպառնական գրութիւնները։ Հիմնարկը հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնով մը հասարակութիւնը տեղեակ պահեց իր հասցէին ուղղուած սպառնական գրութիւններու մասին։ Առաջին գրութեան մէջ Հիմնարկի աշխատութիւնները կը բնութագրուէին «Եղբայրութեան հէքեաթ» ըլլալով եւ կ՚ազդարարուէր, որ հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք եւ հիմնարկի փաստաբանը լքեն երկիրը։ Երբ յայտնաբերուեցաւ այդ գրառումի հեղինակը Քոնիա քաղաքի մէջ, ան խոստովանեցաւ իր արարքը եւ յայտնեց թէ այդ բոլորը գրած է իր ատրպէյճանցի ընկերուհիին պատմածներէն ազդուելով։ Ներքին Գործոց Նախարարը շուտափոյթ կերպով յայտարարեց թէ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է սպառնական նամակի հեղինակը։ Սակայն շուտով վրայ հասաւ նման բնոյթով երկրորդ սպառնալիք մը, որ այս անգամ ուղարկուած էր Իսթանպուլէն։ Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն թէ այս երկրորդ անձն ալ բերման ենթարկուած է։
Այս զարգացումներու լոյսին տակ Հրանդ Տինք Հիմնարկի իրաւապաշտպան Ֆեդհիյէ Չեթին նշեց թէ կատարուածները կարելի չէ անհատական յանցագործութիւններ ըլլալով դիտել։ «Յայտնի է, որ կազմակերպեալ դաւադրութիւն մը կը գործէ» ըսաւ Չեթին։ «Կատարուածները իշխանութիւններու որդեգրած ատելութեան եղանակին հետեւանքն է։ Յանցագործերը համոզուած են թէ իրենց այս արարքները պիտի արժանանան երկրի հետզհետէ սովորութեան վերածուած անպատժելիութեան մթնոլորտով։ Հետեւաբար խուսափելու համար ոչ մէկ ճիգ կը վատնեն» յաւելեց Ֆեդհիյէ Չեթին ։
Լուրը բաւական արձագանգ գտաւ մամուլի վրայ, որու հետեւանքով ակադեմական, գրող, քաղաքական գործիչ, արուեստագէտ եւ լրագրողներէ բաղկացեալ 209 մտաւորականներ յայտարարութիւնով մը դատապարտեցին կատարուածը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Հրանդ Տինք Հիմնարկին։
Նշենք որ Հրանդ Տինքի անունով գործող հիմնադրամը իր կազմութեան օրէն սկսելով բաւական բեղուն աշխատութիւն ծաւալած է յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եթէ ոչ քաղաքական, այլ ակադեմական, մշակութային ու գեղարուեստական գետնի վրայ զարգացնելու ուղղութեամբ։ Հիմնարկի ջանքերով բազմաթիւ գիտաշխատողներ փոխադարձ այցելութիւններ կատարած են Հայաստանէն Թուրքիա եւ Թուրքիայէն Հայաստան։
Հիմնարկի յարատեւ աշխատութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ բանաւոր պատմութիւններու շարքը, որոնք հրապարակուած են որոշ քաղաքներու ձեւաչափով թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Հիմնարկի հրատարակութիւններու մէջ առանձին ուշադրութեան արժանի է «2012-ի Յայտարարագիրը» (2012 Պէյաննամէլերի) այս հատորը ակնարկութիւն մը կ՚ընէր պետութեան կողմէ փոքրամասնութեան հիմնարկներէն պահանջուած 1936-ի յայտարարագիրներուն եւ ծաւալուն հատորի մը մէջ ի մի կը բերէր հայապատկան, թէ այժմու եւ թէ անցեալի անշարժ գոյքերու ցանկագրումը։ Ափսոս որ այդ աշխատութեան ընթացքին կարգ մը հայկական հաստատութիւններ մերժած են իրենց ունեցուածքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ եւ այսպէսով ակամայ թերի մնացած է այս ծաւալուն աշխատութիւնը։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի կարեւոր գործունէութիւններէն պէտք է յիշել բանախօսութիւններու շարքը, ուր Թուրքիոյ տարբեր համալսարաններէն, Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն ակադեմականներ իրենց ուշագրաւ ելոյթներով մասնակցութիւն բերած էին եւ այդ ելոյթներն ալ աւելի ուշ տպագրուած անջատ հատորներու ձեւով։
Թուրքիոյ տարածքին մշակութային ժառանգի պահպանման առումով ալ բաւական մեծ եղած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի ներդրումը։ Սակայն այդ բոլորը գնահատելու համար անհրաժեշտ եղող գիտակցութիւնը ափսոս որ չէ կրցած հիմք ունենալ Թուրքիոյ մէջ, քանի որ երկրին քաղաքական գործիչները յարատեւօրէն կը շարունակեն ատելութեան պատգամներով թունաւորել հասարակութեան միտքն ու գիտակցութիւնը։