ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Լոս Անճելըս քաղաքի բնակիչները այս շաբաթ իրենց հակազդեցութիւնը սկսան ցոյց տալ Մինէսոթայի մէջ պատահածին։ ԱՄՆ-ի մէջ բնակութիւն հաստատած հայեր կը փորձեն դիրք մը առնել, մեկնաբանել եւ հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է այս վիճակէն դուրս ելլել։ Եթէ ԼՈՍ-ը Հալէպէն, Երեւանէն կամ Լիբանանէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ, ինչու եկան հոս։
Այս շաբաթ, երբ պէտք է որ բացուէին բազմաթիւ գործարաններ, խանութներ եւ կազմակերպութիւններ, ապստամբութիւններու պատճառով յետաձգեցին իրենց որոշումը։ Քաղաքի կեդրոնական մասը, որ հսկայական դրամատուներու շուքին տակ կը պարունակէ նաեւ պոլսահայ ոսկերիչներ, զոհ ահաբեկչութիւններուն, կողոպուտին եւ յափշտակութիւններուն։
Բոլոր թաղերու մէջ, ըստ նոր օրէնքի, գիշերները վեցէն վեց, կամ 7-էն 7 (իրիկունէն առտու) արգիլուած է փողոց ելլել։ Մարդիկ, որ անցած կը կարծէին համաճարակի արգելքները, հիմա տունը մնալու նոր հրամանի առջեւ կը գտնուին։
Հայկական սուրճի սեղաններու շուրջ խօսուածը այն է, թէ կը մօտենայ նախագահական ընտրութիւնը եւ ներկայ նախագահը վարկաբեկելու, արժեզրկելու համար կը կատարուին ցոյցերը, այդ սեւամորթին մահը պատրուակ մըն է։ Ըստ մէկ այլ կարծիքի, շուկայապաշտ համակարգի դիմաց կազմակերպուող ձախակողմեան շարժում-խմբակ մըն է, որ կը կատարէ ցոյցերը եւ թիրախ կը դարձնէ զայն խորհրդանշող մեծանուն ընկերութիւններ, ինչպէս Target, Wallmart, Mercedes վաճառող ցուցասրահ, ելն։
Վաղը կ՚ակնկալուին նոր ցոյցեր։ Պոլսահայ հնավաճառ մը արդէն սկսած է իր ապրանքները տուն փոխադրել, ապա ցուցափեղկերը ժամանակաւորապէս տախտակով պատել։
Իւրաքանչիւր քաղաքի ոստիկանական ոյժերը անբաւարար կը մնան հակակշռելու համար կացութիւնը, ուստի Ազգային պահակի օժանդակութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ։ Բառացի իմաստով, բանակը մտած է քաղաքներ, որպէսզի կացութիւնը հանդարտեցնէ։
Կողոպուտի եւ յափշտակութեան մէկ այլ երեսը երիտասարդներու կատարածն է։ Անոնց թալանած խանութները անուանի մակնիշներու վաճառասրահներն են։ Իսկ անիշխանական խմբակները կը ներկայացնեն ուրիշ պատկեր։ Անոնք քարերով, աղիւսներով պատրաստուած կ՚իջնեն հրապարակ ու ոստիկանները թիրախ կը դարձնեն։ Նախագահը բոլոր նահանգապետերուն կը թելադրէ այդ խմբակը կոչել «ահաբեկչական» ու անմիջապէս ձերբակալել անոր անդամները։ Հարաւային Ամերիկայէն նոր գաղթածներ ունին այն կարծիքը, թէ բոլորին մէջ «մատը ունի» Սորոսը եւ ան ինչ որ յաջողեցաւ «իրենց» երկրին մէջ (Վէնէզուելա, մեր դրացի հայուհիի մը նախկին երկիրը), կործանեց տնտեսութիւնը եւ ստրկացուց բնակչութիւնը, նոյնը հիմա կ՛ընէ Ամերիկայի մէջ։
Ցոյցերու մէջ շատ անգամ զոհուած մարդու սուգը կը բացակայի։ Անգործութեան, անտունութեան, վաճառաշահութեան դէմ կուտակուած պոռթկումը լսելի է։ Երբ հայկական սեղաններու վրայ սուրճը կը վերջանայ, բոլորը կը համաձայնին, որ անհատի մահը պատրուակ մըն էր, ան կայծ տուաւ երկար ատենէ ի վեր կուտակուող լարուածութեան։ Անոնք, որոնք աւելի երկար տարիներէ ի վեր կը բնակին երկրին մէջ, կը տեսնեն երկրի բոլոր բնագաւառներու մէջ անկում, ԱՄՆ-ի գերիշխանութեան վիժում եւ իր նիւթական, զինուորական հսկայութեան վերջը։ Պատճառներն են՝ տկարացող տնտեսութիւնը, մեծ ընկերութիւններու սանձարձակ վաճառաշահութիւնը, ընկերային եւ քաղաքական երկերում, Ժողովրդավար-Հանրապետական խորացած եւ անվերադարձելի բաժանում, գաղթական-բնիկ ամերիկացի քարոզչութիւնը, ելն.։
Բոլորը համոզուած են նաեւ, որ երբ այս արարը վերջանայ ուրիշ ալիք մը «պիտի ստեղծուի» մինչեւ Նոյեմբեր, մինչեւ ընտրութիւն։ Քաղաքացիները այլեւս երկիրը կը տեսնեն երկը կտոր (Կապոյտ, Կարմիր) եւ քայքայուած։
Մարդիկ կը հարցնեն- եթէ Ամերիկան Հալէպէն, Լիբանանէն, Քարաքասէն, Պոլիսէն, Երեւանէն աւելի ապահով պիտի չըլլայ, ինչո՞ւ եկանք հոս։