Մայիսի 28 կը յիշուի, իբրեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան օր։ Սակայն թուականը կը զուգադիպի նաեւ Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին, որ կարելի է համարել մերօրեայ Վարդանանք։ Այս մասին կ՚արտատպենք Երան Գուղյումճեանի յօդուածը, որ լոյս տեսած է «Ազատ Խօսք» կայքէջի վրայ։
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Մայիս ամիսը՝ մեզի, հայերուս համար, յաղթանակներու ամիս է՝ Սարդարապատի, Հայրենական պատերազմի, Շուշիի ազատագրութեան..., որոնք կոփեցին մեր հաւաքական կամքը, նոր որակ տուին ազգային մեր ինքնագիտակցութեան եւ ուղենիշ կը մնան ապագայ յաղթանակներու...։
Բոլոր մեր յաղթանակներուն մէջ, սակայն, Սարդարապատը՝ Մեծ Եղեռնէն միայն երեք տարի ետք, վերահաստատեց մեր ապրելու իրաւունքը՝ պատմական Հայաստանի մէկ տասներորդ տարածքին վրայ, հիմը դրաւ մեր նոր պետականութեան, դարձաւ երաշխիքը մեր յարատեւման գոյերթին։
Արդարեւ, թրքական բանակը՝ 1918-ի Մայիսի կէսերուն, կոտորելէ ետք մեր ժողովուրդի արեւմտեան հատուածը, հայաթափելէ ետք ամբողջ Արեւմտահայաստանը, անսանձ ու անպատիժ կը սպառնար միւս կէսին վրայ եւ կը յառաջանար դէպի Երեւան ու Ս. Էջմիածին, դէպի «սիրտը մեր երկրին, մեր հաւատքին, մեր կենսագրութեան», դէպի վերջին մնացորդ բուռ մը հողը, որպէսզի զայն եւս բզքտէր եւ յետոյ ըսէր՝ կար հայ ազգ, ա՛լ ան չկայ, եւ մենք ենք անոր տան ու հողի տէրը։
Երիտթուրքերու վատահամբաւ առաջնորդներէն Պէհաետտին Շաքիր այսպէս կը բացատրէր իր կառավարութեան քաղաքական ծրագիրը՝ հայկական պատուիրակութեան պետ, Աղեքսանդր Խատիսեանին. «Հայերդ կանգնած էք մեր համիսլամական ու համաթրքական սրբազան բաղձանքներու իրականացման ճամբուն վրայ, եւ մենք, ուզենք թէ չուզենք, կը բախինք ձեզի հետ։ Այդ բախումը վեր է եւ դուրս՝ մեր անձնական զգացումներէն ու տրամադրութիւններէն։ Մենք տարերայնօրէն հարկադրուած ենք ոչնչացնել այն ամէնը որ արգելք կը հանդիսանայ մեր ազգային այդ սրբազան բաղձանքներու իրականացման»։ Սա էապէս համաթուրանական կամ Մեծ Թուրանի ձեւաւորման ձգտող երազն էր...։
Ճակատագրական այդ պահուն, սակայն, հինաւուրց մեր ժողովուրդը դարերու խորքէն եկող ոյժ գտաւ իր մէջ, զարթնեցան իր մէջ՝ իր հերոսական նախնիներէն ժառանգած հազարամեայ արիւնն ու ոգին, Աւարայրի ոգին, եւ թէեւ ուժասպառ ու արիւնաքամ, գերագոյն լարումով ոտքի ելաւ ան ազգովին՝ երիտասարդ թէ ծեր, հոգեւոր թէ աշխարհական, շինական թէ մտաւորական, իր բոլոր խաւերով ու հոսանքներով, դարձաւ հզօր բռունցք եւ ետ մղեց անարգ թշնամին՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթական հերոսամարտերուն մէջ։ Փրկուեցաւ Արարատեան երկրի այն մի բուռ հողը՝ որպէս մեր ազգի աւանդական ու սուրբ հայրենիքի անկորնչելի կորիզը։ Ծնունդ առաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը՝ Մայիս 28, 1918-ին եւ բարձրացանք պետական ազգի մակարդակին։
Որքան դիպուկ կը հնչեն Երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի խօսքերը. «Մի ազգ չի ապրում իր նիւթական բարիքներով, չի ապրում միայն իր մտքի եւ զգացումի արտայայտութիւններով, ինչպէս են արուեստներն ու գրականութիւնը, չի ապրում միայն հանճարեղ անհատների գործերով, այլ ապրում է պատուի ու զոհաբերութեան զգացումներով, իր «Մենք»-ի գիտակցութեամբ ու զոհաբերութեան ոգով, իր ազատ եւ հպարտ ապրելու կամքով, մի խօսքով իր բարոյական նկարագրով»։
Սարդարապատի աստեղային պահուն, այս «ՄԵՆՔ»ի գիտակցութիւնը, յանձնառութիւնն ու վճռակամութիւնը գտան իրենց գերագոյն եւ վսեմագոյն արտայայտութիւնը։
Յետագային, Սարդարապատի օրինակով, կը հրաշակերտուէր Արցախեան փառապանծ յաղթանակը՝ առիւծասիրտ ազատամարտիկներու սուրբ արիւնով, արձանագրելով մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջը...
