Քովիտ 19-ի համավարակը վերջերս մտահոգիչ ոստում մը ունեցած է Հայաստանի մէջ, երբ հայրենի երկիրն ալ կը պատրաստուէր հետզհետէ բնականոն կեանքի վերադառնալ, հետեւելով զանազան երկիրներու օրինակին։ Կարծես թէ ճիշդ այդ օրերուն արձանագրուեցաւ վարակուածներու եւ մահացողներու թիւերուն մէջ յանկարծակի բարձրացում մը։ Այս նոր ալիքը վարակեց նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ընտանիքի բոլոր անդամներով։ Այս մասին յայտարարութիւն ըրաւ նոյն ինքը վարչապետը, յիշելով թէ վերջին թեստաւորման արդիւնքները դրական եղած են ընտանիքի բոլոր անդամներու համար։ «Հաւանաբար աշխատանքային ժողովի մը ընթացքին վարակուեցայ եւ փոխանցեցի տնեցիներուն» ըսաւ վարչապետը։
Ան նաեւ նշեց թէ իր եւ թէ ընտանիքի անդամներուն մօտ հիւանդութեան ախտանիշներ չէ յայտնուած։ «Պիտի հնազանդինք ինքնամեկուսացման պայմաններուն» ըսաւ Փաշինեան։