Այսօր, Սարդարապատը կը յուշէ որ նոյնպիսի ՄԵՆՔ-ի բարձր գիտակցութեամբ, համահայկական ոգիով, մտածողութեամբ եւ գործելակերպի ճիշդ ռազմավարութեամբ՝ կրնանք յաղթահարել ամէն վտանգ ու խոչընդոտ, որոնց մէջ թուրք-ազերի համաթուրանական սպառնալիքը՝ իր հայատեաց ու հայաջինջ քաղաքականութեամբ կը մնայ ի զօրու եւ այժմէական բոլոր ժամանակներուն ալ...։
Այս սպառնալիքին հետ միասին, ներկայիս համաշխարհայնացման եւ համահարթեցման հուժկու եւ ահեղ յորձանքը կը միտի ջնջել ազգային ինքնութիւն ու մշակոյթ, լեզու եւ պատմութիւն, ազգային հոգեւոր արժէքներ ու ազգային գաղափար...եւ անոնց տեղ՝ ուղղակի թէ անուղղակի, լաւապէս սերտուած միջոցներով՝ պարտադրել այլալեզու, ազգային մեր էութեան խորթ քաղաքակրթութիւն, վարք ու բարք, մտածելու եղանակ եւ կացութաձեւ։
Արդարեւ, համաշխարհայնացման ոյժերը քիչ մը ամէն տեղ են եւ աւերներ կը գործեն հայ կեանքին մէջ...Անոնք են որ կ՚ըսեն թէ «Հայերէնը կարեւոր չէ հայ զգալու համար» եւ կը փակեն հայկական վարժարանները...Անոնք են որ կը ստորադասեն հայերէնը, հայոց պատմութիւնը, հայ հոգեւոր-մշակութային արժէքները եւ կը փառաբանեն կեղծ ու սին չարժէքները... Անոնք են որ իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարաններու կրթութեան... Անոնք են որ կը քայքայեն հայ ընտանիքը, կը քաջալերեն օտար ամուսնութիւնները... Անոնք են որ հայուն հաւատքն ու կրօնքը կ՚եղծանեն օտարամուտ եւ ազգակործան աղանդներով...Անոնք են որ իրենց հայ հոգին կը ծախեն դրամի, դիրքի ու պաշտօնի համար...Անոնք են որ խուլ կը մնան մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու եւ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի աղաղակին... խուլ կը մնան Սարդարապատեան զանգերու ղօղանջին...
Սարդարապատը կը յուշէ որ պարտինք ճիշդ ճանչնալ ու ձեւակերպել ՄԵՆՔ-ի՝ համազգային մեր գերագոյն շահերը, մշակել անոնց կենսագործման ի խնդիր պայքարելու միասնական կամք եւ միասնական, հաւաքական ոյժ, զանոնք ամրապնդելով ազգային ճիշդ դաստիարակութեամբ, իրերայաջորդ սերունդները թրծելով ազգային-քաղաքական գիտակցութեամբ եւ միասնական պայքարի աննկուն կամքով։
Սարդարապատը գերագոյն մարմնաւորումն է Չարենցեան անմեռ պատգամին՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը միայն քո հաւաքական ոյժի մէջ է»։ Ա՛լ դադրելու ենք մեր փրկութիւնը յուսալէ այս կամ այն արտաքին ոյժէն՝ ապաւինողական ստրկամիտ մտայնութեամբ։ Մեր հաւաքական, համընդհանուր կամքին մէջ փնտռելու ենք մեր միասնական ոյժը, ազգային մեր երազներուն եւ նպատակներուն հասնելու յոյսն ու հաւատքը, մեր փրկութեան ուղին։
Սարդարապատեան «ՄԵՆՔ»-ի, հաւաքական կամքի, ոգիի եւ ներուժի աշտարակումով՝ մենք պիտի կարենանք դիմագրաւել մեր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, կերտել հզօր հայրենիք եւ յառաջադէմ հայութիւն, հասնիլ մեր Մեծ Երազին՝ Ազգահաւաքի եւ Հողահաւաքի։
Պիտի լսե՞նք Սարդարապատեան զանգերու մշտահունչ ղօղանջը՝ ազգային արթնութեան եւ միասնութեան։